«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովները իրենց իսկ նախորոշած ժամկէտին ընթացքին կանոնակարգի նախագիծը չհամապատասխանեցուցին: Թէ ինչո՛ւ, ի՛նչ հարցեր յառաջացան՝ ո՛չ Երեւանէն, ո՛չ Պաքուէն մանրամասնութիւններ չեն տար:
Երկու երկիրներու սահմանազատման յանձնաժողովները նոյն բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւններու մէջ համառօտ կերպով կը փոխանցեն, որ փաստաթուղթի մը համաձայնեցման աշխատանքները կը շարունակուին, իսկ բանակցութիւնները, ըստ կողմերուն, կառուցողական են:
«Յուլիսի 1ի դրութեամբ յանձնաժողովներն աշխատանքային կարգով միմեանց են փոխանցել կանոնակարգի նախագծերը եւ անցկացրել են մի շարք քննարկումներ։ Բանակցութիւնները շարունակւում են կառուցողական հունով: Նախատեսւում է առաջիկայում աւարտել համաձայնեցման գործընթացը», կ՛ըսուի Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Մինչդեռ, 19 Ապրիլին, Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորած յանձնաժողովները պայմանաւորուած էին կանոնակարգի նախագիծը համապատասխանեցնել մինչեւ 1 Յունիս եւ անկէ ետք անցնիլ անոր ներպետական հաստատման՝ ըստ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի օրէնսդրութիւններուն:
Ըստ «Ազատութեան»՝ այդ փաստաթուղթին մէջ պէտք է ամրագրուին սահմանազատման սկզբունքները, մասնաւորաբար` յղումը Ալմա Աթայի հռչակագիրին: Ատրպէյճանի պահանջած չորս գիւղերը վերադարձնելէ ետք հայաստանցի պաշտօնատարները կը պնդեն, որ Պաքու համաձայնած է սահմանագծման գործընթացին մէջ առաջնորդուիլ 1991ին ընդունուած այդ փաստաթուղթով: Ինչո՞ւ կարելի չեղաւ ըստ սահմանուած ժամանակացոյցին կանոնակարգը համապատասխանեցնել հարցումին հրաժարեցան պատասխանել թէ՛ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան:
Կանոնակարգի հաստատումէն կախեալ է նաեւ սահմանազատման հետագայ ընթացքը: Ըստ նոյն` Ապրիլ 19ի պայմանաւորուածութեան սահմանազատուող միւս հատուածներու հերթականութիւնը, որոնց կարգին միջանցքները, պէտք է համաձայնեցուէին միայն այդ փաստաթուղթին հաստատումէն ետք:
Ըստ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանի՝ Պաքու կը խոչընդոտէ կանոնակարգի համաձայնեցումը. ասիկա Ատրպէյճանի գործելաոճն է՝ ուզածը առնելէ ետք խախտել պայմանաւորուածութիւնը:
«Քանի Ադրբեջանը կարողանում է առանց որեւէ ընթացակարգի տարածք պոկել եւ յետոյ դա թղթով համաձայնեցնել, հաստատել, ինքը չի մտնի լրացուցիչ ինչ-որ գլխացաւանքի տակ: Բայց ձախողումը ձախողման է հետեւում, եւ դա կը շարունակուի, քանի այս իշխանութիւնները լուռ ու մունջ, գլուխը կախ կատարում են Ադրբեջանի պահանջները, փոխարէնը`ամբողջ իրենց զայրոյթն ու ցասումը ոստիկանների միջոցով պարպում են ժողովրդի վրայ», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ ան։
Հայաստան եւ Ատրպէյճան առանց կանոնակարգի հաստատման Տաւուշի մէջ կատարեցին հատուածական սահմանազատում եւ անոր իբրեւ արդիւնք Պաքու ստացաւ իր պահանջած չորս գիւղերը, իսկ Երեւան, ինչպէս հայաստանցի պաշտօնատարները ձեւակերպեցին` «պետական սահման»:
Խաչատրեան յիշեցուց փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի` Փետրուարին կատարած յայտարարութիւնը, ըստ որուն, սահմանազատման պիտի սկսին միայն կանոնակարգի հաստատումէն ետք: Իսկ ինչ որ հետագային տեղի ունեցաւ, ըստ Խաչատրեանի, Ատրպէյճանի պահանջն էր, որուն Հայաստանի իշխանութիւնը չընդդիմացաւ: Այժմ, ըստ անոր, օրակարգ թելադրողը Պաքուն է:
«Ադրբեջանը ձեռը խփեց սեղանին, ասեց` «չէ, ոչ մի ընթացակարգ, ոչ մի բան, հէնց հիմա փասափուսաներդ հաւաքում էք եւ դուրս էք գալիս ինչ-որ մի տարածքից», որը Ադրբեջանը համարում է իրենը , ինչի հիման վրայ` որեւէ մէկս չի իմանում: Հիմա նոյնն է եղել` իրենք ասեցին, որ Յուլիսի 1ին կը հաստատեն ընթացակարգերը, վստահաբար Ադրբեջանը չի համաձայնուել, եւ որեւէ արդիւնք չունեն: Դա նշանակում է, որ Ադրբեջանը էլի մատը կարող է դնի սահմանի ցանկացած կէտի վրայ, ասի՝«սա մերն է», եւ այս իշխանութիւնները էլի չակերտաւոր խաղաղութեան համար, որպէսզի կռիւ չլինի, վախացնելով, շանտաժի (սպառնալիքի) ենթարկելով սեփական ժողովրդին`էլի կը կտրեն կը տան Ալիեւին», ըսաւ Խաչատրեան:
«Ազատութիւն»ը կ՛եզրափակէ՝ յայտնելով, որ Հայաստան-Ատրպէյճան առաւել քան 900 քիլոմեթր երկայնքով սահմանէն այս պահուն շուրջ 12 քիլոմեթրը սահմանագծուած է: Հայաստանի կառավարութիւնը յոյս ունի, որ սահմանազատումը պիտի շարունակուի, եւ Ատրպէյճանի զօրքերը դուրս պիտի գան հայկական բռնագրաւուած տարածքներէն: Պաքու, մինչդեռ, չ՛ընդունիր, որ իր զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ են: