ՀՅԴ Հայաստանի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 2 Յուլիսին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեան եւ բարեկամական խումբի անդամ Գեղամ Մանուկեան հանդիպում ունեցան Հայաստանի մօտ Սուրիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանի հետ:
Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Սաղաթէլեանին՝ Հայաստան-Սուրիա բարեկամական խումբի աշխատանքներու կազմակերպման մէջ ունեցած ներդրումին եւ գործադրած ջանքերուն համար:
անդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձան Սուրիոյ եւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակներուն, Սուրիոյ մէջ հայ համայնքին դիմագրաւած տնտեսական եւ ժողովրդագրական եւ շարք մը այլ հարցերու:
Իր կատարած աշխատանքին համար շնորհակալութիւն յայտնելով դեսպանին՝ Սաղաթէլեան լուսարձակի տակ առաւ երկու երկիրներուն՝ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական արդի զարգացումներու պարունակին մէջ Հայաստանի եւ Սուրիոյ ունեցած շահերը եւ, ի դէմս Թուրքիոյ, արտաքին վտանգներու գոյութիւնը:
Զրոյցին ընթացքին անոնք յայտնեցին, որ 15 Յուլիսին տեղի ունենալիք Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կարճ ժամանակի մը մէջ կը կազմուի Հայաստանի Ազգային ժողովին հետ բարեկամական խումբը եւ կը վերսկսի միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը:
Ամփոփելով հանդիպումը՝ կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել փոխգործակցութիւնը: