Ֆրանսիս պապը կոչ ուղղեց՝ արտօնելու աշխարհի բոլոր ռազմագերիներուն եւ բանտարկեալներուն տուն վերադառնալը:
«Վեթիքըն Նիուզ»ը կը նշէ, որ պապը աղօթեց, որ «բոլոր ռազմագերիները շուտով տուն վերադառնան»:
Նոյն աղբիւրը յայտնեց, որ պապը աղօթեց, երբ երկու յոյն կաթողիկէ քահանաներ ազատ արձակուեցան ռուսական գերութենէն` Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ գերիներու փոխանակման գործարքի մը ծիրին մէջ:
Ֆրանսիս պապը հաւատացեալներուն կոչ ուղղեց՝ աղօթելու, որ բոլոր գերիները վերադառնան տուն:
Ան նոյն ատեն անդրադարձաւ «պատերազմի պատճառով եղբայրներու եւ քոյրերու» տառապանքին: