Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հերիս կը նկատուի նախագահ Ճօ Պայտընը փոխարինելու ամէնէն հաւանական թեկնածուն, եթէ վերջինս դուրս գայ 2024ի նախագահական ընտրապայքարէն: Այս կարծիքը յայտնեց ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթը, որ նկատել կու տայ, թէ թէեւ Հերիսի վարկանիշը նոյնքան ցած է, որքան նախագահինը, սակայն ան կը շարունակէ սիրուած մնալ յատկապէս սեւամորթ ընտրողներու եւ կիներու շրջանակին մէջ:
Հերիս նաեւ դեմոկրատ միւս հաւանական թեկնածուներէն զգալի առաւելութիւն ունի. իբրեւ Պայտընի փոխնախագահի թեկնածու, ան պիտի կարենայ օգտագործել Պայտընի վերընտրութեան նպատակով դրամահաւաքով կուտակուած միջոցները` իր քարոզարշաւին համար, եթէ գործող նախագահը որոշէ չվերընտրուիլ:
Ըստ օրաթերթին՝ Հերիս վերջերս սկսած է նաեւ Պայտընի վարչակազմին մէջ իր դիրքերը ամրապնդել, ներառեալ՝ ազգային ապահովութեան հարցերու մէջ: Ան Սպիտակ տան պաշտօնատարներուն կոչ ուղղեց՝ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելու Կազայի հատուածի մարդասիրական հարցերուն եւ կեդրոնանալու Կազայի մէջ յետ-հակամարտութեան կարգաւորման ծրագիրի մը մշակման վրայ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 5 Նոյեմբերին: