
Շաբաթ, 6 Յուլիսին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու հայրենիքի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան եւ ընդհանրապէս հայ կեանքը յուզող հարցերուն եւ տարածաշրջանին դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն։