Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ բարեկարգչական թեկնածու Մեսուտ Փեզեշքեանի՝ Իրանի նախագահ ընտրութենէն ետք, Թեհրանի քաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չի նախատեսեր՝ պնդելով, որ այդ զարգացումը երկխօսութեան շարունակման կարելիութիւնները չ՛ամրապնդեր:
«Չենք նախատեսեր, որ այս ընտրութիւնը Իրանի ուղղութեան եւ քաղաքականութեան մէջ որեւէ խորքային փոփոխութեան յանգեցնէ», լրագրողներու ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր: