

10 Յուլիսէն սկսեալ, Կիրանց գիւղէն անցնող միջպետական ճամբան պիտի չգործէ։
Հերթապահութիւն կատարող պարեկները բոլոր անցնող ինքնաշարժներուն ցոյց կու տան Աճարկուտ գիւղով անցնող այլընտրանքային ճամբան, որ արդէն կուպրապատուած է, եւ զուգահեռաբար տակաւին շինարարական աշխատանքներ կ՛ընթանան:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ դպրոցին յարակից հատուածին մէջ, ուր սահմանային երեք մեթրնոց պատ մը կը կառուցուի, ճամբան փորուած է: Ենթադրաբար, այդ հատուածին մէջ պատը պիտի շարունակուի մինչեւ փշալարեր: Հակառակ անոր որ Հայաստան-Ատրպէյճան պայմանաւորուածութեան համաձայն, կամուրջը եւ շուրջ մէկ քիլոմեթր երկարութեամբ ուղին այս ամսուան աւարտին պիտի անցնին Ատրպէյճանին, բայց փաստօրէն 10 Յուլիսին արդէն հայկական կողմը զայն չի շահագործեր։
«Ազատութեան» չթոյլատրեցին նկարահանումներ կատարել կառուցուող պատի յարակից տարածքին մէջ, նաեւ` ճամբու այդ փորուած հատուածին մէջ: Թերթը կը տեղեկացնէ, որ նոյնիսկ կարելի չեղաւ կառուցուող պատին մօտենալ:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ այս նոյն հատուածով մանուկներ Սեպտեմբերին հաւանաբար պիտի սկսին յաճախել նորակառոյց դպրոցը, եթէ անիկա շահագործման յանձնուի, եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ այդ պարագային «Ազատութեան» թոյլ չեն տար գտնուիլ այդ նոյն տարածքին մէջ, Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն աշխատակից մը պատասխանեց`որ հրահանգ ունի թոյլ չտալ. պարեկները իրենց կարգին ըսին, թէ փակ ճամբայէն նոյնիսկ հետիոտն անցնիլը վտանգաւոր է: «Ձեր անվտանգութեան նկատառումներից ելնելով` չէք կարող», ըսաւ պարեկներէն մէկը:
10 Յուլիսի առաւօտեան, ճամբաներու բաժանմունքէն յայտարարեցին, թէ Կիրանց գիւղէն անցնող միջպետական ճանապարհը ժամանակաւորապէս փակ է, բայց, ըստ էութեան, անիկա այլեւս պիտի չբացուի:

Բաժանմունք յորդորած էր վարորդները` նշեալ հատուածը շրջանցել Աճակուտէն անցնող մայրուղիէն։
Աճարկուտէն մինչեւ մայրուղի ճամբան 2.5 քիլոմեթր է, բայց Իջեւանի կողմէ Կիրանց գացողներուն համար, ճամբան շուրջ 4 քիլոմեթր կ՛երկարի, որովհետեւ անիկա կը շրջանցէ եւ ճանապարհի վերջնամասէն միայն կը վերադառնայ գիւղ:
Այս ճամբան, որ հողէ, դժուար անցանելի էր, Հայաստան-Ատրպէյճան Ապրիլի պայմանաւորուածութենէն ետք սկսան վերանորոգել: Ասոր զուգահեռ կը կառուցուի նոր մայրուղի մը, որ աւարտին հասցնելու համար տակաւին երկար ժամանակ կը պահանջուի:
Երեկոյեան արդէն առաւել քան կէս մեթր բարձրութեան պատ կար Կիրանցի արդէն փակուած ճանապարհի լայնքով: Երեք մեթր բարձրութեամբ այս աղիւսէ պարիսպը կը փակէ ելքը դէպի Ատրպէյճանին անցնող տարածքները եւ Ատրպէյճանէն կ՛առանձնացնէ նորակառոյց դպրոցը:
Կիրանցի բնակիչները կը յայտնեն, որ այս անակնկալ չէր. իրենք տակաւին ամիսներ առաջ գիտէին, որ օր մը իրենց մնայուն ճամբան անհասանելի պիտի դառնայ իրենց համար, այդ օրը եկաւ: Իսկ այս բոլորը իրենց համար ապահովութեան երաշխիք կը դառնա՞յ, թէ ոչ՝ յստակ չէ:
Ասոր զուգահեռ, նոյն օրը կէսօրին «Թիմ Տելեկոմ Արմէնիա»ի բջիջային կապը Հայաստանի մէջ սահմանափակումներով գործեց: Աւելի ուշ ընկերութիւնը յայտարարութիւն մը տարածելով՝ յայտնեց, որ Կիրանցի մէջ հաղորդակցութեան լարերը վնասուած են շրջանցիկ ճամբու կառուցման, եւ Լոռիի մէջ` ճանապարհի շինութեան աշխատանքներուն ընթացքին: Երեկոյեան կապը վերականգնեցաւ: