«ԱԶԴԱԿ».- Ընկ. Մկրտիչ, վերջերս մամուլով հրապարակուած «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան հաղորդագրութիւնը բաւական բացատրական էր։ Այնտեղ նշուած կէտերէն զատ, կա՞ն արդեօք բաժիններ, որոնց կ՚ուզէք անդրադառնալ։
ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ.- Ինչո՞ւ, հաղորդագրութեան մէջ նշուածները բաւարար չե՞ն։ Բայց ճիշդ է, որ հոն «Համազգային»ի ընթացիկ գործունէութիւնը բոլորովին բացակայ է։ Այդտեղ կը պակսին մեր վարժարաններուն իրագործումները, երբ մեզի համար կրթական մարզը հիմնական մարզ է։ Կը պակսի աշխարհասփիւռ մեր շրջաններու, մասնաճիւղերու եւ միաւորներու գործունէութիւնը, որ բեղուն է ու գնահատելի։ Կը պակսին մեր տպարանի ու հրատարակչականի ծաւալող գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ։ Կը պակսի «Բագին»ը։ Կը պակսի Հայաստանի մեր գրասենեակի գործունէութիւնը։ Մեր հաղորդագրութիւնը փաստօրէն կը պարունակէ պարզապէս մեր միութեան նոր նուաճումներու ու անմիջական ապագայի ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններ։
«Ա.».- Քանի այդպէս է, ուրեմն առիթ է խօսելու Կեդրոնական վարչութեան կապուած կառոյցներուն եւ անոնց գործունէութեան մասին ընդհանուր կերպով։ Անմիջական ի՞նչ ծրագիրներ կան անոնց ուղղութեամբ, յատկապէս վարժարաններուն՝ Լիբանան, Մարսէյ, Աւստրալիա։
Մ. Մ.- Մեր կառոյցները մեծաթիւ չեն, բայց գործո՛ղ կառոյցներ են։ Ունինք Լիբանանի «Մ. եւ Հ. Արսլանեան» ճեմարանը, Մարսէյի ճեմարանը, Սիտնիի «Ա. եւ Ս. Գոլստըն» ճեմարանը. այսքան՝ ինչ կը վերաբերի կրթական հիմնական հաստատութիւններուն։ Այստեղ նշենք, որ «Համազգային»ի բազմաթիւ մասնաճիւղեր միօրեայ վարժարաններ կը պահեն։ Լիբանանի մէջ Կեդրոնական վարչութիւնը կը պահէ «Վահէ Սէթեան» տպարանը եւ անոր հրատարակչականը, կը հրատարակէ «Բագին» գրական-գեղարուեստական եռամսեակը։ Մեր գրասենեակներէն իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ գործունէութեան դաշտեր. Լիբանանինը՝ հիմնականօրէն կազմակերպական. Հայաստանինը կը ծառայէ առաւելաբար Հայաստան-Սփիւռք կրթական ու մշակութային յարաբերութիւններու սերտացման եւ Հայաստանի մէջ «Համազգային»ի ձեռնարկներու կազմակերպման։ Այս բոլոր հաստատութիւնները վերանորոգման մէջ են այս կամ այն ձեւով։ Հայաստանի գրասենեակը հիմնական վերանորոգման ենթարկուեցաւ։ Լիբանանի դպրոցին մէջ արդէն իսկ ընթացքի մէջ է բազմապաշտօն սրահի մը շինութիւնը։ Մարսէյը իր հոյակապ դպրոցական համալիրը կառուցելէ ետք կը պատրաստուի դպրոցին կից կառուցել մարզադաշտ մը։ Սիտնիի դպրոցը իր ապագան աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու լուրջ ճիգերու մէջ է։ Այս վարժարաններու ակադեմական յաջողութիւններու մասին հասարակութիւնը կը տեղեկանայ մամուլով. կան նաեւ անոնց կայքէջերը այցելողներ։ Տպարան-հրատարակչականը իր տպագրական մեքենաները նորոգելէ ետք կը պատրաստուի կառուցելու գեղարուեստական մնայուն ցուցասրահ մը։ «Բագին»ը նորոգած է իր արտաքին տեսքն ու ներքին բովանդակութիւնը։ Արեւմտեան Պէյրութի մէջ «Ն. Փալանճեան»ի կալուածին վրայ նպատակային փոփոխութիւններ կը կատարուին։ Այս կառոյցներու գործունէութեան գնահատականի արձանագրութիւնը կը թողունք հասարակութեան։ Ինքնագովական արտայայտութիւններու ծուղակին մէջ չենք ուզեր իյնալ. ատիկա գործելու մեր ոճը չէ։ Միայն կ՚ուզեմ աւելցնել, որ «Համազգային»ի շրջանները ունին նոյնպէս իրենց կառոյցները, որոնք կը գործեն նոյն սկզբունքներու հիման վրայ։
«Ա.».- Պէտք է առանձնաբար անդրադառնալ արեւմտահայերէնի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։ Ինչպէս նկատելի է, բացի լեզուի պահպանման եւ զարգացման հիմնական առաջադրանքէն, այստեղ կայ գաղափարախօսական բաժին. ազգի զանազան հատուածներու վերամիաւորման նպատակին նպաստող ազդակ։ Հիմնաւորեցէք խնդրեմ։
Մ. Մ.- Երեւանի պետական համալսարանի կողմէ արեւմտահայերէնի ուսուցման առնչութեամբ ծրագրի ծաւալումը պէտք է նկատել ազգային-մշակութային-կրթական մարզին համար դէպի առջեւ նետուած կարեւոր քայլ մը, զոր պէտք է քաջալերել՝ ըմբռնելով անոր խորունկ իմաստը։ Ցեղասպանութենէն ետք արեւմտահայերէնի ուսուցումը տեղի ունեցաւ գաղութային աննպաստ պայմաններու մէջ։ Համապատասխան անձնակազմի պատրաստութեան համար կատարուեցան գերմարդկային ճիգեր, որոնք արդիւնաւորուեցան առաւել կամ նուազ չափով։ Ատենէ մը ի վեր ԵՊՀի նախագահութեան հետ քննարկումներ կատարելէ ետք հասանք այն եզրակացութեան, որ համալսարանին մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման եւ ուսումնասիրութեան բաժանմունքի մը հաստատման կարիքը առկայ է. բաժանմունքը պիտի սկսի գործել յաջորդ վերամուտին, ինչպէս յայտարարուեցաւ արդէն համալսարանի նախագահութեան կողմէ։ Հայութեան ներկայ պայմաններուն մէջ ԵՊՀի նոր ձեռնարկը առաջին հերթին ունի գործնական նշանակութիւն։ Ան առիթը կը ստեղծէ ուսանող ենթակային համար հայերէնը եւ առ հասարակ հայագիտութիւնը ընկալել ու ըմբոշխնել հայրենի միջավայրի մէջ, ուր հայոց պատմութիւնը, հայոց մշակոյթը միայն դասարանային աշխատանքի առարկաներ չեն, այլ առկայ են ամէն քայլափոխին. ասիկա կարեւոր է բոլոր անոնց համար, որոնք ծրագրած են դառնալ ուսուցիչ, հրապարակագիր, ազգային կառոյցներու մէջ պաշտօնեայ, եւ այլն։ Ասկէ զատ, սակայն, այս նախաձեռնութեան մէջ մենք կը տեսնենք ազգային տեսակէտէ առողջ գործելակերպի մը սկիզբը։ Ամփոփ կերպով բացատրեմ մտածումս։
Պատմութեան ընթացքին քաղաքական ու ապահովական վերիվայրումներու բերումով հայութիւնը աշխարհագրականօրէն սփռուեցաւ աշխարհի չորս անկիւնները։ Երեւանի մէջ արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութիւնն ու ուսուցումը վստահաբար գէթ փոքր չափով պիտի նպաստէ հայութեան հոգեմտաւոր վերամիաւորման՝ ժամանակի ընթացքին։ Ասիկա կարեւոր գործընթաց մըն է՝ ցուցափեղկերէ ու պաստառներէ անդին, առօրեայ ուսանողական ու մտաւորական աշխատանքային մակարդակի վրայ համբերութեամբ կերտելու համար այն, ինչ որ երկար ժամանակի պէտք ունի շօշափելի իրականութիւն դառնալու համար. իսկ երբ արդէն իրականութիւն դարձած կ՚ըլլայ, մարդիկ նոյնիսկ մոռցա՛ծ կ՚ըլլան առաջին խիզախ քայլը, որովհետեւ երեւոյթը ինքզինք հաստատած եւ ինքնին հասկնալի դարձած կ՚ըլլայ։ Երեւանի համալսարանի նախաձեռնութիւնը այդպիսի առաջին քայլերէն կը նկատենք։ Վարչական-ուսումնական ընթացիկ որոշում մը, որ սակայն ապագայ կ՚ամրացնէ։ Արտերկրի մէջ արեւմտահայերէնի ուսուցման կղզին շրջապատուած է օտարացնող բազմապիսի ազդակներով. հայրենիքի հարազատ միջավայրին մէջ լեզուի ուսուցումէն անդին տեղի կ՚ունենայ նաեւ հայերէնի լեզուական տարբերակներու միջեւ բնական օսմոսային գործընթաց, որ զանոնք հարստացնելով մէկտեղ՝ կը նպաստէ նաեւ անոնց յաւելեալ մերձեցման. ակնկալելի է նաեւ, որ ժամանակի ընթացքին զարգանայ հասարակաց լեզուամտածողութիւն։
«Ա.».- Իսկ Եզրաբանական խորհուրդին մէջ արեւմտահայերէնի սփիւռքահայ մասնագէտներ հրաւիրելու հարցին մասի՞ն։
Մ. Մ.- Նոյն մտահոգութիւններով եւ նոյն ուղղութեամբ առնուած քայլ է։ Արեւմտահայերէնը առանձին Եզրաբանական խորհուրդ չունի։ Սփիւռքի մէջ բառակերտումը անհատական նախաձեռնութեան խնդիր է։ Եզրաբանական պաշտօնական խորհուրդին մէջ երկու տարբերակներու գիտուն ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը կը ստեղծէ հասարակաց բառապաշար։ Ի դէպ, հայերէնի մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ բառեր, որոնք տարբեր իմաստներ ունին երկու տարբերակներուն մէջ՝ պատմական տարբեր հոլովոյթներու պատճառով։ Պէտք է խոստովանիլ, որ այսպիսի կացութիւն ընդունելիի սահմաններէն անդին կ՚անցնի. նոյն լեզուն խօսելով, նոյն բառերը գործածելով՝ տարբեր բաներ հասկնալ։ Չ՚ըլլար։ Այս հարցերու լուծման տեղը Եզրաբանական խորհուրդն է։
«Ա.».- Իսկ ուղղագրութի՞ւնը։
Մ.Մ.- Ատիկա երեւութապէս դիւրին՝ սակայն խորքին մէջ շատ աւելի բարդ հարց է իր գործնական, գիտական, քաղաքական ու հոգեբանական երեսներով։ Բոլոր հարցերը մէկ հարուածով լուծել կարելի չէ։ Ատոր ալ ժամանակը կու գայ։
«Ա.».- Հայաստանի գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան հետ գործակցութեան դաշտը ինչպէ՞ս կը բնորոշուի։ Ի՞նչ հեռանկարներու ուղղութեամբ կը զարգանան աշխատանքները։
Մ. Մ.- Իրապաշտ համեստութիւնը հրապարակաւ արտայայտելը անշուշտ այստեղ տեղին է. մէկ կողմէն կը խօսուի պետական կառոյցներու մասին, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին մեծաթիւ պաշտօնէութիւն, պետական հեղինակութիւն, հետզհետէ ուռճացող նիւթական կարելիութիւններ, միջազգային զարգացման գործակալութիւններու կողմէ կատարուող ներդրումներ, իսկ միւս կողմէն՝ մօտ ութսուն տարի Սփիւռքի աննպաստ պայմաններուն մէջ մաքառող եւ նիւթական համեստ կարելիութիւններ ունեցող կազմակերպութեան մը մասին։ Հետեւաբար գործակցութիւնը առաւելաբար գաղափարներու մակարդակին վրայ պէտք է տեսնել։ Ազգային իմաստով վարագոյրներ բացող, նոր կարելիութիւններ ստեղծող, նիւթական չնչին ներդրում պահանջող պարզ, սակայն միաժամանակ բոլորը հոգեպէս հարստացնող գաղափարներու իրագործման մակարդակին վրայ։ Կը կարծենք, օրինակ, որ երկու տարի առաջ ԵՊՀի եւ «Համազգային»ի գործակցութեամբ կազմակերպուած Նիկոլ Աղբալեանի գործը քննութեան առարկայ դարձնող գիտաժողովը այդ ուղղութեամբ ընթացող ձեռնարկ էր։ Նիկոլ Աղբալեանի կիսանդրիին զետեղումը ԵՊՀի գլխաւոր շէնքի մուտքին՝ նոյնպէս։ Ասոնք փոքր ծաւալի գործողութիւններ են, որոնք սակայն մեզ բոլորս հեռուները կը տանին՝ դէպի հոգեմտաւոր հասարակաց ապագայի կերտում։ Վերը յիշուած արեւմտահայերէնի բաժանմունքն ու Եզրաբանական խորհուրդի խառն բաղադրութիւնը, թէկուզ՝ հրաւիրեալի հանգամանքով սփիւռքահայերու պարագային, արդէն աւելի խորիմաստ գործեր են։
«Ա.».- Համասփիւռքեան մակարդակի վրայ նշում կայ լիբանանահայ գաղութին մասին. ընդգծուած է անոր համահայկական կարեւորութիւնը։ Մեզի համար կարեւոր է աւելի մանրամասն իմանալ, որ «Համազգային»ը ի՛նչ քաղաքականութիւն կը կիրարկէ մեր շրջանին նկատմամբ միշտ ու միշտ նկատի ունենալով անոր համասփիւռքեան եւ համահայկական կարեւորութիւնը։
Մ. Մ.- Նոր բան չենք ըսեր։ «Համազգային»ը ի՛նք Եգիպտոսի ծնունդ է, սակայն անոր գործունէութիւնը սկսաւ Լիբանանի մէջ, ուր կազմաւորուեցան իր բոլոր հիմնական կառոյցները՝ դպրոց, տպարան, հրատարակչական, մշակութային միաւորներ։ Ժամանակի ընթացքին Լիբանանի գաղութը դարձաւ սփիւռքահայութեան ամէնէն կարեւոր կեդրոններէն մէկը, եթէ ոչ՝ ամէնէն կարեւորը։ Պաղպատերազմեան ձիւնհալի օրերուն որոշ չափով վերածուեցաւ նաեւ համահայկական կեդրոնի։ Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ, այդ մասին շատ խօսուած է այլուր, բայց այստեղ երկար ու մանրամասն խօսիլը, կարծեմ, մեր խօսակցութեան ծիրէն դուրս է։ Քաղաքացիական պատերազմ, արտագաղթ, տնտեսական տագնապ, քաղաքական անկայունութիւն տեսած գաղութը, բնական է, կը գտնուի բազմատեսակ դժուարութիւններու առջեւ։
Միւս կողմէ, սակայն, ոչինչ փոխուած է իր տեսական արժէքին մէջ, վայրը, ուր կարելի է անկաշկանդ ազգային ինքնութիւն պահպանել. հայրենիքէն դուրս հազուագիւտ տեղերէն մէկը, որ կ՚ընծայէ այդպիսի կարելիութիւն։ Կարեւոր է այսպիսի վայրերու գոյութիւնը՝ համահայկական տեսակէտէ։ Հայ ժողովուրդը փոքր ժողովուրդ է, իր հայրենիքն ալ փոքր՝ իրեն պէս։ Այդպիսի ժողովուրդներ ու պետութիւններ կը զօրանան արտաքին, սակայն հարազատ կռուաններու գոյութեամբ։ Հայաստանը այդպիսի բազմաթիւ կռուաններ ունի, որոնց մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ Լիբանանի հայ գաղութը։ Ահա ա՛յս է պատճառը, որ «Համազգային»ը հետամուտ է իր լիբանանեան կառոյցներու արդիականացման՝ հակառակ երկրի ներկայ դժնդակ պայմաններուն։
«Ա.».- Երիտասարդութիւնը ներգրաւելու աշխատանքին մէջ յատուկ պէտք է անդրադառնալ ֆորումին։ Ե՞րբ սկսաւ, ինչպէ՞ս սկսաւ. Լիբանանի մէջ սկսած այս նախաձեռնութիւնը այժմ կը շարունակուի Հայաստանի մէջ։ Ի՞նչ թիւ կը մասնակցի, ընդհանուր գնահատականը ի՞նչ է։
Մ. Մ.- Ֆորումը իր գործունէութիւնը սկսաւ տասներեք տարիներ առաջ՝ համազգայնական նուիրեալներու յղացած գաղափարով ու գործօն նախաձեռնութեամբ։ Անուններ չեմ տար՝ պարզապէս համեստութիւններ չվիրաւորելու համար. Ամէն ինչ իր ատենը ունի։ «Համազգային»ի Պատգամաւորական ժողովն ու Կեդրոնական վարչութիւնը այս ձեռնարկը անմիջապէս իրենց հովանիին տակ առին։ Նախաձեռնողներու հիմնական նպատակը արեւմտեան օտարացնող միջավայրին մէջ հայութեան շրջագիծէն անդին անցած ուսանող-երիտասարդները իրենց արմատներուն մօտեցնելն էր։ Իր ատենին յարմար նկատուած էր ուսանողները հաւաքել «Ն. Փալանճեան» ճեմարանի պատմական կալուածին վրայ՝ զանոնք հաստատութեան հիմնադիրներու հայացնող պատկերով ու շունչով վարակելու համար։ Ատեն մը վերջ ձեռնարկը փոխադրուեցաւ աւելի նպատակայարմար վայր մը՝ Հայաստան։ Մասնակիցներուն թիւը մեծ չ՚ըլլար, շուրջ՝ յիսուն հոգի։ Ֆորումը գիտակցաբար մեծաթիւ ձեռնարկ մը չէ։ Այս է պատճառը, որ մասնակիցները երկու շաբթուան համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին իրարու եւ իրենցմով զբաղողներուն հետ ամուր թելերով կը կապուին։ Կեդրոնական վարչութիւնը որոշած է երիտասարդութեան կողմէ գնահատուած այս ձեռնարկին համար հայրենիքին մէջ ամուր յենարաններ ստեղծել։
«Ա.».- Յայտարարած էք արդէն, որ յառաջիկայ տարի «Համազգային»ի հիմնադրութեան 80ամեակն է։ Ի՞նչ ծրագրած էք այդ ուղղութեամբ։
Մ. Մ.- 80ամեակը մեզի համար հանգրուան չէ, այլ՝ առիթ։ Առիթ՝ հայ հասարակութեան քիչ մը աւելի ցայտուն կերպով ներկայացնելու «Համազգային»ն ու իր գործունէութիւնը եւ ներքնապէս աւելի ամրապնդուելու։ Բնական է՝ տեղի պիտի ունենան դասական հանդիսութիւնները։ Անոնց կողքին ծրագրուած է կազմակերպել երկու գիտաժողովներ՝ գործակցաբար ԵՊՀին հետ Երեւանի մէջ. առաջինը՝ նուիրուած Լեւոն Շանթի գործին, իսկ երկրորդը՝ Յակոբ Օշականի։ Արդէն ընթացքի մէջ է ջութակահար Արա Մալիքեանի շրջապտոյտի կազմակերպումը։ Սկսած է արդէն որոշ թիւով հրատարակութիւններու պատրաստութիւնը։ Կան նաեւ ուրիշ ձեռնարկներ, որոնք ծրագրումի փուլին մէջ են տակաւին։
«Ա.».- Մեր արծարծած թեմաներէն զատ, ի՞նչի մասին պէտք է անդրադառնալ տակաւին.
Մ. Մ.- Ոչինչի՛ մասին. այսքանը բաւական է, քանի այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ մեր խօսակցութիւնը արդէն բաւական երկար տեւեց։ Կ՚ուզենք պարզապէս յիշեցնել, որ «Համազգային»ի եւ իր կառոյցներու գործունէութեան մանրամասնութիւններուն կարելի է հետեւիլ դիմելով մեր կայքէջին՝ www.hamazkayin.com։ Նոր տարուան սեմին կայքէջը նոյնպէս պիտի ներկայանայ նոր տեսքով