ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարին Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինա յայտարարեց, որ ՆԱԹՕն վճռականօրէն կ՛աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումին եւ յարատեւ խաղաղութեան պայմանագիրի մը կնքումին: Ուաշինկթընի մէջ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ ունեցած հանդիպումին արդիւնքներուն մասին խօսելով՝ Քոլոմինա ըսաւ. «Քննարկուեցան ՆԱԹՕ-Ատրպէյճան երկկողմ համագործակցութեան եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու ներկայ կարգավիճակը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.