
14 Յուլիսին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային զարգացումներուն, քննարկուեցան Հայաստանի դիմաց ծառացած արտաքին մարտահրաւէրները եւ ներքաղաքական կացութիւնը:
Զրոյցին ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ բռնի տեղահանուած արցախցիներու ընկերային հարցերուն գծով ծրագիրներու շարունակութիւնը եւ արցախահայութեան իրաւունքներու հետեւողական պաշտպանութիւնը:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ անհրաժեշտ նկատեցին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացումը եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդումը` ի շահ համազգային հարցերու յաղթահարման եւ հայրենիքի հզօրացման: