
« Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը՝ Բագրատ սրբազանին առաջնորդութեամբ, կը շարունակէ իր աշխատանքները, մարզային այցելութիւնները եւ հաւաքները Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ:
15 Յունիսի հաւաքին ընթացքին, Բագրատ սրբազանը յայտարարեց, որ շարժումը Սեպտեմբերի սկիզբը պիտի աշխուժանայ:
«Մարզային այցերի նպատակը բնակիչներին քաջալերելն է, ինչպէս նաեւ հասկանալ, թէ ինչպիսի տրամադրութիւններ ունեն: Ինձ համար մթնոլորտն է կարեւոր եւ դա շատ դրական է», ըսաւ Բագրատ սրբազանը։
Ան դիտել տուաւ, որ ճնշում կը բանեցուի մարդոց վրայ. ոմանք կը փորձեն ճնշել ընկերային միջոցներով, աշխատանքէ արձակելու սպառնալիքով եւ այլն։
«Շարժումը կ՛ակտիւանայ (կ՛աշխուժանայ) Սեպտեմբերի սկզբին, համակարգող խորհուրդի նիստ ենք ունեցել, գործողութիւնների որոշակի ուղղուածութիւնը կայ», նշեց սրբազանը։
«Մենք առաջ ենք գնում եւ առաջ են գնալու, ուղղակի մի քիչ ոլորաններով է ճանապարհը: Մեր թիրախը մէկն է` բոլոր հնարաւոր տարբերակներով հասնել այս մարդու հեռացմանը: Սա իմ պայքարն է նեռի եւ սատանայի դէմ, որը մեր երկրում մարմնաւորուած նստած է կառավարութեան համար 1 շէնքում: Մենք եկել ենք հաշտութեան, սիրոյ, պատուի, արժանապատուութեան օրակարգով: Ատելութիւնը, թշնամանքը վերացնելու, հայրենիք վերականգնելու, հայրենիք վերադարձնելու, ինքնութեան ունենալու, ազգերի շարքերի մէջ գլուխներս բարձր քայլելու օրակարգով», 15 Յունիսին, Աբովեանի մէջ, քաղաքացիներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց Բագրատ սրբազանը՝ հաստատելով, որ պայքարը կը մաքրուի, ինչ որ շատ լաւ է։
«Երեւի Աստուած այսպէս է ուզում, որ յաղթանակի վերջնարդիւնքին նեղ դռներով հասնենք, ոչ թէ լայն դռներով», նշեց Բագրատ սրբազանը: