
Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան 3րդ դասակարգի 3րդ դիրքի մրցումներուն, Հայաստանի պատանիները (16 տարեկանէն վար) 71-63 արդիւնքով յաղթեցին Ատրպէյճանին:
Մրցումին լաւագոյն մարզիկներն էր Դաւիթ Կակոյեան եւ Ռաֆայէլ Մասումեան:
Նոյն դասակարգի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի պատանի աղջկանց խումբը 77-71 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանին եւ գրաւեց 5րդ դիրքը: Մրցումին լաւագոյն մարզիկը Լիլիթ Գէորգեանն էր: