Մինչ Կազայի մէջ պաղեստինցիներու սպանդը կը շարունակուի, ապահովական ոլորտի իսրայէլացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առաջարկին յանձնառու ըլլալու մասին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի խօսքը ճիշդ չէ, որովհետեւ ան ծրագիրը խանգարող նախապայմաններ ճշդած է:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Նեթանիահուի եւ ապահովական մարմիններու ղեկավարներուն միջեւ տարակարծութիւն յառաջացած է իսրայէլեան բանակը Կազայէն հեռացնելու հարցին շուրջ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13րդ կայանը հաղորդեց, որ բանակցութիւններուն մասնակցող Իսրայէլի պատուիրակութեան ղեկավարները սուր կերպով քննադատեցին Նեթանիահուն: Կայանը, մէջբերելով լաւատեղեակ աղբիւրներ՝ կ՛աւելցնէ, որ բանակցութիւններուն ընթացքին, Նեթանիահուի յայտարարութիւնները եւ «Համաս»ի «Քասսամի փաղանգներ»ու ընդհանուր հրամանատար Մուհամմատ Տայֆը ահաբեկելու փորձը պաղեստինեան «Համաս» շարժումը մղած են կարծելու, որ Իսրայէլ համաձայնութիւն չ՛ուզեր:
Նշենք, որ ահաբեկման այդ փորձը առնուազն 141 պաղեստինցիներ սպաննած էր։
Նեթանիահուի գրասենեակը, հակադարձելով այդ քննադատութիւններուն՝ յայտնեց, որ զինք քննադատող անծանօթ կողմերը պէտք է ջանք թափեն վարչապետի քաղաքական ղեկավարութեան ճշդած հիմնական սկզբունքներուն հիմամբ բանակցութիւնները յառաջ մղելու եւ ոչ թէ իսրայէլեան կողմին վրայ ճնշում բանեցնելու:
Իր կարգին, ընդդիմադիր «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց հետեւեալը. «Մեր զինուորները մղձաւանջներէ կը տառապին, մեր տնտեսութիւնը կը քայքայուի, դիւանագիտութիւնը կը մաշի, հիւսիսը կ՛այրի եւ Իրան ինքզինք կը զինէ: Անօրինական կառավարութիւնը կը շարունակէ այնպէս, որ կարծէք ոչինչ պատահած է: Առեւանգեալները ազատ արձակելու համար բանակցութիւնները պէտք է տեսախցիկներէն հեռու կատարուին։ Ժամանակն է որ այլ կառավարութիւն մը երկիրը վերադարձնէ իսրայէլեան զսպումի վերականգնման ճիշդ ուղիին»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ «Համաս»ը դրական կերպով պատասխանեց վերջին առաջարկներուն, սակայն Իսրայէլ կացութիւնը անելի մատնեց: Ան ըսաւ, որ միջազգային հասարակութեան կոչ կ՛ուղղէ` Իսրայէլի վրայ շտապ կերպով ճնշում բանեցնելու, «որովհետեւ «Համաս»ը ընդունեց խաղաղութեան պայմանները, հակառակ այն իրողութեան, որ իրեն համար այդ պայմանները ընդունիլը դժուար էր»: