Միացեալ Նահանգներու արհեստավարժ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Էմ. Էլ. Էս.»ի մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակեց այս տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկներու՝ «Օլ Սթարզ» («Բոլոր աստղեր») խումբին կազմը, որ պիտի մրցի Մեքսիքայի ախոյեանութեան «Օլ Սթարզ»ի խումբին դէմ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քոլոմպըսի դաշտին վրայ, 24 Յուլիսին:
«Օլ Սթարզ» կազմին մաս կը կազմէ «Քոլոմպըս Քրու»ի ուրուկուէյահայ յարձակող Տիէկօ Ռոսի Մարաշլեան:
«Էմ. Էլ. Էս.»ի խումբին մաս կը կազմեն նաեւ՝ արժանթինցի Լիոնել Մեսի, ուրուկուէյցի Լուիս Սուարեզ, սպանացիներ Ճորտի Ալպա Սերխիօ Պուսքեթց (բոլորն ալ «Ինթեր Մայամի»էն), ինչպէս նաեւ ֆրանսացի բերդապահ Ուկօ Լորիս («Լոս Անճելըս Էֆ.Սի.») եւ պելճիքացի Քրիսթիան Պենթեքէ («Տի.Սի. Եունայթըտ»):