Եւրոպական Միութեան քաղաքական եւ ապահովութեան յանձնաժողովը Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու գծով յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնին համար հաստատեց Մակտալենա Քրոնոյի թեկնածութիւնը. ան այդ պաշտօնին վրայ պիտի փոխարինի Թոյվօ Քլաարը: Այս մասին յայտնեց Եւրոպական Միութեան մէջ Չեխիոյ մնայուն ներկայացուցչութիւնը:
Նշուեցաւ, որ անոր առաջադրումը պաշտօնապէս պիտի հաստատուի Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կողմէ։
Մայիսին Քրոնօ նշանակուեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի դիւանագիտական հարցերու գլխաւոր խորհրդական: Մինչ այդ ան կը վարէր Միշէլի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու աւագ խորհրդականի պաշտօնը: