Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոս, ելոյթ ունենալով Մատենադարանին մէջ մեկնարկած Հայագիտութեան միջազգային համաժողովին՝ յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Եւրոպական Միութիւնը կը բանակցին գործընկերութեան նոր օրակարգի մը շուրջ: «Պիտի ըլլան նոր եւ կարեւոր տարրեր, որոնք պիտի օգնեն Հայաստանի ապահովութեան ու Եւրոպական Միութեան հետ տնտեսական համագործակցութեան եւ անոնք պիտի նպաստեն երկրի դիմադրողականութեան: Կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել, որ Եւրոպական Միութիւնը ներգրաւուած է այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կարգաւորման մէջ: Եւ, մասնաւորաբար, կ՛ուզեմ ընդգծել, թէ մենք կը պաշտպանենք Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Մենք դիտորդական առաքելութիւն տեղակայած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ եւ անիկա յատկապէս կը նպաստէ սահմանային տարածքներուն մէջ մարդոց ապահովութեան երաշխաւորման: Այս պարունակին մէջ կ՛ուզեմ նաեւ տեղեկացնել, որ Եւրոպական Միութիւնը եղած է Լեռնային Ղարաբաղէն գաղթականներուն աջակցելու առաջնագիծին վրայ: Մենք աւելցուցինք մեր աջակցութիւնը նախորդ տարուան աշունէն: Այս գործընթացին սկիզբը մենք տրամադրեցինք աւելի քան 20 միլիոն եուրոյի աջակցութիւն եւ մարդասիրական օգնութիւն: Եւ հիմա մենք կ՛աջակցինք բնակարանաշինութեան, աշխատանքի ապահովման, նաեւ տուած ենք շարք մը որոշումներ, որոնցմով կը պատրաստուինք գաղթականներու համարկման համար Հայաստանի կառավարութեան տրամադրուող մեր պիւտճէական աջակցութիւնը հասցնել մինչեւ 40 միլիոնի», ըսաւ Մարակոս` աւելցնելով, որ 5 Ապրիլ 2024ին Եւրոպական Միութիւնը յայտարարեց Հայաստանի դիմադրականութեան եւ աճի համար 270 միլիոն եուրոյի օգնութիւն յատկացնելու մասին:
Մարակոս նաեւ խօսեցաւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Սիւնիքի մարզին մէջ իրականացուող ծրագիրներու եւ այնտեղ կատարուող ներդրումային նախագիծերուն մասին: