ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Անցեալ դարու կէսերէն սկսեալ, աշխարհին ծանօթ էին երկիրներ, որոնք ճանչցուած էին իբրեւ petrostate-ներ կամ թարգմանաբար՝ քարիւղ եւ կազ արտածող երկիրներ ինչպէս՝ Արաբական Էմիրութիւններ, Սէուտական Արաբիա, Իրան, Վենեզուելլա, Սովետական Միութիւն եւ ուրիշներ: Թէ անոնք որքա՛ն կը մնան այդ անունով ճանչցուած՝ կախեալ է այն իրողութենէն, թէ որքա՛ն ժամանակ քարիւղը եւ կազը կը շարունակեն մնալ այդ երկիրներուն հարստութիւնը կամ այդ պաշարները կը շարունակեն մնալ աշխարհի հիմնական ուժանիւթերու աղբիւրները: Այդ աղբիւրներէն կախեալ են նաեւ աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւնները, ազդեցութեան գօտիները եւ գերպետութիւններու քաղաքականութիւնը:
Մէկ կողմէ աշխարհի բնակչութեան աննախընթաց աճին եւ միւս կողմէ տնտեսութիւններու զարգացումին պատճառով, մոլորակը կ՛ենթարկուի տաքացումի եւ ապականման, որ վտանգ կը սպառնայ մթնոլորտային համակարգին՝ պատճառելով երաշտ, հեղեղումներ, ջուրերու շոգիացում, սառցալեռներու հալում, ծովերու մակարդակի բարձրացում, ծովափնեայ քաղաքներու ընկղմում եւ ընդհանրապէս մարդկութեան գոյութեան:
Այս վտանգաւոր հեռանկարը աւելցաւ 2022ին սկսած ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով կազի եւ քարիւղի հոսքերու արհեստական կրճատման, որ գիտնականները մղեց այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւրներու որոնման եւ բազմազանեցման, որ սկսած է դրական արդիւնք տալ, նոյնիսկ եթէ շատ սկզբնական եւ մանր քայլերով: Այլեւս ունինք այլընտրանքային կարգ մը աղբիւրներ, ինչպէս՝ հովայինը, ջրայինը, միջուկայինը, արեւայինը եւ այլն, որոնք տակաւին մարդկութեան պահանջին միայն չնչին տոկոսը կը բաւարարեն:
Այս եւ այլ նորարարական աղբիւրներու առաւելագոյն օգտագործման պարագային, աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւն ունեցող յենակէտերու անխուսափելի փոփոխութիւն մը ի յայտ պիտի գայ եւ պիտի ունենանք electrostates (ելեկտրապետութիւններ) կոչուող երկիրներ, որոնք այդ նոր ուժանիւթերու անհրաժեշտ նիւթերու հայթայթողները պիտի ըլլան:
Մոլորակի հարստութիւնները դժբախտաբար հաւասարապէս չեն բաժնուած եւ բոլոր երկիրները բախտաւոր չեն: Լաւագոյն օրինակները միջինարեւելեան երկիրներն են, որոնք հազարամեակներ մնալով աննշան, միայն քսաներորդ դարու սկիզբը քարիւղի եւ կազի ուժանիւթի վերածման արհեստագիտութեան զարգացման առընթեր յայտնուեցան աշխարհի կարեւորագոյն երկիրներու շարքին՝ շնորհիւ անոնց անսպառ պաշարներու յայտնաբերման:
Միացեալ Նահանգները, որ քարիւղ ներածող երկիրներէն էր, միայն տասնամեակ մը առաջ, այսօր shale revolution կոչուող նորարարութեան իբրեւ արդիւնք, ներածող երկիրէն դարձաւ քարիւղ արտածող երկիր մը:
Ներկայիս, Չիլիի սահմաններուն մաս կազմող հիւսիսային Աթաքամա (Atacama) անապատը իր ծովեզերեայ շրջանով, իր Անթոֆակոսթա (Antofagosta) նահանգով եւ համանուն քաղաքով, մաս կը կազմէր Պոլիվիային: Շրջանը հարուստ էր «քալիչէ» (caliche) կոչուող սպիտակ նիւթով, որ «կուան» (guan) կոչուող թռչուններու արտաթորանքը, որ հազարամեակներու ընթացքին հաւաքուած էր այդ տարածքին եւ հանդիպակաց անմարդաբնակ փոքր կղզիի մը վրայ: Տասնիններորդ դարու վերջերուն, յայտնի դարձաւ, որ այդ կղկղանքը կը պարունակէր նիտրատներ (nitrates), որոնք թնդանօթներու արկերու հիմնական նիւթերն են: Շրջանը նաեւ օժտուած էր պղինձի հարուստ հանքերով՝ դարձեալ կարեւոր հանքանիւթ մը:
1879ին, Չիլիի բանակը Պոլիվիոյ հետ հարկային վէճի մը պատրուակելով, ծովէն ներխուժեց շրջանը եւ պարտութեան մատնելով վերջինը, տիրացաւ շրջանին, անոր նիտրատներու եւ պղինձի հանքերուն՝ այդ օրուընէ սկսեալ զրկելով զայն դէպի ծով ելքէն:
Այսօր, մարտկոցները ինքնաշարժներու համար քարիւղի փոխարէն անհրաժեշտ ելեկտրական շարժիչներ են: Ելեկտրական ինքնաշարժներու (EV) մարտկոցներուն (batteries) համար հիմնական նիւթը «լիթիըմ»ն (lithium) է, որմով Չիլին աշխարհի ամէնէն հարուստ երկիրներէն է, Արժանթինի եւ Աւստրալիոյ հետ:
Հասկնալի է որ Չիլիի կարեւորութիւնը որքանով աւելցած է: Քոնկոն երկրագունդի վրայ գրեթէ միակ երկիրն է, ուր «քոպալթ» (cobalt) նիւթը կը գտնուի (աշխարհի պաշարին 70 առ հարիւրը), որ, լիթիումի կողքին, անհրաժեշտ է մարտկոցներուն համար:
Սակայն, երկրի մը զարգացման համար միայն ընդերքի հարստութիւնները բաւարար չեն: Անոր համար նախապայման է ժողովրդավարութիւնը, կաշառակերութեան եւ փտածութեան բացակայութիւնը: Նաեւ համաշխարհայնացման ընձեռած ճանապարհներու ապահովութիւնը եւ երկիրներու գիտական եւ կրթական մակարդակը շատ կարեւոր են: Արդի մեր սպառողական եւ ընդհանրապէս բոլոր պահանջները այնքան բարդ են, որ չկայ երկիր մը, ուր կարելի ըլլայ արտադրանք մը սկիզբէն մինչեւ վերջ պատրաստել: Որեւէ սարք կամ առարկայ քանի մը երկիրներ կը շրջագայի՝ իր վերջնական տեսքը ունենալու համար: Օրինակ մը տալու համար՝ յիշենք Թայուանը, որ ոչ մէկ հում նիւթով աչքի կ՛իյնայ, սակայն, աշխարհի համար կարեւոր երկիր է կիսահաղորդիչներու արտադրութեան մէջ, առանց որոնց մենք բջիջային հեռաձայներ եւ համակարգիչներ չենք ունենար։ Իսկ Չինաստան, որ հեռաձայններու արտադրութեան մէջ գերպետութիւն է Քորէայի, Հոլանտայի եւ Ճափոնի կողքին, կիսահաղորդիչներու (semiconductor chips ) գաղտնիքին տակաւին չէ տիրացած, մինչ Ամերիկայի Սիլիքըն հովիտին մէջ անոնց ծրագրաւորումը եւ ձեւաւորումը կը կատարուի, սակայն անոնց անհրաժեշտ «քոպալթ»ը Քոնկոյէն կը ներածուի, լիթիումը Չիլիէն կամ Աւստրալիայէն, մաքուր «սիլիքոն»ը ապակեայ գերբարակ խողովակներուն (nanotubes ) համար Անգլիոյ հիւսիսը գտնուող աւազի հանքերէն, պղինձը Արժանթինէն եւ այսպէս հարիւրաւոր այլ մանրամասնութիւններ բազմաթիւ այլ երկիրներէ:
Մենք կրնա՞նք արեւին տակ մեր արժանի տեղը ունենալ զարգացած ժողովուրդներու ընտանիքին մէջ: Կրնանք, եթէ գիտակցինք, որ հում նիւթերով աղքատ երկիր ենք, մեր առաւելագոյնը ընենք կրթութեամբ գերազանց ըլլալու, որպէսզի արտադրողական համաշխարհային ցանցին մէջ մեր ներդրումը ունենանք, ինչպէս Իսրայէլ յաջողած է ընել նոյնիսկ մեր երկրէն աւելի աղքատ բնութեամբ տարածքի մը վրայ:
Այդ կարեւոր առաքելութեան համար պէտք է լծուինք կրթութեան անյետաձգելի գործին. պարտադիր: