ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Նախորդին՝ «Եթէ Ութսունէն Վեր Ես՝ Աթոռէն Վար Իջիր…» յօդուածս հազիւ աւարտած, երբ կը փորձէի ել-նամակով իմ աշխատակցած հայ մամուլին ուղարկել գրութիւնս, ճակատագրական այդ պահուն, յանկարծ լրատուամիջոցները արձակեցին նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին դէմ գործադրուած ու ձախողած մահափորձին ահաւոր, ին՜չ կ՝ըսեմ՝ ցնցիչ լուրը:
Պահ մը երկուութիւնը ապրեցայ չուղարկել, ջնջել ել-նամակս: Յետոյ ինքզինքս համոզելով, թէ իմ գրութիւնս կապ չունէր գործադրուած մահափորձին հետ, այլ պարզապէս տեղ մը յիշատակած էի Թրամփին անունը եւ անոր դէմ գոյութիւն ունեցող երկոտասնեակ մը դատական հայցերը, բան մը որ փաստելու պէտք չունէի… Ուրախ եմ ըսելու, թէ ՀՅԴ մամուլի լայնախոհ խմբագիրները անմիջապէս արձագանգեցին գրութեանս: Սակայն ինչ որ պատահեցաւ այդ օր, ամէն տրամաբանութիւն քանդող դէպք մըն էր, որուն տարողութիւնը ամբողջ կեանքիս ընթացքին ոչ պատկերացուցած էի եւ ոչ ալ վկայած: Երբ ներկայ գրութեանս խորագրին մէջ «հրաշագործ»անուանումը տուի Թրամփին ականջը վիրաւորող սակայն մէկ սանթիմ ներսը գտնուող ուղեղը խնայող փամփուշտին, այդ մէկը թեթեւ սրտով ու քօղարկուած միտումով չկատարեցի:
Բոլոր քաղաքակիրթ ժողովուրդներու նման, հայերս ալ, ո՜ր երկրի մէջ ու ո՜ր աշխարհամասի մէջ ալ բնակութիւն հաստատած ըլլանք, դէմ եղած ենք բիրտ ուժի միջոցով քաղաքական հարցեր լուծելու գաղափարին: Վկայ՝ Բագրատ արքեպիսկոպոսի եւ անոր նախորդող ՀՅ Դաշնակցութեան կազմակերպած խաղաղ ցոյցերը, որոնցմով ժողովուրդի լուռ մեծամասնութիւնը կը փորձէր Հայաստանի խրտուիլակ իշխանութեան փոփոխութիւնը յառաջացնել:
Վերադառնալով «հրաշագործ փամփուշտի» էութեան, ու զայն արձակող ահաբեկիչին ինքնութեան, անիկա քսանը նոր թեւակոխած, անկախ մտածող «անկլօ» երիտասարդ մըն էր, Թամըս Մեթիու Քրուքս անունով, որ ոճիրէն քանի մը րոպէ ետք զոհ պիտի երթար իր իսկ սարքած նախճիրին:
Իսկ գալով մահափորձին յաջորդող Հանրապետական կուսակցութեան համագումարին, ամէն տարիքի ու սեռի կուսակցական խանդավառ մասնակիցներ, իրենց իտէալացուցած ղեկավարին ականջի պատռուածքին գաղափարով գինովցած, անոր չնչին վնասուածքով մը մահափորձէն ազատուելու իրողութիւնը, կրօնական ու աշխարհական իր ղեկավարութեան մտայղացումով ու վկայութեամբ, Թրամփին ստոյգ մահէն փրկութիւնը երկնային հրաշքի վերագրեցին: Արդէն նախքան մահափորձը, աշխատանք կը տարուէր Թրամփին երկնային հանդերձանքով պաճուճել, հակառակ անոր կնամոլ, նիւթապաշտ ու հակառակորդներու հանդէպ բիրտ ու անհանդուրժող մարդու խառնուածքին ու էութեան:
Վրիպած մահափորձէն ետք, շատերու նման, իմ ալ մէջս հետաքրքրութիւն արթնցաւ, մօտէն հետեւիլ իր էութեամբ ընդհանրապէս զիս չհետաքրքրող կուսակցական ընտրական հաւաքոյթներուն կամ ալ հոլիվուտեան «Օսքար»ի արժանի բեմադրութեան:
Բախտ՝ ասոր կ՛ըսեն : Եկուր ալ սառն դատողութիւնդ մի՝ կորսնցնէր… Թրամփի սրբադասման առիթով, կարծէք մեծ տօնակատարութիւն մը տեղի կ՛ունենար, իսկ աթոռին մէջ սմքած հէգ Թրամփը լուռ կը խոկար, անոր դէմքին արտայայտութենէն կարելի էր կռահել, անոր արտաքնապէս ու ներքնապէս ապրած ալեկոծումներն ու տուայտանքը:
Տասնեակներով խօսողներ ու խորքին՝ արդիական երաժշտութիւն, որուն կշռոյթով մեծահասակներն անգամ կը պարէին ու ի նպաստ իրենց թեկնածուներուն պոռչտուքներ կ՛արձակէին…
Խանդավառ այդ մթնոլորտին մէջ Թրամփ ներկայացուց իր նշանակած փոխնախագահը՝ Ճէյ․ Տի․ Վենս անուան տակ քառասունի մօտ, դերասանի արտաքինով երիտասարդ քոնկրեսականը, որ կէս ժամ ելոյթ ունեցաւ, չհաւատալով բախտին: Խօսք առաւ նաեւ Վենսին հնդկածին կինը՝ երեւութապէս զարգացած ազնուական աղջիկ մը:
Ամբողջ չորս օրերու վրայ իրարու յաջորդեցի ելոյթ ունեցողները, սկսելով Թրամփին դէմ պայքարած թեկնածուներէն, որոնց անշղարշ գովասանքները, դեռ քանի մը ամիս առաջ իրենց վայրագօրէն քննադատած նախագահութեան թեկնածուն վերածեցին ամբողջ Ամերիկայի իտէալագոյն ղեկավարին, աստուածային ու նախախնամութեան որոշումով, վերէն ընտրուած՝ երկնային կատարեալ էակին: Այնքան գովասանք չէի լսած մարդ էակի մը կամ քաղաքական ղեկավարի մը հասցէին շողոմուած: Քիչ մնաց, որ պահին առթած գինովութեան մէջ, ես ալ մոռնայի քաղաքական պատկանելիութիւնս, ու Հռովմի պապէն խնդրէի Թրամփին սրբադասումը, բան մը որ սեւ ու սպիտակ հանրապետական քարոզիչները, օրն ի բուն, անդադար կը կրկնեն, յատկապէս վրիպած փամփուշտի հրաշքէն ի վեր: Ճառախօսներուն ցանկին մէջ ներառուած էին Թրամփի ընտանիքին անդամները, յատկապէս երկու մանչերը, որոնց ելոյթը շատ տպաւորիչ էին, եթէ նկատի չունենանք անտեղի եւ անհիմն չափազանցութիւնները ու իրենց հայրիկը սրբացնելու տղայական փորձերը:
Գալով նորանշանակ փոխնախագահցուին, ան խոստացաւ պաշտպանել գործաւոր դասակարգին ոտնահարուած իրաւունքները…
Ասիկա նորութիւն էր կուսակցութեան մը համար, որ վարի դասակարգին իրաւունքները զոհելով իր միլիառատէր հովանաւորներուն տուրքերը կը նուազեցնէ:
Սակայն բեմադրուած բոլոր այս կատակերգութիւններուն կողքին, ամէնէն զուարճալին, աշխարհահռչակ ըմբիշ՝ Հալք Հոկընի ելոյթն էր, որ ըստ լուրջ տրամաբանութեան տէր հանդիսատեսին, ընտրապայքարին հետ բնաւ կապ չունէր…
Իսկ գալով նախկին նախագահի ելոյթին, մահափորձէն ետք, պարոն Թրամփ, կարծես փոխած էր բառամթերքն ու կեանքի հանդէպ իր մօտեցումը, ամէն րոպէ վերյիշելով, թէ իր գոյութիւնն ալ պարզ մահկանացուներուս պէս, կախուած է լակոտի մը արձակած փամփուշտին քմահաճոյքէն եւ անոր մէկ մատնաչափ շեղումէն…
Սակայն մենք չենք, այլ Թրամփին շրջանակն է որոշողը, անոնք են երկրին տէր տիրականը:
Խեղճ Պայտընը օր մը, այդպիսի պատուի չարժանացաւ… Դեմոկրատները զինք կը փորձեն գահընկեց ընել…
7/20/2024
Ռիչմոնտ, Վըրճինիա