
Ռումանիոյ մէջ տեղի ունեցած 20 տարեկանէն վար «Եուրօ պասքեթպոլ»ի Բ. դասակարգի մրցաշարքին, Հայաստան գրաւեց 19րդ դիրքը, պարտութեան մատնելէ ետք Ատրպէյճանը` 71-61 արդիւնքով: Հայաստան 2 կէտերու առաւելութիւն ունեցաւ առաջին քառորդին, իսկ երկրորդը 13-13 արդիւնքով աւարտելէ ետք, 3րդ քառորդին 7 կէտերու բարձրացուց իր առաւելութիւնը եւ աւարտին՝ 10 կէտի տարբերութեամբ յաղթեց ատրպէյճանցի երիտասարդներուն:
Արայիկ Գէորգեան (17 կէտեր), Էրիք Քարախանեան (16 կէտեր) եւ Եուրա Մելիքեան (15 կէտեր եւ 21 ռիպաունտ) եղան Հայաստանի երիտասարդներու լաւագոյն մարզիկները: