ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածին մուտքով խոստացած էինք, այս երկրորդ բաժինով, աւելի լայն պատկերը պիտի տանք Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային եւ մեծապետական ուժերու շահերու բախումին եւ հետապնդած նպատակներուն, որոնք իրենց անխուսափելի եւ գոյութենական հետեւանքները ունին Հայաստանի համար եւ որոնց մասին իրազեկ ըլլալը պէտք է մղէ մեր ժողովուրդը միակամ եւ հաստատակամ դիմագրաւելու գալիքը, պատրաստ իր ուժերով ապահովելու իր երկրի բարօր եւ բարգաւաճ ապագան:
Սոյն յօդուածին տուն տուող հիմնական պատճառը այն է որ Հայաստանէն եւ Սփիւռքի կարգ մը շրջանակներէ հակասական ձայներ կը բարձրանան։ Մեր հոգեւորականներն ալ կը միանան վերէն վար արձակուած պատգամներուն, նպատակ ունենալով վարչապետ Փաշինեանի իշխանութենէն հեռացումը։ Այս է իրադրութեան պարզաբանուած պատկերը։
Նախ եւ առաջ, վարչապետ Փաշինեանը իշխանութենէ վար առնելը, որպէս նորաստեղծ կացութեան լուծում, ինքնին նպատակ չի կրնար ըլլալ։ Ընդդիմադիր խմբաւորումին կողմէ երկրին փրկութեան նպատակով ցարդ այլընտրանք կամ քաղաքական ծրագիր մը չէ հրամցուած մեր ժողովուրդին եւ երկրին։
Այսուհանդերձ, բարեմտութեամբ պէտք է մօտենանք ընդդիմադիր հոսանքներու կողմէ ձայն բարձրացնողներուն, քանզի անոնցմէ շատեր նեղ հաշիւներով չէ որ կ՛առաջնորդուին։ Կարեւորութեամբ հարկ է ընդգծել այս պարագային, որ ամբողջ ազգն ու հայրենիքը իրարու շաղկապող կարեւոր օղակը, գաղափարախօսութիւնը, Արցախն էր, որուն ճակատագիրը, միակողմանիօրէն Պաքուն «լուծեց», դժբախտաբար Ռուսիոյ համաձայնութեամբ։ Այս տողերը գրելով ընդգծենք, որ Արցախի հայութեան բռնի արտաքսուելէն ետք, այլեւս չկայ մեզ իրարու շաղկապող մէկ օղակը։ Ուստի տարտղնուած է այլեւս մեզ մէկ յայտարարի տակ բերող, միատեղ ու մէկ ձայնով գալիքը դիմակալելու մղող գործօնը։ Բնականաբար մեր անբաղձալի կացութենէն օգտուողները մեր երկրին թշնամիներն են, առաջին կարգին Ատրպէյճանը։
Այս բոլորին վրայ կարեւորութեամբ շեշտենք, թէ Ղարաբաղի կորուստով եւ Ուքրանիոյ պատերազմով, Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ համար ուժի հաւասարակշռութեան խախտում մը տեղի ունեցած է, ի շահ մանաւանդ Պաքուի եւ Թուրքիոյ։ Թուրքիա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ոտք կը դնէր Հարաւային Կովկաս: Ի տես վերոյիշեալ բարդ կացութեան, մենք կը փափաքինք մեր համեստ կարծիքը յայտնել առհասարակ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին, ի մասնաւորի Հայաստանի վրայ շրջանային թէ համաշխարհային ուժերու աշխարհաքաղաքական, աշխարհատնտեսական եւ ռազմավարական շահերէ առաջնորդուած ազդեցութիւններու ներգործութեան մասին։
Առանց այդ բոլորին էականը ընդգծելու, կարելի չէ ըմբռնել ներկայ բարդ եւ հակասական, պայթումի հաւանականութեան դիմաց գտնուող մեր երկրին կացութիւնը։ Այլապէս, այսօր, շրջագծի վրայ մնալու ու այդ ձեւով արտաքին քաղաքականութիւն վարելու ձախող փորձեր կատարելու դատապարտուած վիճակի մէջ կը մնանք։
Հոս, թող ներուի ինծի ըսելու, համեստութենէ դուրս գալով, շուրջ երեք քառորդ դար գործօն դեր խաղացած եմ ազգային ծառայութեան գործին մէջ, կռուան ունենալով ՀԲԸՄը եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը։ Ամենէն կարեւորը, ջանացած եմ քայլ պահել միջազգային աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ կացութիւններուն հետ։
Մեկնելով երկար տասնամեակներու իմ փորձառութենէն, հաստատ համոզումս այն է, թէ անհրաժեշտ է նախ ճանչնալ Հայաստանի եւ միջազգային իրականութեան մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը եւ ապա որոշել թէ ի՞նչն է ճիշդը եւ սխալը, ըստ այնմ դիմակայելու համար մեր առջեւ ցցուած բախտորոշ մարտահրաւէրները։ Ուստի, լուսարձակի տակ պիտի ջանանք դնել մեր հայրենիքին հետ աղերս ունեցող հիմնահարցերն ու գործող ուժերը։
Նախ, ընդգծենք, որ ի տես համաշխարհային բարդ կացութեան, Հարաւային Կովկասի երկիրները՝ Վրաստան, Հայաստան, Ատրպէյճան, խորհրդային կարգերու լուծարքէն ետք, իրենց ապահովութեան եւ տնտեսական յառաջդիմութեան համար իրարու թիկունք կանգնելու կարիքը ունէին։ Սակայն հակառակը տեղի պիտի ունենար։ Պատճառն այն էր որ Հարաւային Կովկասի երկիրները, իրենց անկախութենէն ետք, իրարու հակասող ծրագիրներ (agenda) սկսան հետապնդել։ Ասոր գլխաւոր պատճառը Մոսկուան էր։ Այդ երկիրներու բաժան-բաժան, անապահով եւ տնտեսական յետամնաց վիճակը Ռուսիոյ առիթը կ՛ընծայէր վերին իրաւարարը մնալու, թելերը իր ձեռքին մէջ պահելու։ Սակայն, կամուրջին տակէն պղտոր ջուրեր վազեցին։ Նախ եւ առաջ Ղարաբաղեան 44օրեայ պատերազմով Ատրպէյճան եւ Ռուսիա, որպէս ռազմավարական դաշնակիցներ, փորձեցին Հայաստանէն զիջումներ կորզել։ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք ստեղծուած կացութիւնը այդ կը մատնանշէ։
Պաքուի կողմէ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն 150 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի գրաւումը, ամբողջ Ղարաբաղի գրաւումը մէկ օրուան ընթացքին, տեղի իշխանութիւններուն՝ բռնի եւ ապօրինի կերպով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը լուծարելու պարտադրանքը, ամբողջ արցախահայութեան դէպի Հայաստան բռնագաղթի ենթարկումը (ethnic cleanisng), բացայայտօրէն կը հակասէին տարածաշրջանին վերաբերեալ Մինսքի խումբի որդեգրած սկզբունքներուն:
Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա, ապահովելու համար եւրոպական խաղաղութիւնը, մաս կը կազմէին Մինսքի խումբին։ Այո՛, Մոսկուա մաս կը կազմէր վերոյիշեալ խումբին։ Միեւնոյն ատեն, բռնաբարելով միջազգային ընդունուած կանոնները, Մոսկուա միակողմանիօրէն իր ուժերը զետեղեց որպէս սահմանային պահակ, հաստատելով նաեւ դիտորդի դեր կատարող իր դիրքերը, որով իբրեւ թէ պիտի հետեւէր սահմաններուն։ Հայաստանը նոր պատերազմի մէջ ներքաշելու բազմաթիւ փորձերը, նաեւ դէպքերու ընթացքը ցոյց տուին, որ Մոսկուա տակաւին չէր գոհացած Հայաստանի ունեցած կորուստներով։ Նոյնն էր պարագան Պաքուի համար։ Մոսկուա եւ Պաքու կը ջանան նոր զիջումներ կորզել Հայաստանէն։ Փութին եւ Ալիեւ տակաւին նոր պատերազմներու կը ձգտին, քան թէ խորհրդակցութեանց եւ խաղաղութեան։ Ահա այս է պատկերը՝ 2018ին Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր, Հայաստանի դէմ Ռուսիոյ վարած քաղաքականութեան։
Այժմ անդրադառնանք այն կողմերուն, որոնք կարեւոր դեր կը խաղան Հարաւային Կովկասի եւ մասնաւորաբար Հայաստանի ներկայ բարդ կացութեան մէջ: Անոնք են՝ Թուրքիա, Ռուսիա, Եւրոպական Միութիւն, Իրան եւ Հնդկաստան։
Նախ պահ մը կրկին վերադառնանք Ռուսիոյ։ Փութինի վարչակարգը շատ կարեւոր նկատեց Սեւ ծովու շրջանին վրայ իր աշխարհաքաղաքական եւ ռազմական դիրքերու հզօրացումը։ Նոյնիսկ Ուքրանիոյ պատերազմէն եւ ՆԱԹՕի բարեկամ Զելենսքիի իշխանութեան գլուխ գալէն առաջ, Ռուսիա Սեւ ծովու իր դիրքը զօրացուց, տէր դառնալով Խրիմին (2014), ինչպէս նաեւ Ազովի ծովուն, որով ան բաց ու ապահով պահեց Մետաքսի ճամբան, Ատրպէյճանի վրայով, մինչեւ Չինաստան։ Այդ միջանցքը նաեւ կը կոչուի Միջին միջանցք: Իսկ Հարաւային միջանցքին վերաբերեալ, որ Տարտանելէն կ՛անցնի, Փութին պէտք ունէր Սեւ ծովու երկրորդ մեծ ուժին՝ Էրտողանին, որուն հետ սերտ կապեր հաստատեց, քանզի առանց Սեւ ծովու գերակայութեան, Ռուսիա կը կորսնցնէր ծովային իր ամբողջ ուժը, որուն խարիսխն է Խրիմի նաւահանգիստ Սեւաստափոլը։
Այսպէսով, Ռուսիա հարաւային միջանցքի կեդրոն (hub) նշանակած կ՛ըլլար Թուրքիան, ուրկէ պիտի անցնէին ուժանիւթ՝ Արեւելքէն դէպի Եւրոպա, ինչպէս նաեւ Ռուսիայէն աժան բնական կազ, առեւտրական սարքաւորումներ եւ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ հրթիռային համաձայնութեան (missile deal) վերաբերեալ կազմածներ: Թուրքիա սկսած է խաղալ իր արեւելեան յաղթաթուղթը, դաշնակիցներ ունենալով Պաքուն, Մոսկուան եւ Փաքիստանը։ Ասիկա պատճառ կը հանդիսանար, որ Ռուսիա շրջանցէր ՆԱԹՕի հաստատած պատժամիջոցները եւ զինք կղզիացնելու փորձերը:
Այս բոլոր տուեալները կը մատնանշենք շեշտելու համար Պաքուի ամենամօտ դաշնակից Էրտողանի հետ Մոսկուայի հաստատած սերտ գործակցութիւնը։ Հայաստանը խիստ պիտի տուժէր ռուս-ատրպէյճանական այս սերտ գործակցութենէն, շարունակաբար զիջումներու պարտադրուելով, ի շահ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի։
Այսպէս, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ շահերը կը համընկնէին նաեւ աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական առումով, ինչպէս տեսանք մօտաւոր անցեալի Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեանց ընթացքին․նախագահ Էրտողան շատ լուրջ դժուարութեան մատնուած էր իր մրցակիցներէն, առաւելաբար Աթաթուրքի հետեւորդներէն, որոնք աւելի արեւմտամէտ հոսանքներ են։ Թուրքիոյ երկրաշարժին հետեւանքով տնտեսական առաւել թշուառութեան մատնուածները Էրտողանը պատասխանատու կը նկատէին զիրենք պատուհասող դժբախտութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ Էրտողանը կը քննադատէին աւելի քան երեք միլիոն սուրիացիներ երկրէն ներս առած ըլլալուն համար։
Այդ ընդդիմութեան գոհացում տալու համար, Էրտողան այս օրերուն կը ջանայ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հետ մերձեցում ցոյց տալ, որովհետեւ տասնամեակէ մը ի վեր թշնամական դիրք բռնած է, ինչպէս նաեւ զօրքեր մտցուցած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ։ Ահա՛, հոս է հիմա Թուրքիան։ Չմոռնանք որ Էրտողան իր մէկ ոտքը կը պահէ ՆԱԹՕի մէջ։ Ռուսիոյ հետ իր բարեկամութիւնը թէական է։ Չմոռնանք նաեւ որ ան կը գործակցի Ուքրանիոյ հետ եւ անօդաչու սարքեր (drone) կը տրամադրէ անոր:
Անդրադառնանք Իրանին։ Ան դէմ է Միջին Արեւելքի մէջ Իսրայէլի գոյութեան։ Իրան կ՛ըսէ թէ Holocaust-ը Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած է, հետեւաբար Եւրոպային կ՛իյնայ հարցը լուծել եւ ոչ թէ արաբներուն եւ պաղեստինցիներուն։ Ուստի Իսրայէլ կատաղօրէն դէմ կը շարժի «Համաս»ին եւ Լիբանանի «Հըզպալլա»ին, որոնք կողքին կանգնած են պաղեստինցի ժողովուրդին եւ Իրանին։ Իսրայէլ խորապէս կը վախնայ, որ Իրան շուտով կրնայ տէր դառնալ հիւլէական ուժին։
Ցաւալի է որ Իսրայէլի կառավարութիւնը անարգական եւ սպառնալից ոճով արտայայտուեցաւ Հայաստանի հասցէին, երբ այս վերջինը, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի բանաձեւումին համահունչ, Իսրայէլ եւ Պաղեստին երկու պետութիւն սկզբունքին հիման վրայ, ճանչցաւ Պաղեստինեան պետութեան գոյութեան իրաւունքը: Հայութիւնը կեցուածք կ’որդեգրէր հարիւրէ աւելի այլ պետութիւններու կողքին, մանաւանդ որ ինքն ալ տուժած էր Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութենէն, ինչպէս նաեւ ատով երախտագիտութիւն արտայայտած կ՛ըլլար արաբ ժողովուրդին: Արաբական երկիրներն էին, որ Տէր Զօրի անապատներէն վերապրած հայ տարագրեալներուն քաղաքացիի բոլոր իրաւունքները շնորհած էին։ Արդեօ՞ք Իսրայէլի կառավարութիւնը պահ մը մոռցեր էր, որ Իսրայէլի ժողովուրդը Եւրոպայի մէջ Holocaust-ի ենթարկուեր էր Հայոց Ցեղասպանութեան օրինակով:
Իրան, կարելի է ըսել, առանց բացէ ի բաց յայտարարելու, Հայաստանի համար աւելի յուսալի դաշնակից է։ Ան Թուրքիոյ հետ թէ՛ գործակցութիւն եւ թէ տարակարծութիւն ունի։ Իրան դէմ է Ատրպէյճանին, որ պահանջք ունի Ատրպատականէն, ուր աւելի քան ինը միլիոն ազերիներ կ՛ապրին։ Այսինքն, Ատրպէյճան Իրանի մասնատումը կը հետապնդէ եւ կը ձգտի Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանին կապող «միջանցք» մը ստեղծել: Իրան կը ջանայ համոզել Պաքուն, որ այդ միջանցքը Սիւնիքէն անցնելու փոխարէն, Իրանով անցնի։ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առեւտրական եւ ընդհանրապէս տնտեսական կապերը շատ զօրաւոր են։ Այսօր իրանեան ընկերութիւններ Սիւնիքի մէջ ռազմավարական նշանակութեամբ ճանապարհներ կը կառուցեն։
Հնդկաստանի եւ հայութեան միջեւ առեւտրական եւ մշակութային սերտ յարաբերութիւնները պատմութեան խորքերէն կու գան։ Միւս կողմէ, Հնդկաստանի հինտու կառավարութիւնը հեշտ աչքով չի նայիր Հնդկաստանի իսլամ ազգաբնակչութեան: Փաքիստանի թունդ իսլամ կառավարութիւնը Քաշմիրի հարցով մշտապէս հակամարտութեան մէջ է Հնդկաստանի հետ։ Չմոռնանք որ այս երկու երկիրները հիւլէական ուժի տէր են։ Հնդկաստան յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Հայաստանի զինուած ուժերու արդիականացումին եւ հզօրացումին։ Այսպէս, անցեալ Սեպտեմբերին Հնդկաստան, հակառակ Ատրպէյճանի բուռն հակազդեցութեան, Հայաստանին սպառազինութիւն վաճառեց։
Երբ ատրպէյճանական ուժերը թափանցեցին Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս, Հնդկաստան, տեսնելով Հարաւային Կովկասի մէջ իր առեւտրական, տնտեսական եւ ապահովական շահերուն սպառնացող վտանգը, Պաքուի կողմէ բռնի ուժի կիրառումը, հրաժարեցաւ երկու կողմերուն ալ ուղղուած խնդիրները խաղաղ բանակցութեամբ լուծելու ընդհանուր կոչերէն եւ անցաւ Հայաստանի պաշտպանական կարողութիւնները ամրացնելու քաղաքականութեան։
Երկու երկիրներուն միջեւ 2023ի Սեպտեմբերին կնքուած դաշինքի հիմամբ, Հնդկաստան Հայաստանին տրամադրեց 250 միլիոն տոլար արժողութեամբ պաշտպանական եւ յարձակողական արդիական զէնքեր: Ան կը նախատեսէր, որ Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Փաքիստան ծայրայեղ սիւննի իսլամական եռեակը, իրենց կողքին ունենալով Իսրայէլը իր արդիական dron-ներով, խախտելով Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական ուժերու հաւասարակշռութիւնը, Հայաստանը ծունկի բերելէ ետք, կրնային նաեւ օր մը Քաշմիրի դռները բախել։
Միացեալ Նահանգները թէեւ աշխարհագրականօրէն հեռու է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն, սակայն որպէս գերհզօր պետութիւն, հետամուտ է այդ տարածաշրջանը խաղաղ, կայուն եւ հաւասարակշռուած պահելու։ Հետեւաբար, մեկնելով այն իրողութենէն, որ Ատրպէյճան բռնի եւ միակողմանի կերպով «լուծեց» Ղարաբաղի հարցը, ի հեճուկս Մինսքի խումբին, որուն մաս կը կազմէին Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Ֆրանսա, եւ որ պաշտօն ունէր միջամտելու եւ բռնի ուժի գործադրութիւնը բացառելով, երկուստեք ընդունելի լուծումի մը յանգելու, այժմ Ամերիկայի շահերը կը պահանջէին, որ պարտուած եւ տկարացած Հայաստանին աջակցութիւն ցոյց տայ եւ փորձէ վերականգնել ռազմական հաւասարակշռութիւնը։ Չմոռնանք որ Միացեալ Նահանգներու մէջ շուրջ մէկ միլիոն ծագումով հայ քաղաքացիներ կան, որոնք զօրաւոր, գործունեայ եւ սերտ կապեր հաստատելով թէ՛ հանրապետականներու եւ թէ դեմոկրատներու հետ, հետեւողականօրէն, ի շահ Հայաստանի եւ արցախահայութեան, իրազեկումի աշխատանք յառաջ կը տանին քաղաքական գետնի վրայ:
Միացեալ Նահանգներու ներկայ նախագահ Ճօ Պայտըն առաջին անգամ ըլլալով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Յայտնապէս Ամերիկայի բռնած դիրքը այն է, որ թէեւ չի կրնար ուղղակիօրէն Հայաստանի անվտանգութիւնը երաշխաւորել, սակայն կրնայ զանազան միջոցներով զօրացնել անոր տնտեսական եւ մինչեւ իսկ ռազմական կարողութիւնները։ Միացեալ Նահանգներ քաջալերած էր նաեւ Ֆրանսան, Գանատան եւ մասամբ Գերմանիան, որ իրենք եւս նոյն ընթացքը բռնեն։ Ինչպէս գիտենք, Ֆրանսան քաղաքական թէ դիւանագիտական աջակցութիւն ցոյց կու տայ Հայաստանին եւ արդիական զինատեսակներ կը տրամադրէ հայկական բանակին։
Միացեալ Նահանգներ խորհուրդ կու տայ նաեւ, որ Հայաստան չափաւորէ Ռուսիայէն հեռանալու եւ իր տնտեսական թէ քաղաքական յարաբերութիւնները բազմածիր դարձնելու (diversify) տենդագին գործունէութիւնը։ «Արջը չգրգռել», ինչպէս որ The Economist շաբաթաթերթը ամիս մը առաջ յօդուածով մը պիտի մատնանշէր։ Այս կը պահանջեն ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու շահերը: Չմոռնանք որ այսօր Ուաշինկթըն ամէնէն ընդունելի միջնորդը նկատուած է Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ան ազդանշան տուած է Գերմանիոյ, որ ինք ստանձնէ այդ դիրքը։
Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած ուժերու նոր փոփոխութենէն, Ղարաբաղի տարածքէն հայութեան բռնի հեռացումէն, Վրաստանի մէջ տեղի ունեցող հակաեւրոպական շարժումներէն եւ Ուքրանիոյ շարունակուող պատերազմէն ետք Եւրոպական Միութեան համար Հարաւային Կովկասը դադրած է որպէս սոսկ առեւտրական եւ ուժանիւթի կարեւոր հանգոյց նկատուելէ, այլ վերածուած է լուրջ ապահովական կռուանի, իսկ Հայաստանի համար, ինչպէս տեսանք, գոյութենական հարցի։ Հայաստանը կարիք ունի հետզհետէ դուրս գալու ռուսական ծիրէն, այսինքն ջանալու որդեգրել եւրոպական կարգեր։
Ուստի բնական մերձեցում մը ստեղծուած է երկուստեք։ Հայաստանի ներկայ կառավարութեան ընտրանքը Եւրոպական Միութեան հետ ձեռք ձեռքի տալն է, որ կը նշանակէ ժողովրդավարական եւ դատական համակարգի բարեկարգութիւններ։ Հայաստան իր այս քաղաքականութիւնը սկսաւ վարել 2020ի 44օրեայ պատերազմէն ասդին։ Հայաստանի խաղաղութեան համար ուրիշ ելք չկայ։ Այս է Հայաստանի ստիպողական կարիքը՝ ուս-ուսի քալել Եւրոպական Միութեան հետ։
Մոսկուա, նկատի առնելով որ խորքին մէջ Հայաստան եւ Ատրպէյճան հակամէտ են Արեւմուտքին յանձնուելու, որով կրնայ ամբողջ Հարաւային Կովկասը կորսնցնել, Վրաստանը իր ծիրին մէջ պահելու ուղղութեամբ ճիգեր կը գործադրէ, խոստանալով Աբխազիան եւ Հարաւային Օսէթիան վերամիաւորել Վրաստանին, դաշնակցային կամ համադաշնակցային դրութեամբ։ Այս մէկը մեծ խռովութիւն պիտի յառաջացնէր Վրաստանի մէջ։ Այսօր Վրաստանի մէջ տիրող քաղաքական կացութիւնը այն է որ խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութիւնը (տիրող կուսակցութիւնը «Վրացական Երազանք» կը կոչուի) Ռուսիոյ կը յարի։
Վրաստանի իշխանութիւնները իրենց դիմաց որպէս ընդդիմադիր ունին երկրին նախագահուին, որ եւրոպականութեան կողմնակից է։ Վրաստան արդէն ընդունուած է որպէս Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու։ Իրերու այս կացութեան մէջ, գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն յայտնապէս ռուսամէտ հոսանքն է, որ յաղթանակ պիտի տանի։ Այսինքն հաւանականօրէն Վրաստան պիտի մտնէ ռուսական ազդեցութեան ծիրին մէջ։
Եզրափակելէ առաջ առհասարակ Հարաւային Կովկասի եւ մասնաւորաբար Հայաստանի իրավիճակին մասին մեր ներկայացուցած համապարփակ այս պատկերը, մատնանշելով շրջանային եւ միջազգային դերակատարներուն վարած քաղաքականութիւնը, կը խորհինք թէ կարեւոր է, ամփոփ գիծերու մէջ, տալ նաեւ հակառակորդին տեսակէտները։ Ատով է որ կ՛ամբողջանայ այն պատկերը, զոր մեր երկիրը եւ Սփիւռքի հայութիւնը պէտք է ճանչնայ, որպէսզի կարենայ խելացի եզրակացութիւններու յանգիլ:
Ատրպէյճան, իր կողմէ դիտած, Ղարաբաղի հարցը «լուծած» ըլլալով, կը խորհի թէ կան յստակ յաղթած եւ պարտուած կողմեր: Հետեւաբար, ան պարտադրուած չի զգար արագացնելու Հայաստանի հետ սահմանազատումի եւ սահմանագծումի գործընթացը, նաեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը, մանաւանդ դիւրութեամբ վերստացած ըլլալով Տաւուշի սահմանակից իր կորսնցուցած գիւղերը: Կը մնայ, ըստ Ալիեւի, որ Հայաստան փոխէ իր Սահմանադրութիւնը, վերցնելով անկէ հռչակագրի այն բաժինը, ուր ակնարկութիւն կայ Ղարաբաղը Հայաստանին հետ վերամիաւորելու մասին: Պաքու նաեւ կը պահանջէ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող, Հայաստանի տարածքէն անցնող եւ իր հակակշռին տակ եղող «միջանցք» ը։ Բացարձակապէս մերժելով այդ պահանջը, Հայաստան կ’աշխատի շուտով վերջնական ձեւի մէջ մտցնել առկախ մնացած հարցերը, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար, այլապէս Պաքու պիտի շարունակէ իր ոտնձգութիւնները այս կամ այն պատրուակով:
Այժմ եզրափակենք մեր խորհրդածութիւնները:
Si Vis Pasem Para Bellum դասական լատիներէնով ըսած է հռոմէացի Հատրիան կոչուած կայսրը, Քրիստոսէ ետք երկրորդ դարուն, որ կը նշանակէ․«Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես, պատրաստուէ պատերազմի»։ Հայաստանի իշխանութիւնները երեւութապէս այդ կը փորձեն ընել ներկայիս:
Դէպի Արեւմուտք մերձեցումը Հայաստան պէտք է զգոյշ եւ հանդարտ քայլերով ընէ, չգրգռելու համար Ռուսիան, որ կրնայ թէ՛ օգտակար եւ թէ ալ վնասակար դեր կատարել։ Հաւասարակշռուած եւ հանդարտ քաղաքականութիւնը կարեւոր է, այլապէս կը մնանք տկար, հակամէտ ճզմուելու միջազգային խաղերու ոտքերուն տակ: Տնտեսական ուժն ալ նոյնքան կարեւոր է: Հայաստան, 2020էն ասդին այդ կը ձգտի ընել, diversify ընելով իր յարաբերութիւնները:
Կ՛ուզենք նաեւ ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել այն իրողութիւնը որ ներկայիս Եւրոպան եւ Ամերիկան շատ կարեւոր հանգրուաններէ կ՛անցնին։ Եւրոպական ընտրութիւնները ցոյց տուին, թէ Եւրոպայի մէջ ծայրայեղ աջերը գետին շահած են, իսկ Ամերիկայի գալիք նախագահական ընտրութիւնները կրնան խիստ մտահոգիչ եւ անկանխատեսելի հետեւանքներու դուռ բացող բարդ կացութիւն մը ստեղծել։
Վերոյիշեալ իրողութիւնները կրնան ուղղակի կամ անուղղակի իրենց ազդեցութիւնը ունենալ Հայաստանի ապագային վրայ։ Վերեւ յիշուած մեր կարգ մը տուեալները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ։ Կը յուսանք որ վերոյիշեալ խորհրդածութիւններով կրցանք պարզել ընթերցողին համար այն բոլոր բարդ իրողութիւնները, որոնք կը պայմանաւորեն մեր երկրին ապագան:
Մեր համայն ժողովուրդին կը մնայ ըլլալ միակամ եւ բոլորուիլ մեր պետութեան շուրջ, անկախ թէ ով է իշխանութեան գլուխ:
Կլենտէյլ,
16 Յուլիս 2024