ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

Ծանօթ.- Ասիկա առաջինն է երկու բաժինով յօդուածաշարքի մը, ուր պիտի ջանանք լուսարձակի տակ առնել Հարաւային Կովկասի եւ աւելի անդին տեղի ունեցող դէպքեր, իրողութիւններ ու նորանոր աշխարհաքաղաքական զարգացումները, յուսալով, որ այդ բոլորին մասին յստակ տեղեկութիւններ ունենալը կրնայ որոշ չափով լուսաբանել մեր հանրային կարծիքը, կամ առնուազն խթանել մտածողութիւնը ոմանց մօտ, աւելի աննախապաշար մօտեցում ցուցաբերելու մեր ժողովուրդը եւ հայրենիքը ներկայիս տագնապեցնող վտանգներուն եւ հիմնահարցերուն նկատմամբ: Երկրորդ յօդուածով աւելի խորքային եւ վերլուծական կերպով պիտի անդրադառնանք ներկայ յօդուածին մէջ ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուած խնդիրներուն:
Բոլորին ծանօթ իրողութիւն է, որ ներկայիս Հայաստան ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ գոյութեան պայքար կը մղէ, երբ Ատրպէյճան, կայծակնային արագութեամբ, մէկ օրուան պատերազմի ընթացքին, վերջ դրած էր Արցախի անկախ հանրապետութեան ու սարսափահար հայ բնակչութիւնը դէպի Հայաստան բռնագաղթի՝ցեղային զտման (ethnic cleansing) ենթարկած:
Միւս կողմէ, երկրին ներքին վիճակը մատնուած է պառակտումի, ցոյցերու, քաղաքացիական անհնազանդութեան քայլերու եւ բեւեռացման, շատ անախորժ ու անապահով վիճակ մը ստեղծելով, եւ ասիկա, այնպիսի հանգրուանի մը, երբ երկրին գոյութիւնը կրնայ խնդրոյ առարկայ դառնալ:
Ահա այս անկիւնադարձային, խիստ վտանգաւոր ու անակնկալօրէն նոր պայթումներու ատակ անախորժ կացութիւնն է, որ մեզ կը մղէ սոյն յօդուածը գրելու: Գիտակից եմ, որ ներկայ ժխորին մէջ, երբ այլազան անձերէ ու հատուածներէ, վերէն վար, պատգամներ ու յայտարարութիւններ կ՛արձակուին, մեր ըսելիք խօսքերը կրնան զոհ դառնալ տիրող խառնիճաղանճ դրութեան: Հակառակ այս բոլորին, յանձն կ՛առնենք ժողովրդավարական ոգիով, մեր կարծիքը յայտնել, յենելով յստակ եւ առարկայական տուեալներու վրայ:
Ամէն բանէ առաջ կարեւորութեամբ ընդգծենք այն իրողութիւնը, թէ այսօրուան Հարաւային Կովկասը այլեւս դադրած է Խորհրդային Միութեան աննշան ծայրագաւառը ըլլալէ: Ան այսօր կիզակէտը դարձած է Եւրասիոյ միջեւ առեւտրական, փոխադրական ու աշխարհաքաղաքական առումով: Քանզի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, Լեռնային Ղարաբաղի 2020ի Սեպտեմբերին տեղի ունեցած 44օրեայ պատերազմը, հիմնական յեղաշրջում մը յառաջացուց տարածաշրջանին մէջ: Ուժերու հաւասարակշռութեան տեղաշարժ մը, այսպէս կոչուած power balance shift մը:
Այդ փոփոխութեան հետեւանքով, Ռուսիա իր բացարձակ գերակշռութիւնը կորսնցուցած է Հարաւային Կովկասի տարածքին, հակառակ այն իրողութեան, որ 2000ի հասնող խաղաղապահ զօրակազմ ուղարկած էր Լեռնային Ղարաբաղ: Փաստերը այն ցոյց կու տան, թէ Մոսկուա աւելի սիրաշահելու համար Ատրպէյճանը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէն հեռու պահելու համար OSCE Minsk Group-ը, իր համաձայնութիւնը տուած էր Պաքուին, որ վերատիրանար Ղարաբաղին, ներառեալ Շուշիին: Արցախը փրկելով, Մոսկուա որոշ չափով իր վարկը փրկած կ՛ըլլար:
Թուրքիա եւ Ռուսիա թէ՛ սերտ գործակիցներ եւ թէ հակառակորդներ են աշխարհաքաղաքական առումով: Արդարեւ, դիւանագիտութիւնը բարձր մակարդակի վրայ կրնայ բաժանելի ըլլալ (politics on high level is divisible): Ասիկա ընդունուած իրողութիւն մըն է:
Պաքու իր քաղաքական ու ռազմական հաշուարկումներով, Թուրքիոյ եւ գուցէ Իսրայէլի իշխանութեանց խորհուրդով, 2023ի Սեպտեմբերին, «Գորդեան հանգոյց»ին պէս, միակողմանի զինուորական ուժով, մէկ օրուան մէջ «լուծեց» Լեռնային Ղարաբաղի թնճուկը: Ռուս խաղաղապահ ուժերը անտարբեր մնացին կատարուած իրողութեան առջեւ: Միւս կողմէ, միջազգային հանրային կարծիքն ալ, փաստօրէն, չէզոք դիրք բռնեց, մինչ արեւմտեան լրատուական միջոցները, շաքարածածկ արտայայտութիւններով, որոշ համակրանք ցուցաբերեցին հայութեան հանդէպ: Սակայն կարծր իրողութիւնը այն էր, թէ ի նպաստ հայութեան ոչ մէկ միջամտութիւն տեղի պիտի ունենար:
Վերոյիշեալ աշխարհաքաղաքական արագ տեղի ունեցող յեղաշրջումներուն վրայ կու գար բարդուելու Ռուսիոյ ներխուժումը Ուքրանիա, 2022ի Փետրուարին, որ ի միջի այլոց, ծանրօրէն պիտի ցնցէր Հարաւային Կովկասը եւ երկար հասողութեամբ (long term) անդրադարձ պիտի ունենար Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ: Հարաւային Կովկասը հանդէս պիտի գար որպէս խիստ կարեւոր տարածաշրջան մը Եւրասիական ապահովութեան առումով:
Մոսկուա կը նկատէր, որ Հարաւային Կովկասի տարածքի ուժերու խախտած հաւասարակշռութեան մէջ, Հայաստան եւ Ատրպէյճան դէպի Արեւմուտք կը յարէին, ուստի հարկ էր Մոսկուայի համար, Վրաստանը ներքաշել իր ազդեցութեան գօտիին մէջ: Ներկայիս Վրաստանը խառնակ վիճակի մէջ է: Կառավարութիւնը կողմնորոշուած է Ռուսիոյ ի նպաստ, մինչ երկրի նախագահուհին եւ ընդդիմութիւնը՝ դէպի Եւրոպական Միութիւն: Իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ Ռուսիոյ կողմնակիցները պիտի շահին: Բայց վերջին խօսքը ըսուած չէ տակաւին:
Հայաստանի պարագային, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ղարաբաղեան 44օրեայ պատերազմէն սկսեալ, այն դասը քաղեր էր, որ Հայաստանը ռազմավարական մեծ սխալ մը գործած էր իր ապահովութեան ու հողային ամբողջականութեան առումով, այսպէս կոչուած, բոլոր հաւկիթները մէկ կողովի մէջ դնելով: Հարկ էր, հնարաւոր չափով այլընտրանք գտնել: Վարչապետ Փաշինեան, այդ շրջանէն սկսեալ, սկսած էր բացայայտօրէն մերձեցում ցոյց տալ դէպի Եւրոպական Միութիւն, հեռանալով Մոսկուայէն: Վերջինս բուռն կերով պիտի հակազդէր Հայաստանի իշխանութեանց վարած արտաքին նոր քաղաքականութեան դէմ:
Անգլիական ազդեցիկ շաբաթաթերթը՝ The Economist-ը, իր Դեկտեմբեր 2023ի թիւին մէջ մտահոգիչ յօդուած մը հրատարակած էր, որուն խորագիրն էր՝ Poking the Bear – Armenia is Turning against Russia: Միեւնոյն յօդուածին մէջ կ՛երեւէր նաեւ սպառնական ու ազդարարական հետեւեալ յայտարարութիւնը, ռուսական բարձր մակարդակի աղբիւրներու կողմէ. «Վարչապետ Փաշինեան կը հետեւի Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի քայլերուն»: Այսինքն՝ արեւմտեան ազդեցութեան գօտիին մէջ կը ներգրաւուի:
Ռուսական վերոյիշեալ ազդարարութիւնները մեծապէս կը վնասեն Հայաստանի կենսական շահերուն: Ակնյայտ է, թէ հակառուս ծայրայեղ զգացումները լայն գետին գտած են Հայաստանի մէջ, տրուած ըլլալով որ Մոսկուան մեզ լքեց որպէս դաշնակից, հակառակ մեր օգնութեան կոչերուն: Սակայն չմոռնանք, որ նոյնիսկ ներկայ պայմաններուն տակ, մեծ չափով Ռուսիոյ հետ են առեւտրական մեր շահերը: Ան է, որ աւելի աժան գինով բնական կազ եւ քարիւղ կու տայ Հայաստանին: Առեւտուրը բացարձակ տոկոսով իրեն հետն է: Միլիոնաւոր հայեր Ռուսիա հաստատուած են եւ Հայաստան նիւթական օգնութիւն (remittance) կը ղրկեն իրենց հարազատներուն: Տակաւին, ռուս զինուորներն են, որ կը հսկեն Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան սահմանային գօտիները:
Վերոյիշեալ մտահոգութիւններէն առաջնորդուած, կրնանք ըսել, որ եթէ մէկ կողմէ նպաստաւոր է մեր ամէն տեսակի յարաբերութիւնները աւելի տարածելը (diversify) Արեւմուտքի հետ, միւս կողմէ, սակայն, հեռու պէտք է մնալ ծայրայեղութիւններէ: Խիստ կարեւոր է մեր երկրին շահերուն համար չափաւորելը ու կարելի չափով բնականոն յարաբերութիւններ պահելը Ռուսիոյ հետ:
Շատ կարեւոր է նաեւ մտահան չընել այն իրողութիւնը, թէ Ամերիկա եւ ՆԱԹՕն չեն կրնար Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորել, բայց կրնան օգտակար հանդիսանալ: Ամերիկան, փաստօրէն, կը հետապնդէ աւելի զգուշաւոր մարտավարութիւն մը, որ կը նկատէ իր եւ Հայաստանի շահերուն համապատասխան: Ամերիկեան եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներ, առաւելաբար Ֆրանսան, Գերմանիան եւ առաւել ըլլալով Գանատան, կրնան մեծապէս նպաստել ինքնապաշտպանութեան զօրացումին: Անոնք միեւնոյն ատեն Հայաստանի ղեկավարութեան կը թելադրեն զգուշաւոր կեցուածք որդեգրել:
Չմոռնանք նաեւ, առանց մտնելու մանրամասնութեանց մէջ, որ Իրանն ու Հնդկաստանը ներկայիս կը նպաստեն Հայաստանին, ռազմական եւ տնտեսական տեսակէտով: Հայաստան ունի նաեւ հսկայ առաւելութիւն մը: Ան տուեալները ունի դառնալու աշխարհի ճարտարագիտական (technology) կարեւոր կեդրոններէն մին՝ Հարաւային Կովկասի Silicon Valley-ն:
Չմոռնանք Կազայի պատերազմը: Մենք շատ մը դասեր ունինք քաղելիք ատկէ: Ամէն բանէ առաջ՝ զգուշաւոր, չափաւոր ու սահման (limit) որդեգրող արտաքին քաղաքականութիւն մը: Շատ դժուար է բոլորովին դուրս գալ ռուսական ծիրէն: Հակառակ այն իրողութեան որ Մոսկուան շատ զբաղած է Ուքրանիոյ պատերազմով, եւ հակառակ Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն (sanctions), ան տակաւին ի վիճակի է Հայաստանին աղէտալի գին վճարել տալու, եթէ Հայաստան փորձէ ինքզինք բոլորովին հեռացնել իրմէ եւ ներգրաւուիլ արեւմտեան ազդեցութեան ծիրին մէջ: Այնպէս կը թուի, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները անդրադարձած են այդ իրողութեան: Ինչպէս վերեւ մատնանշեցինք, Ամերիկան եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները, ըստ երեւոյթին, իրենք ալ թելադրած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին վարել աւելի զգոյշ եւ չափաւոր քաղաքականութիւն:
Վերոյիշեալ մեր պարզած իրողութիւններէն մեկնելով, կը խորհինք թէ Հարաւային Կովկասը դարձած է աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական կարեւոր կիզակէտ: Ներկայ քաղաքական զարգացումները Հայաստանն ու Վրաստանը դրած են նոր վտանգներու առջեւ: Մեծապետական եւ շրջանային կարգ մը երկիրներ, տենդագին կը ջանան իրենց տնտեսական եւ քաղաքական ազդեցութիւնը զօրացնել Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած նոր կացութեան լոյսին տակ:
Իրերու այս կացութեան մէջ ի՞նչ է Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ պարզուած իրավիճակը: Ցաւալի է որ ներկայիս խառնաշփոթ, այլամերժ ու բեւեռացուած կացութեան մէջ կը գտնուի երկիրը, աւելի անկայուն դարձնելով զայն, աւելի առիթ ընծայելով մեր հակառակորդ Ատրպէյճանին, որ ջանայ օգտուիլ Հայաստանի մէջ տիրող վիճակէն: Այսինքն, նորանոր զիջումներ պարտադրելու համար ի վնաս Հայաստանի հողային ամբողջականութեան:
Ներկայիս, ինչպէս կը նկատէք, որպէս ընդդիմադիր Ճակատ հրապարակ իջած են նախկին պետական թէ քաղաքական դէմքեր, կուսակցութիւններ, հոգեւորականներ եւայլն, ունենալով մէկ հասարակաց նպատակ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պաշտօնանկ ընել, զայն փոխարինելու համար Բագրատ արք. Գալստանեանով: Հոս, լայն շունչ մը առնելով հարց տանք:
Այսօր, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազգային ժողովը, որոնք ընտրուած են ժողովրդային քուէարկութեամբ, կ՛աշխատին յաղթական Ատրպէյճանին հետ խաղաղութեան ելք մը գտնել երկխօսութեամբ, բնականաբար նուազագոյն զիջումներ ընելով հզօր թշնամիին, մանաւանդ որ, ինչպէս տեսանք, մեր տկար երկրին կռնակ կեցող մեծապետական ուժ մը չկայ: Ներկայ կառավարութեան ընդդիմադիր հոսանքը, այսպէս կոչուած նոր վարչակարգը, Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը վար առնելէ ետք, ինչպիսի՞ արտաքին քաղաքականութիւն պիտի վարէ, ի՞նչ ուժի յենելով: Մենք նման ծրագիր ցարդ չտեսանք: Այլընտրանք չհրամցուեցաւ մեր հանրային կարծիքին:
Մենք կը ջանանք մեր քննարկումներուն մէջ ըլլալ առարկայական ու աննախապաշար: Աւելցնենք նաեւ, որ մենք ջատագովը չենք վարչապետ Փաշինեանի գործելաոճին ու մտածելակերպին: Ան իր առած քայլերուն մէջ գրեթէ առանձին կը շարժի, կռթնած իրեն համախոհ անձերու խմբակի մը, հարցերը Ազգային ժողովին ներկայացնելէ առաջ: Նման գործելակերպը ժողովրդավարական սկզբունքներու չի համապատասխաներ: Միւս կողմէ, մենք ըմբռնումով կը վերաբերինք առնուող այն քայլերուն, որոնք իրատեսօրէն կ՛առնուին, մեկնելով de facto առկայ եղող իրականութենէն:
Որոշ զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը վերաբերինք նաեւ ներկայիս մեր երկրի մռայլ հորիզոնին վրայ ուրուագծուող շարք մը երեւոյթներու: Այսօր Երեւանն ու Պաքուն երեւութապէս ընտրած են ուղին՝ երկխօսութեամբ լուծելու երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անլոյծ հիմնահարցերը, մեկնելով, այսպէս կոչուած Alma Ata Protocol-էն: Համաձայն այդ հռչակագրին, Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պաշտօնապէս ճանչցած են երկու երկիրներուն գերիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը, որ գոյութիւն ունէր Խորհրդային Միութեան լուծարման պահուն: Այս հռչակագիրը հաստատագիր մըն է Հայաստանի հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան:
Երբ սկիզբ առած էր սահմանազատումի եւ սահմանագծումի գործընթացը, Պաքուն պայման դրած էր Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Տաւուշի շրջանի ատրպէյճանական չորս գիւղերու վերադարձը Ատրպէյճանին: Վարչապետ Փաշինեան ընդունած էր այդ առաջարկը, որ մեծ աղմուկ պիտի յարուցանէր երկրին ընդդիմադիր հոսանքին մօտ, արդարօրէն այն պատճառաբանութեամբ, թէ ատրպէյճանցիները ինչո՞ւ զուգահեռաբար չէին հեռանար իրենց կողմէ բռնագրաւուած Հայաստանի հողերէն: Փաշինեան կը պատճառաբանէր, թէ որպէս պարտուած կողմ, ուրիշ ընտրանք չունէր: Ան մտավախութիւնը ունէր, որ ատրպէյճանցիները հողային ամբողջականութեան պատճառաբանութիւններ օգտագործելով կրնայի նոր բախումներու դուռ բանալ: Հիմնականին մէջ, այդքան ալ կարեւոր չէր այդ հարցը, քանի Պաքուն սկզբունքով ընդունած էր երկկողմանի կերպով լքել գրաւեալ հողերը:
Ի դէպ, Ամերիկայի պետական քարտուղար Պլինքըն, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Կիւթերեշ, եւ եւրոպական թէ միջազգային այլ կողմեր, ողջոյնի եւ քաջալերական խօսքերով հանդէս եկան, ի տես Պաքու-Երեւան յայտարարուած հաշտութեան գործընթացին: Նշենք, որ Ատրպէյճանի համար որպէս այլընտրանքային կարելիութիւն, Իրան համաձայնութիւն յայտնած է, որ Ատրպէյճանը Նախիջեւանին միացնող միջանցքը Իրանի հողերէն եւ ոչ թէ Սիւնիքէն անցնի:
Ահա մօտաւոր պատկերը մեր երկրին դիմագրաւած իրադրութեան: Մեզի կը մնայ հանդարտ, շրջահայեաց եւ ազգային միակամ ոգիով դիմագրաւել համաշխարհային եւ տարածաշրջանային յառաջիկայ զարգացումները, բայց մանաւանդ, վերջ տալ նեղ նկատառումներէ մղուող եւ ոչ բովանդակային մօտեցումներով կողմնորոշուող մեր ներքին վերիվայրումներուն, որոնք կրնան միայն վնասել մեր գոյութեան եւ ապահովութեան:
Կլենտէյլ