Պաղեստինեան 14 խմբաւորումներ, ներառեալ՝ «Համաս»ը եւ «Ֆաթըհ»ը, Չինաստանի հրաւէրով, մայրաքաղաք Պէյժինկի մէջ իրենց եռօրեայ ժողովի աւարտին յայտարարեցին, որ համաձայնութիւն գոյացուցած են՝ հասնելու «ազգային համապարփակ միասնութեան եւ գոյացնելու ազգային համաձայնութեան ժամանակաւոր կառավարութիւն մը»:
Անոնք յանձնառութիւն յայտնեցին ՄԱԿի որոշումներուն համահունչ՝ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով Պաղեստինի անկախ պետութեան ստեղծման եւ ըստ ՄԱԿի թիւ 194 որոշումին, տունդարձի երաշխաւորման նկատմամբ:
Ըստ ստորագրուած հաղորդագրութեան՝ կազմուելիք կառավարութիւնը պիտի սկսի պաղեստինեան պետութեան բոլոր հողերուն վրայ կառոյցներու միաւորման եւ Կազայի վերակառուցման, ինչպէս նաեւ կարելի եղածին չափ շուտ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու ճամբան հարթելու:
Պաղեստինեան խմբաւորումները համաձայնեցան դիմադրել եւ ձախողութեան մատնել պաղեստինցիները տեղահան դարձնելու փորձերը եւ անօրինական նկատեցին իսրայէլեան բնակեցման վայրերը եւ անոնց ընդլայնումը:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի «Պէյժինկի հռչակագիր»ի ստորագրութեան արարողութեան ընթացքին յայտարարեց, որ համաձայնութեան կարեւորագոյն կէտը պատերազմէն ետք Կազայի կառավարման շուրջ ազգային հաշտութեան կառավարութեան կազմութեան հարցն է:
«Իսլամական Ճիհատ» շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Իհսան Աթայա աւելի ուշ նշեց, որ Չինաստանի մէջ պաղեստինեան երկխօսութեան աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան սպրդած տարբերակը ճշգրիտ չէ, որովհետեւ շարժումը մերժած է որեւէ բանաձեւում, որ բացայայտ կամ տողատակի կերպով կը ճանչնայ Իսրայէլը: