Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց ՆԱԹՕին կոչ ուղղեց՝ Թուրքիան դաշինքէն վտարելու` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «Թուրքիան կրնայ Իսրայէլ մուտք գործել, ճիշդ ինչպէս Արցախ եւ Լիպիա մուտք գործած էր» յայտարարութեան համար:
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Իսրայէլ ներխուժելու սպառնալիքներուն եւ անոր վտանգաւոր հռետորաբանութեան լոյսին տակ, արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց դիւանագէտներուն ցուցմունք տուաւ՝ շտապ կապ հաստատել Հիւսիսատլանտեան դաշինքի բոլոր անդամներուն հետ, կոչ ուղղելով՝ դատապարտելու Թուրքիան եւ զայն դաշինքէն վտարել պահանջելու», հաղորդեց Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան Կիրակի երեկոյեան յայտնած էր հետեւեալը. «Պէտք է շատ հզօր ըլլանք, որպէսզի Իսրայէլը չկարենայ բռնագրաւեալ Պաղեստինին այս բաները ընել: Ճիշդ ինչպէս Ղարաբաղ մուտք գործեցինք, ճիշդ ինչպէս Լիպիա մուտք գործեցինք, կրնանք նոյնը անոնց ընել: Չկայ բան մը որ չենք կրնար ընել: Միայն պէտք է հզօր ըլլանք»:
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իրաքի մահացած նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի քայլերուն կը հետեւի եւ կը սպառնայ Իսրայէլի վրայ յարձակիլ: Ան պէտք է յիշէ, որ այդ մէկը ինչպիսի՛ աւարտ ունեցաւ: Թուրքիա, որ Իսրայէլի վրայ ահաբեկչական յարձակումներու պատասխանատու Համասի կեդրոնատեղին կը հիւրընկալէ, իրանեան չարիքի առանցքին մաս դարձաւ, «Համաս»ի, «Հըզպալլա»ի եւ Եմէնի մէջ հուսիներու կողքին», նախապէս հրապարակուած հաղորդագրութեան մը միջոցով յայտնած էր Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը: