Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երեքշաբթի օր Պայտընի վարչակազմին տուաւ F գնահատականը՝ 2023ին Ատրպէյճանը՝ Արցախի հայերու ցեղասպանութեան ընթացքին զինելուն, աջակցելուն եւ քաջալերելուն համար։
Հրաժարելով պատասխանատուութեան ենթարկել Ալիեւի վարչակարգը իր յանցագործութիւններուն համար, որեւէ իմաստալից քայլի չձեռնարկել արցախահայերու վերադարձը կամ հայ պատանդներու ազատ արձակելը ապահովելու համար, եւ միայն նուազագոյն օգնութիւն ցուցաբերելով վտանգի մէջ գտնուող բռնի կերպով տեղահանուած արցախցիներուն։
Հայ Դատի յանձնախումբը դժգոհ է Պայտըն-Հերիս վարչակազմէն. Անոնք անընդհատ մերժած են լուրջ գործողութիւններու ձեռնարկելէ՝ ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու արցախահայութեան նկատմամբ իր ցեղասպանական յարձակման համար: Անցեալ տարի, Պայտընի լռութիւնը Արցախի հայերուն վերադարձի իրաւունքին նկատմամբ եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) անյապաղ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը չտրամադրելը առաւել քան 120,000 հայ փախստականներուն, որոնք հարկադրուեցան հեռանալ իրենց տուներէն։ 2020ի Արցախի պատերազմին ընթացքին Պայտըն-Հերիս ընտրարշաւը մեծ խոստումներ տուաւ ամերիկահայ համայնքին՝ խոստանալով արգիլել Ատրպէյճանին Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը։
Միայն ամիսներ ետք, Պայտընի վարչակարգը հրաժարեցաւ այդ պարտաւորութենէն եւ, դաւաճանութեան կոպիտ արարքով յայտարարեց Ատրպէյճանի ապահովութեան աջակցելու վերահաստատման մասին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն միայն մէկ օր առաջ: 2022ին, Պայտըն-Հերիս վարչակազմը դարձեալ թոյլատրեց ռազմական օգնութիւնը՝ նոյնիսկ Ատրպէյճանի կողմէ լայնօրէն փաստագրուած մարդու իրաւունքներու խախտումներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը ներխուժելու լոյսին տակ:
Հարաւային Կովկասի մէջ արդար, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւնը կարելի է միայն հաշուետուողականութեան միջոցով: Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղային զտումներուն նկատմամբ դիրքորոշում չունենալը, ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիները ազատ չարձակելը եւ արցախահայութեան վերադարձի միջազգայնօրէն երաշխաւորուած իրաւունքը չապահովելը ոչ միայն կը խրախուսէ Ատրպէյճանի ցեղասպանական ձգտումները, այլեւ վտանգաւոր ազդանշան կ՛ուղարկէ այլ չարաշահող վարչակարգերուն: Այն որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է պաշտպանելու մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքները, միայն այն ժամանակ, որ աշխարհաքաղաքական առումով այդ մէկը յարմար է:
Հայ Դատի յանձնախումբի յայտարարութեան ամբողջութիւնը ընթերցելու համար այցելել կայքէջը: