31 Յուլիսին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Անտրէյ Նասթասին յայտարարեց, որ Ռուսիա կոչ կ՛ուղղէ Պաքուին եւ Երեւանին՝ կացութեան մագլցումէն խուսափելու համար, զգուշութիւն ցուցաբերելու, ռազմական հռետորաբանութենէ խուսափելու եւ ջանքերը կեդրոնացնելու` գտնելու համար փոխընդունելի լուծումներ, որոնք պիտի նպաստեն տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման եւ զարգացման:
Ան նշեց, որ Ռուսիա հանդէս կու գայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բոլոր վիճայարոյց հարցերը ուղղելու տեսանկիւնէն՝ բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ճամբով:
Նասթասին նշեց նաեւ, որ այս մէկուն հասնելու համար ճանապարհային քարտէս կը նկատուի եռակողմ ձեւաչափի վերագործարկումը` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ:
Անդրադառնալով հայերուն` Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձին վերաբերող հարցումի մը` Նասթասին յայտնեց, թէ այնքան ատեն որ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը ձգձգուած բնոյթ ունի, երկարամեայ դիմադրութեան պատճառով երկու կողմերէն հազարաւոր գաղթականներ եւ տեղահանուածներ կան:
«Ռուսիա հետեւողականօրէն հանդէս կու գայ յօգուտ երկու երկիրներուն միջեւ ամուր խաղաղութեան հաստատման: Եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները այդ միտումը ունին` կը նախատեսեն փուլային լուծում առաւել բարդ հարցերու, որոնց կարգին՝ ընկերային-մարդասիրական, երկխօսութեան գործարկում հանրութիւններուն միջեւ: Խօսքը միայն գաղթականներուն չի վերաբերիր, այլ նաեւ յուշակոթողներու աւերումը թոյլ չտալու», ըսաւ Նասթասին։