Հայաստան եւ Ատրպէյճան զգալի յառաջընթաց արձանագրած են խաղաղութեան պայմանագիրի վերջնական ձեւակերպման հարցին մէջ, սակայն միակ խոչընդոտը Հայաստանի Սահմանադրութիւնն է, Հատսընի հիմնարկին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն ընթացքին ըսաւ Միացեալ Նահանգներ այցելող Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:
Ըստ անոր՝ կողմերը երբեք այսքան մօտիկ չեն եղած խաղաղութեան պայմանագիրին:
«Երկու երկիրներուն համար ալ պատմական կարելիութիւն ստեղծուած է՝ փակելու թշնամութեան էջը, փոխելու Հարաւային Կովկասի աշխարհագրութիւնը՝ զայն վերածելու բարի դրացիութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան տարածաշրջանի մը: Այս գործընթացը վաղուց կ՛ընթանայ: Միջնորդութեան շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին շուրջ 30 տարիներէ ի վեր: Սակայն անցեալ տարուան Դեկտեմբերին, երկու երկիրները որոշեցին, որ բանակցութիւնները վարելու եւ աւարտին հասցնելու ամէնէն արդիւնաւէտ եւ խոստմնալից ձեւաչափը երկկողմ եւ ուղիղ ձեւաչափն է: Այդ ատենուընէ ի վեր, զգալի յառաջընթացներ արձանագրուեցան, որոնց կարգին՝ փոխվստահութեան հաստատման եւ որոշ գործընթացներու շարունակութեան, դիւանագիտական աջակցութեան փոխանակման, կրգ մը բանտարկուած անձերու ազատ արձակման եւ սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ գործնական աշխատանքի մեկնարկի հարցերուն մէջ», ըսաւ Ամիրպեքով։
Խօսելով խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան հաւանական ժամկէտներուն մասին՝ Ամիրպեքով յայտնեց, որ անիկա մեծապէս կախեալ է հայկական կողմին պատրաստակամութենէն՝ վերացնելու միակ մնացած խոչընդոտը՝ «Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքային պահանջները Ատրպէյճանէն»։
«Խաղաղութեան համաձայնագրի բովանդակութեան մեծ մասը համաձայնեցուած է: Մնացած բոլոր հարցերը կրնան լուծուիլ, բայց մենք չենք կրնար աւելի հեռու երթալ եւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել՝ աչք փակելով այս հակամարտութեան բուն գոյութենական պատճառին վրայ, այն է՝ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքային պահանջները Ատրպէյճանէն։ Մենք տակաւին վստահ չենք Հայաստանի իշխանութիւններու անկեղծութենէն, երբ անոնք կ՛ըսեն, որ հրաժարած են Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներէն, քանի որ ակնյայտ հակասութիւն կայ անոնց պաշտօնական հրապարակային հռետորաբանութեան եւ սահմանադրական ու իրաւական դաշտին հետ ներկայ իրավիճակին միջեւ: Այս հակասութիւնը պէտք է լուծուի, որպէսզի ճամբայ բացուի դէպի հնարաւոր խաղաղութիւն», ըսաւ ան:
Ըստ Ամիրպեքովի՝ վստահութեան ամրապնդման միջոց կրնայ ըլլալ, այսպէս կոչուած, Զանգեզուրի միջանցքին բացումը, որ կրնայ փոխել խաղի կանոնները ամբողջ տարածաշրջանին համար:
«Ասիկա շահեկան ծրագիր է: Հայաստանի կառավարութիւնը շատ կը խօսի խաղաղութեան խաչմերուկի նախագիծին մասին: Կը կարծեմ, որ անոր իրականացման միակ ուղին Հայաստանին թոյլ տալն է բանալ իր չորս սահմաններէն երկուքը Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ», եզրափակեց Ամիրպեքով: