27էն 28 Յուլիս ին, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ՝ կազմակերպուեցաւ երկօրեայ բանակում-սեմինար մը` նուիրուած Լիզպոն 5 տղոց գործողութեան 41ամեակին։ Անոր մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Արցախի քոյր եւ ուղեկից միութիւններու անդամներ:
Բանակումի 5 խումբերը կը կրէին Լիզպոնի հինգ նուիրեալներուն՝ Վաչէի, Արայի, Սիմոնի, Սեդրակի եւ Սարգիսի անունները:
Բանակումը ընթացք առաւ բանականութեան վերաբերող խաղով, որուն ընթացքին, խումբերը ստուգեցին իրենց գիտելիքները ` հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ:
Բանակումին ընթացքին, արցախցի երիտասարդներուն դասախօսութիւններ տուին Իրանի խորհրդարանի անդամ դոկտոր-փրոֆեսէօր Կարէն Խանլարեան` ներկայացնելով ՀՅԴ զինեալ պայքարը եւ Լիզպոնի 5ին գործողութիւնը, ՀՄԸՄի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Արմոնդ Թահմասեան` ներկայացնելով դաշնակցական երիտասարդին տիպարը եւ զայն յուզող հարցերը, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար, պատմաբան Լեռնիկ Յովհաննիսեան` ներկայացնելով Խանասորի արշաւանքը, Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մհեր Աւետիսեան` ներկայացնելով հայկական 3 կուսակցութիւններուն ծնունդը:
Բանակումին մասնակցող երիտասարդները յուզող հարցերուն մասին անոնց հետ զրուցեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան: Ան երիտասարդները վստահեցուց , որ ՀՅԴ կառոյցները իրենց ամբողջ ներուժով նեցուկ կը կանգնին արցախահայ երիտասարդներուն:
Բանակումին մասնակցողները իրենց ազատ ժամանակը անցուցին խարոյկին շուրջ` ազգային երգերով եւ պարերով: