«Չենք կրնար ձեռնածալ մնալ, եւ պիտի պաշտպանենք մեր, մեր բարեկամներուն ու շրջանի ապահովութիւնը», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի՝ աւելցնելով. ««Համաս» շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկումը կ՛ոտնահարէ միջազգային օրէնքները, եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է յարձակումին հեղինակը հաշուետուութեան ենթարկէ: Պէտք եղած իրաւական եւ քաղաքական քայլերը որդեգրեցինք, եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն կեցուածք կը սպասենք: Թեհրան իրաւունք ունի սիոնական գոյացութիւնը դաստիարակելու, զայն զսպելու եւ ոճիրները դադրեցնելու: Ոչ ոք իրաւունք ունի Իրանին արգիլելու իր դէմ ոտնձգութիւն կատարած կողմին հակադարձելու իրաւունքը կիրարկել: Մենք մեզի կը վերապահենք մեր ազգային անվտանգութիւնն ու մեր հողերուն վրայ մեր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու իրաւունքը: Աշխարհը պէտք է դատապարտէ ահաբեկչութիւնը, եւ պէտք է սիոնական գոյացութիւնը հաշուետուութեան ենթարկելու քայլեր որդեգրէ»:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի իր կարգին յայտնեց, որ երբ սիոնականները ուժեղ եւ վճռական պատասխան մը ստանան, պիտի գիտնան, որ սխալած են:
«Սիոնական գոյացութիւնը ահաբեկեց ժիհատական մարդ մը, որ իր ժողովուրդին իրաւունքները կը պահանջէր, եւ վճռական պատասխան պիտի ստանայ», յայտնեց Սալամի՝ աւելցնելով. «Զինուորական խորհրդատու Զահտիի նահատակութիւնը մեզ հասցուց ինքզինք ուժեղ ըլլալ յաւակնող գոյացութեան սրտին մէջ «Անկեղծ խոստում» գործողութեան, որ արտակարգ էր ու կարեւոր»: