Իսրայէլ կրնայ Իրանը զսպելու համար կանխարգելիչ հարուած հասցնել, եթէ ունենայ յստակ ապացոյցներ, թէ Թեհրան յարձակումի կը պատրաստուի: «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ այս մասին Կիրակի օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հրաւէրով ապահովական մարմիններու ղեկավարներու ժողովէն ետք հաղորդեցին իսրայէլեան լրատուամիջոցները:
Հանդիպումը, որուն մասնակցեցան Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ, Իսրայէլի բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի, Մոսատի ղեկավար Տէյվիտ Պարնէա եւ Շին Պեթի ղեկավար Ռոնեն Պար, տեղի ունեցաւ Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի կողմէ Իսրայէլի վրայ ակնկալուող յարձակումներու նախապատրաստման լոյսին տակ:
«Ետիոթ Ահրոնոթ»ը կը հաղորդէ, որ Նեթանիահուի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ իբրեւ զսպման միջոց Իրանը հարուածելու տարբերակը, թէեւ ապահովական մարմիններու պաշտօնատարները ընդգծեցին, որ այդպիսի քայլ մը պիտի արտօնուի միայն այն պարագային, եչբ Իսրայէլ ստանայ յստակ հետախուզական տուեալներ, որոնք կը հաստատեն, որ Թեհրան յարձակելու կը պատրաստուի, նաեւ պէտք է այս հարցին վերաբերեալ իսրայէլեան հետախուզութեան տուեալները համապատասխանեն Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան տուեալներուն, սակայն նոյնիսկ եթէ անոնք համընկնին, Իսրայէլ կրնայ կանխարգելիչ հարուածի չդիմել:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ խօսքը իսրայէլեան օդուժի հրամանատարութեան ուղղելով՝ ըսաւ. «Պատրաստուեցէ՛ք բոլոր հաւանականութիւններուն, ներառեալ արագօրէն յարձակողականի անցնելուն»: