2024ի Փարիզի 33րդ Ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն, 97 քկ. կշիռի մրցումներուն, 2016ի Ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալակիր Արթուր Ալեքսանեան` երկու մրցումներ յաղթելէ ետք հասաւ կիսաւարտականին, որուն ընթացքին պիտի մրցի Իրանի ներկայացուցիչ Մոհամմէտ Հատի Սարավիի դէմ։
Ալեքսանեանի առաջին մրցակիցը հարաւային քորէացի Սինճուն Քիմն էր, իսկ երկրորդ մրցակիցը՝ ռումանացի Ալեքսու Չիուրարիու։
Ալեքսանեան 8-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրելով՝ հասաւ կիսաւարտականին, երբ պիտի մրցի քուպացի Կապրիել Ռուսիլոյի դէմ։ Անցեալ տարի, Արթուր Ալեքսանեան մրցած էր Ռուսիոյ դէմ աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականին, երբ 3-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր քուպացի իր մրցակիցէն, որ առաւել կէտեր ապահոված էր, քան իր հայ մարզիկը։
Նշենք, որ Ալեքսանեան 2012ի Ողիմպիականին պրոնզ մետալ շահած էր, իսկ 2020ին Թոքիոյի մէջ՝ արծաթ մետալ։
Ան 4 անգամ աշխարհի ախոյեան դարձած է (2014ին, 2015ին, 2017ին եւ 2022ին), իսկ Եւրոպայի ախոյեան՝ 7 անգամ (2012ին, 2013ին, 2014ին, 2018ին, 2020ին, 2023ին եւ 2024ին)։

77 քկ. կշիռի մրցումներուն, Մալխաս Ամոյեան իր կարգին հասաւ կիսաւարտականին, նախ դուրս ձգելով ֆինլանտացի Ճոնի Կունար Սարքքինենը (8-0), ապա քառորդ աւարտականին Ասիոյ ախոյեան, ասիական խաղերու փոխախոյեան եւ Իրանի ներկայացուցիչ Ամին Քավիանինեժատը։ Սակայն, ան չկրցաւ յաղթանակ արձանագրել ճափոնցի Նաօ Քուսաքայի դէմ եւ պիտի պայքարի պրոնզ մետալին համար՝ ատրպէյճանցի Սանան Սուլէյմանովի դէմ:
Ասիկա 25 տարեկան Մալխաս Ամոյեանի առաջին ողիմպիականի ելոյթն է, բայց ան 2021ին աշխարհի ախոյեան դարձած էր, ապա Եւրոպայի ախոյեան 3 անգամ 2022ին, 2023ին եւ 2024ին։