
Մանկավարժ-հայերէնագէտ ուսուցիչներ պատրաստելու համար իր հաստատած կրթական ծրագիրին գործադրութեան ծիրին մէջ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը շարունակէ Սփիւռքէն դիմումնագիրներ ընդունիլ: Ենթակաները իրենց բնակած երկրին մէջ նախ պիտի հետեւին մանկավարժական (education & teaching diploma) դասընթացքներու` ստանալով պսակաւոր արուեստից վկայական (BA), որմէ ետք Հայաստանի մէջ պիտի շարունակեն իրենց ուսումը մասնագիտանալով հայերէնագիտական մարզին մէջ: Կ՛ընդունուին նաեւ ուսանողներ, որոնք իրենց ուսումը` կը փափաքին շարունակել Երեւանի Պետական համալսարանի հայերէնագիտական ամպիոնին մէջ մագիստրոսի երկամեայ ծրագիրով: Թեկնածուները պարտին ունենալ մանկավարժութեան, հոգեբանութեան կամ գրականութեան BA վկայականներ:
Ուսումնառութեան ամբողջական ծախսերը կը ստանձնէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը:
Դիմումնագիրները Համազգայինի գրասենեակ կարելի է ուղարկել central@hamazkayin.com հասցէին: