
«Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա «Հըզպալլա»ի բարձրաստիճան հրամանատարներէն Ֆուատ Շուքրի սպանութեան եօթնօրէքին առիթով արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Իսրայէլ կրնայ խօսք արտասանած ատենս Հարաւային արուարձաններուն վերեւը «Ձայնի պատ»ը խզել` գրգռութեան եւ ոգեկոչման ձեռնարկին ներկաները վախցնելու համար: Եթէ ասիկա տեղի ունենայ, պատշաճ կարգախօսներով կը պատասխանենք»:
Նշենք, որ անոր խօսքի ճշդուած ժամէն վայրկեաններ առաջ իսրայէլեան օդուժը 2 անգամ Պէյրութի եւ Մեթնի ծովեզերեայ շրջաններուն վերեւը խզած էր «Ձայնի պատ»ը:
«Իսրայէլեան գոյացութեան մէջ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումի մերժման շուրջ գրեթէ մեծ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի, անկախ այդ պետութեան բնոյթէն, ինչ որ կարեւոր զարգացում է բոլոր անոնց համար, որոնք տակաւին իրենց գրաւը կը դնեն պաղեստինեան դատի բանակցային հոլովոյթին վրայ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան այս գծով վկայակոչեց Քնեսեթին կողմէ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը մերժող որոշումին որդեգրումը` նշելով, որ Ամերիկա տակաւին կը պնդէ «երկու պետութիւններ» լուծումին վրայ: «Պաղեստինի պետութեան մասին ամերիկեան խօսքերը կեղծաւորութիւն եւ սուտ են», նշեց Նասրալլա:
«Նեթանիահու կը պնդէ Կազայի մէջ զինադադարը մերժելուն վրայ, որովհետեւ Կազայի մէջ ունի ծրագիր մը` անոր բնակիչները արմատախիլ ընել եւ շրջանին վրայ ապահովական վերահսկողութիւն հաստատել», աւելցուց սէյիտ Նասրալլա՝ աւելցնելով. «Իսրայէլացին կը մերժէ պաղեստինեան պետութիւնը, նոյնիսկ եթէ անիկա միայն Կազայի մէջ ըլլայ: Պիտի հակադարձենք, սակայն ուշադրութեամբ ու հանդարտութեամբ, եւ Իսրայէլին սպասելը պատիժին մէկ մասն է: Կրնանք առանձին հակադարձել եւ կրնանք Դիմադրութեան առանցքին հաւաքական պատասխանին ծիրին մէջ հակադարձել: Իսրայէլացին ինք է, որ Լիբանանի եւ Իրանի հետ մագլցումը ընտրեց: Մեր պատասխանը պիտի գայ եւ ուժեղ ու ազդու պիտի ըլլայ: