Նախագահ Ճօ Պայտըն, Իսրայէլի վրայ իրանեան հակայարձակումին Միջին Արեւելքի մէջ համապարփակ պատերազմի յանգեցնելու` հետզհետէ աճող մտավախութիւններու լոյսին տակ, իր ազգային ապահովութեան խումբին հետ քննարկում մը ունեցաւ:
«Մեր ուժերը պաշտպանելու համար մեր որդեգրած քայլերը եւ որեւէ յարձակումի մեր ընտրած ձեւով ու ժամանակին պատասխանելու քայլերը քննարկեցինք: Իրանի եւ անոր գործակատարներուն սպառնալիքներուն վերաբերեալ զեկուցումներ, ինչպէս նաեւ շրջանային լարուածութիւնները հանդարտեցնելու համար դիւանագիտական ջանքերուն մասին զեկուցումներ ստացանք», ժողովէն ետք մամլոյ զեկուցման ընթացքին յայտնեց Պայտըն՝ աւելցնելով. «Այս օրուան ընթացքին զիս եւ փոխնախագահը գործողութիւններու սենեակին մէջ տեղեակ պահեցին Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուող զարգացումներէն»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս իր կարգին նշեց հետեւեալը. «Մինչ կը պատրաստուինք Իսրայէլը պաշտպանելու՝ Իրանէն եւ անոր ահաբեկիչ գործակատարներէն, նաեւ կ՛աշխատինք լարուածութիւններու մեղմացման վրայ»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ նաեւ «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, որ Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի հակադարձութիւնը «տակաւին զարգացման ենթակայ հարց է»` աւելցնելով, որ Պայտընին փոխանցուած է այն նախատեսութիւնը, որ կրնան տեղի ունենալ յարձակումներու երկու ալիքներ, առաջինը Իրանէն, իսկ երկրորդը` «Հըզպալլա»ի կողմէ:
«Մենք զբաղած ենք աշխուժ, գրեթէ ամբողջ օրը տեւող դիւանագիտութեամբ` շատ պարզ ուղերձով. բոլոր կողմերը պէտք է զերծ մնան մագլցումէն: Բոլոր կողմերը պէտք է քայլերու ձեռնարկեն լարուածութիւնը մեղմացնելու համար: Մագլցումը չի բխիր որեւէ կողմի շահերէն: Անիկա միայն յաւելեալ տագնապներու, յաւելեալ բռնութիւններու յաւելեալ անապահովութեան պիտի յանգեցնէ», յայտնեց արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն՝ աւելցնելով. «Այս շրջանակը կտրել` հասնելով Կազայի մէջ զինադադարի՝ կարեւոր է, եւ անիկա իր կարգին պիտի ստեղծէ աւելի կայուն խաղաղութեան կարելիութիւններ ոչ միայն ինքնին Կազայի մէջ, այլ նաեւ այլ շրջաններու մէջ, ուր կրնայ տագնապ տարածուիլ»:
Ան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց գտնել «համաձայնութեան գալու ուղիներ, ոչ թէ յետաձգելու կամ «ոչ» ըսելու պատճառներ փնտռել»:
«Բոլոր կողմերուն՝ յառաջիկայ ժամերուն եւ օրերուն ճիշդ ընտրութիւն կատարելը հրամայական է», շեշտեց Պլինքըն: