Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիէն խնդրեց Իսրայէլին «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման համար «զուսպ» պատասխան տալ:
Իրանցի երկու բարձրաստիճան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, թէ Ռուսիոյ նախագահը, Թեհրան մեկնած Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուի միջոցով, խորհուրդ տուած է չյարձակիլ իսրայէլի քաղաքացիներու վրայ:
Թեհրան իր կարգին ճնշում գործադրած է Մոսկուայի վրայ ռուսական «Սու-35» հալածիչներու շտապ մատակարարման համար: Այս մասին «Ռոյթըրզ»ին յայտնեցին իրանցի երկու աղբիւրներ, որոնք լաւատեղեակ են Շոյկուի եւ բարձրաստիճան իրանցի պաշտօնատարներու Թեհրանի մէջ հանդիպումէն: