
ՀՅԴ Բիւրոն կը գուժէ վաստակաւոր մտաւորական, գրագէտ, գրականագէտ, ՀՅԴ գաղափարական տեսաբան եւ պատմագիր, մանկավարժ, դաստիարակ եւ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու հեղինակ
ԸՆԿԵՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆի
մահը, որ պատահեցաւ Աթէնքի մէջ, Ուրբաթ, 9 Օգոստոսին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Մեր ցաւակցութիւնները՝ ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն։
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
ԸՆԿԵՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Դեռ ամիս մը առաջ, կրթական մշակ, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, յօդուածագիր, դասախօս, հասարակական գործիչ Յարութիւն Քիւրքճեան Լիզպոնի մէջ, գործօն մասնակցութիւն բերած էր «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կազմակերպած «Հաւասարում նորոգ/սերունդներու զրոյց մը» գիտաժողովին: Նոյնինքն այս հաւաքը կազմակերպուած էր՝ ներշնչուած Սփիւռքագէտ Քիւրքճեանի 1968ի գրափորձէն:
Հազիւ ամիս մը ետք, 9 Օգոստոս 2024ին, ընկեր Յարութիւն Քիւրքճեան զոհ գնաց պսակաձեւ ժահրին (Քովիտ)։
Ծնած 1943ին՝ Պէյրութ, ան նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանին մէջ, 1956-1963։ Ան ուսումը շարունակած է Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանին Փիլիսոփայութեան դպրոցին մէջ եւ ապա Փարիզ անցնելով՝ աւարտած է «Սորպոն» համալսարանը, տիրանալով Փիլիսոփայութեան Մագիստրոսի տիտղոսին, 1978ին։
Մասնագիտացած մանկավարժ եւ ուսուցիչ՝ ան ուսման տարիներուն ընթացքին եւ ետք՝ շուրջ քսան տարիներ՝ 1964էն 1984, Պէյրութի հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ՝ «Նշան Փալանճեան Ճեմարան, «Հայկազեան» համալսարան եւ «Համազգային»ի Հայագիտական հիմնարկ, դասաւանդած է հայերէն՝ իբրեւ մայրենի կամ երկրորդ լեզու, ֆրանսերէն, հայ գրականութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։
Երիտասարդ տարիքէն ՀՅԴի շարքերուն միացած ընկեր Քիւրքճեան ամենայն բծախնդրութեամբ ՀՅԴի պատմութեան եւ գաղափարաբանութեան խմբագրումը կատարած է:
1982ին հաստատուած էր Աթէնք, ուր տիկնոջ՝ Մարօ Գալայճեանի հետ հրատարակած է մայրենի լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու «Հայրենի Աղբիւր» եւ «Հայ Կեանք Եւ Գրականութիւն» շարքերը։
Ան հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու, ինչպէս նաեւ յատկանշական հատորի մը՝ «Փորձ Տարագրութեան Մասին» (1978) խորագիրով։
Յարութիւն Քիւրքճեան ունի հարուստ մանկավարժական, գրական եւ քաղաքապատմական գործեր։ Բացի իր հեղինակած աշխատանքներէն, ներդրում ունեցած է նաեւ ուրիշ հեղինակներու գրական գործերուն մէջ՝ իբրեւ սրբագրիչ եւ թարգմանիչ: