12 Օգոստոսին ընթացք առաւ 12 Յունիսին Բաղրամեան-Դեմիրճեան խաչմերուկին վրայ տեղի ունեցած բախումներուն գործով դատավարութիւնը: Նիստին ներկայ էին մեղադրեալներուն հարազատները եւ աջակիցները:
Այս գործով մեղադրանք առաջադրուած է 16 ցուցարարներու, 15 անձեր կը մեղադրուին խուլիգանութեան յօդուածով, իսկ մէկը՝ զանգուածային անկարգութեան:
Չորս մեղադրեալներու նկատմամբ, ինչպէս փոխանցած էր փաստաբան Ռուբէն Մելիքեան, խափանման միջոց ընտրուած է բանտային, 8ին նկատմամբ տնային բանտարկութիւնը, 2ին նկատմամբ վարչական հսկողութիւնը եւ եւս 2ի` բացակայելու արգելքը:
Նախքան բուն գործին քննութեան անցնելը դատարանը անդրադարձաւ մեղադրեալներուն նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցներու հարցին: Հանրային մեղադրողները նկատել տուին, որ գործին պատշաճ քննութեան համար, անոնք պէտք է պահպանուին, իսկ պաշտպանական կողմը, ներկայացնելով իր փաստերը՝ առաջարկեց փոխել զանոնք, որոշ պարագաներու ալ՝ վերացնել:
Դատարանի բակը կը գտնուէր ընդդիմադիր շարժումի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան, որ ըսաւ, թէ «այս գործն ամբողջութեամբ քաղաքական է»:
«Սա ուղղորդուած քաղաքական որոշում է, իրաւական որեւէ խնդիր չի լուծում, եթէ որեւէ կերպ ոստիկանութեան նկատմամբ էլ ինչ-որ բան տեղի ունենար, ես կ՛ասէի, որ իրաւական է, քաղաքական որոշում չկայ: Ինչպէ՞ս է լինում մարդկանց դէմ կիրառելով անօրինական, օրէնքից դուրս, ժամկէտանց միջոցներ, բեկորային վնասուածքներով 100աւոր մարդկանց ծեծելով, հայհոյելով, նուաստացնելով, որը ոչ մի կանոնակարգով սահմանուած չի ոստիկանութեան, հետեւաբար գոնէ մի հոգի անգամ չի կանչւում հարցաքննութեան: Ի՞նչ է նշանակում, սա նշանակում է ուղղորդուած միանշանակ ոստիկանութեան շահերը պաշտպանելու եւ քաղաքացիներին ճնշման ենթարկելու, վախեցնելու եւ ճնշելու իմաստ ունի», լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ սրբազանը։
Դատարանը ազատ արձակեց չորս մեղադրեալներ, որոնց նկատմամբ իբրեւ խափանման միջոց ընտրեց բացակայելու արգելքը եւ վարչական հսկողութիւնը:
8 այլ անձերու պարագային կիրարկուած տնային բանտարկութիւնը փոխուեցաւ, այս պարագային եւս ընտրուեցաւ վարչական հսկողութիւնն ու բացակայելու արգելքը: