Վրաստանի կառավարութիւնը Մարնէվլիի շրջանին մէջ սեփականատէրերէն հող գնեց՝ դէպի Հայաստանի սահման երկարող Ռուսթավի-Սատախլօ նոր մայրուղի մը կառուցելու նպատակով: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը յայտնէ «Նովոսթի Կրուզիա» լրատուականը` յղում կատարելով Վրաստանի տնտեսութեան նախարարի համապատասխան հրամանին:
Ըստ վերջինիս՝ նոր երթուղին, որ պիտի անցնի գործող ճամբուն զուգահեռ, պիտի ունենայ չորս գօտիներ, իսկ երկարութիւնը պիտի ըլլայ շուրջ 30 քիլոմեթր, ներառեալ՝ 11 կամուրջներ եւ անցումներ: Շինարարութեան ծախսերը կը հասնին 250 միլիոն եուրոյի սահմանը:
Լրատուամիջոցը կը հաղորդէ, որ ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական ներդրումային դրամատան կողմէ` Արեւելք-Արեւմուտք միջազգային հաղորդակցութեան ծրագիրի վարկային համաձայնագիրի ծիրին մէջ:
Ըստ նոյն աղբիւրին` նախարարին հրամանը մէկ ամսուան ընթացքին կրնայ բողոքարկուիլ Թիֆլիսի Քաղաքային դատարանի վարչական խորհուրդին մէջ: