Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատը ընկերային ցանցերու ճամբով հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դիտել կու տայ, որ Պաքու կը հերքէ իր տարածքին մէջ սիոնականներու ներկայութիւնը՝ վախնալով Իրանի արձագանգէն։
«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ որեւէ օտարերկրեայ պետութեան ռազմական ուժեր չկան»։
«Նկատի ունենալով իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14րդ ալիքի տարածած տեղեկութիւնը՝ կարելի է եզրակացնել, որ Պաքուի յայտարարութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան, որովհետեւ Իսրայէլի բանակի խնդրանքը՝ դուրս բերելու իր զինուորականները Ատրպէյճանէն, անուղղակի կերպով կ՛ընդունի այդ երկրին մէջ անոնց ներկայութիւնը։ Եթէ որեւէ երկիր Իսրայէլի դէմ գործողութեան ընթացքին պաշտպանէ Իսրայէլը, անիկա պիտի նկատուի Իրանի վրայ յարձակումին մասնակցած երկիր», կ՛ընդգծուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Ասոր զուգահեռ՝ «Թասս»ը, յղում կատարելով Իսրայէլի Kan պետական պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանին՝ դիտել տուաւ, որ Իսրայէլ կ՛արգիլէ իր զինուորները մնալ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ՝ Իրանի սպառնալիքին լոյսին տակ։
Ըստ Իսրայէլի բանակի ղեկավարութեան դասաւորման ՝ զինուորական ծառայութեան մէջ եղող իսրայէլացիները, որոնք որեւէ պատճառով այժմ կը գտնուին Հարաւային Կովկասի այդ երկու հանրապետութիւններուն մէջ, պարտաւոր են անյապաղ վերադառնալ Իսրայէլ։
Կը նշուի, որ Վրաստան եւ Ատրպէյճան կը գտնուին Իրանի կողքը. անոնց տարածքին մէջ կ՛ապրին իրանցիներ, իսկ Ատրպէյճանի իսլամական հանրապետութեան հետ ունի նաեւ ընդհանուր սահման։
Կացութեան մասին խօսեցաւ իսրայէլագէտ Արման Խաչատրեան, որ դիտել տուաւ, թէ իսրայէլեան պատկերասփիւռի պետական կայանի լուրը՝ Ատրպէյճանէն Իսրայէլի զօրքերու վերադառնալու կոչին մասին, ինքնախոստովանութիւն է՝ թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Վրաստանի մէջ ներգրաւուածութեան մասին։
«Եթէ Իսրայէլն այս յայտարարութեամբ խոստովանում է, որ ուժեր ունի Ադրբեջանում եւ Վրաստանում, նշանակում է, որ ե՛ւ Իրանը, ե՛ւ Հայաստանը պէտք է այս հարցը դարձնեն քննարկման առարկայ», ըսաւ Խաչատրեան՝ աւելցնելով, որ հետեւանքը հիմնականօրէն կախեալ է անկէ, թէ ոչ միայն Հայաստանի դիւանագիտական կազմը, այլ նաեւ Իրան այս յայտարարութիւնը ինչպէ՛ս պիտի փորձեն վերածել «քաղաքական զէնք»ի մը եւ քաղաքական գայթակղութեան մը: