ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի այրիին՝ Սոնա Խանճեանին, քոյրերուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։ Զաւէն Խանճեան տարիներով եղած է ՀՕՄի մեծագոյն բարեկամը։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆի՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (AMAA) գործադիր տնօրէնին եւ «Ասպարէզ»ի մօտիկ բարեկամին, մահուան տխուր առիթով, «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան անդամներուն, հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։