Իսրայէլեան Քնեսեթի անդամ, ընդդիմութեան ղեկավարներէն Պենի Կանց յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «պիտի չըլլայ Մենահիմ Պեկինի պէս, որ իր ամէնէն դժուար պահուն քաղաքացիական պատերազմին ոչ ըսաւ», «իր կառավարութիւնը պիտի չզոհէ իսրայէլացիները պաշտպանելու համար» եւ պէտք եղածը պիտի չընէ քաղաքացիական պատերազմը կանխարգիլելու համար:
«Եթէ ուշքի չգանք, քաղաքացիական պատերազմ պիտի ըլլայ: Ճշմարտութիւնը գաղտնի պահելը արգիլուած է», ըսաւ Կանց՝ աւելցնելով. «7 Հոկտեմբերէն ի վեր կռուող զինուորներուն կողքին կայ ղեկավարութիւն մը, որ ժողովուրդը կը պառակտէ, կը թունաւորէ այն հորը, ուրկէ բոլորը կը խմեն»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14րդ կայանը հաղորդեց, որ Կանց այս խօսքերը արտասանեց Երկուշաբթի օր Տաճարի քանդման ոգեկոչման առիթով բնակեցուածներու հաւաքի մը ընթացքին:
Ան քննադատեց հրապարակային վայրի մը մէջ աղօթելու շուրջ «տագնապը եւ քննարկումը, փոխանակ գտնելու լուծումներ, որոնք բոլորը կը յարգեն»:
Կանց քննադատեց «Քնեսեթէն անդամներու ռազմակայաններ ներխուժման գործողութիւններու ղեկավարումը», «գերիներու ընտանիքներու արժանապատուութեան ոտնակոխումը» եւ «պետական պաշտօնեաները դաւաճան որակելը»:
«Խօսքով եւ գործով բռնութեան նշագիծը անցանք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Հարցը սպանութեամբ պիտի աւարտի: Ո՛չ 7 Հոկտեմբերէն դաս սորվեցանք, ո՛չ ալ Տաճարի քանդումէն»:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը յայտնեց, թէ Կանց յայտարարեց հետեւեալը. «Պիտի գիտնանք որեւէ յարձակումի ինչպէ՛ս տոկալ, եւ Իրանի ու «Հըզպալլա»ի վճարելիք գինը չափազանց սուղ պիտի ըլլայ»: