20էն 29 Յուլիսին, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան Օնթարիոյի «Քրիստափոր» եւ Քեպեքի «Դրօ-Գետաշէն» մասնաճիւղերէն 20 պատանիներ եւ 5 վարիչներ Քալիֆորնիոյ մէջ մասնակցեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) ճամբարին:
1977էն ի վեր, ամառնային այս ճամբարը ընկերային բացառիկ մթնոլորտ կը ստեղծէ 7-17 տարեկան հայ մանուկ-պատանիներու եւ երիտասարդներու համար, անիկա նաեւ առիթ կ՛ընծայէ ծանօթանալու հայոց պատմութեան եւ Հայ Դատի իրագործումներուն եւ ընթացքին։
Բանակումին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Կիրակի կէսօրին, «Մշակ Բանուոր» քայլերգով։ Ապա պատանիները բաժնուեցան կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն խումբերու, որոնք դարձան իրենց օրական մրցումներու մշտական խումբերը։
Եօթը օրերու ընթացքին, պատանիները ունեցան դաստիարակչական դասախօսութիւններ՝ հետեւեալ նիւթերով. «Պատմական եւ ներկայ Հայաստանի սահմանները», «Արցախի հազարամեայ պատմութիւնը», «Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութիւնը եւ անոր առաքելութիւնը», «ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւնը» եւ «Հայ Դատը»։
Շաբթուան ընթացքին, պատանիներուն երեկոները ճոխացան հետեւեալ միջոցառումներով. «Տարօրինակ ողիմպիական խաղեր», «Գիշերային արշաւ», «Հայկական պարերու խրախճանք», «Տաղանդներու հանդէս», «Ազգային երգերու մրցոյթ» եւ «Զարգացման մրցում»։
Բանակումին վերջին օրը, պատանիները արթնցան, բանակավայրը մաքրեցին եւ վերջին անգամ նախաճաշեցին իրարու հետ, ապա ստորագրեցին իրենց հին եւ նոր ընկերներուն երգարանները, նկարուեցան խմբային նկարներ եւ յուզուած՝ մեկնեցան տուն։
Նախքան Գանատա վերադառնալը, Քեպեքի եւ Օնթարիոյի պատանիները մասնակցեցան նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Պատանեկան միութեան կազմակերպած խրախճանքին, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ։ Անոնք ծանօթացան առաւել քան 7 շրջաններէ ժամանած պատանիներու, պարեցին, երգեցին հայրենասիրական երգեր եւ հիմը դրին նոր ընկերութիւններու։
Նոր գիտելիքներ ամբարած եւ նոր ընկերներու ծանօթացած պատանիները վերադարձան տուն՝ դարձեալ հանդիպելու յոյսով։