
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Այս հիւանդութիւնը ժահրային կենդանախտային (zoonotic) հիւանդութիւն մըն է: Ան առաջին անգամ կապիկներու մէջ ախտաճանաչուած է 1958ին, երբ ծաղկախտի հետազօտութիւն կը կատարուէր: Ուրեմն հիւանդութեան անուանումը եղած է ըստ այնմ: Կապիկի ծաղկախտը մարդոց մօտ առաջին անգամ ախտաճանաչուած է 1970ին, Քոնկոյի մէջ, ուր աշխատանք կը տարուէր ոչնչացնելու ծաղկախտը (Small pox): Հետագային նման ախտաճանաչում կատարուած է Ափրիկէի կեդրոնական եւ արեւելեան երկիրներու մէջ: Անիկա տեսնուած է նաեւ Ափրիկէէն դուրս շատ մը երկիրներու մէջ` ափրիկեան երկիրներէ դուրս ճամբորդողներու միջոցով եւ կամ այդ երկիրներէն ներածուած վարակուած կապիկներու եւ մուկերու միջոցով: 2003ին, 47 պարագաներ տեսնուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ 2018ին` 3 պարագաներ Անգլիոյ մէջ, եւ մէկ պարագայ` Իսրայէլի:
Վերջին շաբաթներուն կապիկի ծաղկախտը մեծ թիւով յայտնուած է Ափրիկէի կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր շատ արագ կը տարածուի: Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութիւնը ահազանգած է անոր համաճարակի վերածուելու մասին` ափրիկեան երկիրներու մէջ:
Կապիկի ծաղկախտի յարուցիչը ժահր մըն է, որ ծաղկախտի ժահրին մէկ տարբերակն է: Այս ժահրին պահեստանոցը (reservoir) նկատուած է կապիկը եւ ափրիկեան մուկը:
Կապիկի ծաղկախտի ախտանշանները կը նմանին ծաղկախտի ախտանշաններուն, սակայն անոր յատկանշական ախտանշանը աւշագեղձերու ծաւալումն է, որ ծաղկախտի պարագային տեղի չ՛ունենար: Աւշագեղձերու ծաւալումը կը պատահի մարմնի զանազան բաժիններուն վրայ, յատկապէս` վիզի եւ աճուկի: Անոր թխսաւորումը (incuparion period) կը տեւէ 5էն 21 օր, այսինքն ախտանշանները կը սկսին վարակումէն 5էն 21 օր ետք:
Վարակումէն ետք, հիւանդութիւնը կ՛ունենայ երկու փուլ: Առաջին փուլը կը սկսի ջերմով, գլխացաւով, մկանային ցաւով եւ յոգնածութեամբ: Երկրորդ փուլը կը սկսի ջերմի յայտնութենէն 3-5 օր ետք: Տեղի կ՛ունենայ մորթային տարածուն ցան, որ յատկանշական է իր հեղուկային բշտիկներով: Այս բշտիկները կը թարախոտին, ետքը կամաց-կամաց կը սպիանան ու կը չորնան: Բշտիկները կրնան ըլլալ քանի մը հատ եւ կամ հազարներով` մարմնի զանազան մասերուն վրայ: Անոնք կրնան տեսնուիլ բերնին եւ քիթին մէջ, ինչպէս նաեւ` սեռային արտաքին օրկաններուն վրայ:
Ծաղկախտի պատուաստ ստացողներ աւելի նուազ ուժգնութեամբ ախտանշաններ կ՛ունենան, քան` պատուաստ չառնողները:
Ամբողջ հիւանդութիւնը կը տեւէ 2-4 շաբաթ: Կապիկի ծաղկախտը ծաղկախտէն աւելի մեղմ ընթացք կ՛ունենայ, սակայն անիկա կրնայ մահացու դառնալ` իր բարդութիւններուն իբրեւ հետեւանք:
Մարդ արարածը կը վարակուի այս հիւանդութեամբ հետեւեալ ձեւերով.
– Վարակուած կապիկին կամ մուկին լորձունքի մէջ գտնուող ժահրը առողջ մարդուն կը փոխանցուի, երբ անոնք խածնեն զայն եւ կամ վնասեն ճանկելով:
– Վարակուած մարդու մը շնչառական օդակաթիլները առողջ մարդուն մարմնէն ներս կը մտնեն անոր քիթի, բերնի եւ կամ աչքի խլնաթաղանթէն:
– Երբ առողջ անձ մը կը դպնայ վարակուած անձին լորձունքին, խլնահեղուկին, մորթի վէրքերուն եւ անոր գործածած անկողինին ու բարձին:
– Երբ առողջ անձ մը սեռական յարաբերութիւն ունենայ վարակուած անձի մը հետ: Սեռական յարաբերութեամբ վարակուած անհատին սեռական օրկաններու վրայ գտնուած վէրքերուն ժահրը կը ներխուժէ առողջ անձին սեռական օրկաններու խլնաթաղանթէն եւ կը յառաջացնէ վարակում: Մինչեւ օրս յստակ չէ, թէ փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ վարակուած անձին սերմնահեղուկի՞ն, թէ՞ հեշտոցային խլնահեղուկին միջոցով:
– Վարակուած յղի կին մը կրնայ վարակել իր նորածինը` ծննդաբերութեան ընթացքին իր հեշտոցին վրայ գտնուած վէրքերուն միջոցով:
– Վարակուած յղի կին մը կրնայ վարակել իր սաղմը փառի միջոցով:
– Նորածին մը կրնայ վարակուիլ իր վարակուած մօրմէն` պարզապէս դպնալով մօրը ունեցած մորթային վէրքերուն:
Երեխաները աւելի հակամէտ են վարակուելու այս հիւանդութեամբ:
Վարակուած անհատը կրնայ վարակել առողջ անհատ մը` իր վարակումէն մինչեւ չորրորդ շաբթուան վերջը:
Կապիկի ծաղկախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի` տեսնելով ծաւալած աւշագեղձերը եւ մորթային բշտիկներու հեղուկին յատուկ քննութեամբ, որով կը փաստուի յարուցիչ ժահրի գոյութիւնը:
Ինչպէս յիշուեցաւ, նախապէս կրնան պատահիլ որոշ բարդութիւններ` հիւանդութեան զարգացումի ընթացքին: Այս բարդութիւններէն են` թոքատապ, մորթային երկրորդական մանրէական բորբոքում, աչքի բորբոքում եւ ուղեղատապ:
Այս հիւանդութիւնը յատուկ դարմանամիջոց չունի: Կարգ մը երկիրներու մէջ կը գործածուի ծաղկախտի պատուաստը: Վերջին տարիներուն պատրաստուած է ծաղկախտի դէմ նոր պատուաստ մը, որ Jynneos կը կոչուի եւ կը գործածուի որպէս դարմանամիջոց:
Բարդութիւնները կը դարմանուին յատուկ դեղերով եւ ըստ անոնց տարողութեան:
Կարելի՞ է կանխարգիլել այս հիւանդութիւնը: Այո՛, կարելի է, պարզապէս`
1. Չայցելել այն երկիրները, ուր այս հիւանդութիւնը գոյութիւն ունի տեղաճարակայի-մնայուն (endemic) ձեւով,
2. Հեռու մնալով կապիկներէ եւ մուկերէ,
3. Չդպնալով կասկածելի կապիկներու եւ մուկերու,
4. Չդպնալով կասկածելի ու մանաւանդ վարակուած անձերու, եւ չգործածել անոնց անկողինը կամ բարձը,
5. Վարակուած անձի մը հետ սեռական յարաբերութիւն չունենալով,
6. Շատ լաւ եփելով միսը ուտելէ առաջ,
7. Վարակուած անձին վէրքերուն դպնալ միայն յատուկ ձեռնոցներով: