
22 Օգոստոսին, Հայ Դատի Սան Կապրիէլ հովիտի մասնաճիւղը հիւրընկալեց մեծարումի հաւաք մը ՝ ի պատիւ հայութեան իրաւանց ջատագով քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանոյի։
Հաւաքը կազմակերպուած էր նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ քոնկրեսականին առաւել քան 35ամեայ քաղաքական կեանքը կը մօտենայ իր աւարտին եւ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին ու Հայ Դատի Սան Կապրիէլ հովիտի մասնաճիւղը կը փափաքին պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնել՝ յատկապէս ամերիկահայութեան Նափոլիթանոյին ընծայած սպասարկութիւններուն համար։
Հայ Դատի Սան Կապրիէլ հովիտի մասնաճիւղին եւ Կրէյս Նափոլիթանոյի միջեւ յարաբերութիւնները հաստատուած էին նախքան անոր քոնկրեսական առաջին ընտրապայքարը։
Իրենց ելոյթներուն ընթացքին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ իրաւաբան Կարօ Մատէնլեան եւ երկար տարիներու Հայ Դատի գործիչ Լեւոն Կիրակոսեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցին 1990ականներուն սկսած այդ յարաբերութիւններուն մասին։


ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճեք Հաճինեան այս առիթով «Գնահատանքի Մրցանակ» մը յանձնեց քոնկրեսականին՝ յիշեցնելով, որ Նափոլիթանոյի հետ իր առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 1998ին, երբ ան Քոնկրեսի թեկնածու էր։ Ան աւելցուց, որ Նափոլիթանօ իր քաղաքական կեանքին կարեւոր խորհրդականներէն մէկը եղած է եւ երախտագիտութիւն յայտնեց հայութեան ցուցաբերած՝ անոր նեցուկին համար։
Իր քաղաքական ամբողջ կեանքին ընթացքին, Նափոլիթանօ շարունակաբար A+ վարկանիշը ստացած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։
ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին կողմէ կազմակերպուած հաւաքին ներկայ էին նաեւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Լենա Կարապետեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի անդամ Սիլվա Կիրակոսեան, Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի Ուսումնական խորհուրդի անդամ Քեթի Ֆունտուքեան եւ ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի անդամներ։

