ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Հայկական Սփիւռքի ներկան իր ամբողջութեան մէջ հասկնալու հարցն է հոս, իր անցեալով ու ապագայով։ Նախ ընդունինք, որ Սփիւռքի անցեալը կարելի է հասկնալ երկու ուղղութեամբ. մէկը՝ դէպքերու ստոյգ պատմութիւնն է, կամ գոյութիւն ունեցած դէպքերու առարկայական իրողութիւններու պատմութիւնը, միւսը՝ հոգեբանական կամ մտքերու տեսակաւորման դրուածքով ենթակայական մեկնաբանութիւններու պատմութիւնն է։ Երկու ուղղութեամբ ալ անցեալի գոյութիւնը կը պատկերանայ մեր ուղեղներուն մէջ, միեւնոյն ատեն, կ՛ենթադրեմ, չենք ուրանար, որ իսկապէս գոյութիւն ունեցողը ներկան է միայն։
Անցեալի դէպքերու պատկերացումը կը նոյնանայ մեր ուղեղներուն մէջ, բայց անոնց մեկնաբանութիւններն են որոնք կը տարբերին մեր մէջ եւ կ՛անջատեն մեզ իրարմէ։ Հաւաքական յիշողութիւնը կու գայ դէպքերու մեր պատկերացումէն։ Անոնք, որոնք ներկայ եղած են եւ անցեալի դէպքերուն փորձառութիւնը ապրած են (օրինակ՝ Լիբանանի քաղաքացիական կռիւները) այսօր չեն կրնար անջատուիլ մեր պատկերացումներէն։ Անցեալի դէպքերուն մէջ ապրած անհատները գոյութիւն ունին մեր մտքերուն մէջ, որքան ալ դէպքերը հեռաւոր անցեալին պատկանին։ Հետեւաբար, անցեալը գոյութիւն ունի մեր ներկային մէջ, որովհետեւ Սփիւռքի ներկան, տեղայնականէն անդին, անցեալի պատկերացումն է նաեւ։
Նոյն տրամաբանութեամբ, կ՛ենթադրեմ, թէ ինչ որ Սփիւռքի ապագային մէջ գոյութիւն պիտի ունենայ, հաշտուած առնչութիւն մը պիտի ունենայ իր անցեալին հետ։ Հետեւաբար, Սփիւռքի ապագան դժուար պիտի ըլլայ պատկերացնել առանց անցեալին հետ շաղկապուած իր գոյութեան։ Ընդունինք որ սփիւռքահայ անհատի ուղեղին մէջ ժամանակի այս ամբողջութիւնը տակաւին գոյութիւն չունի, կամ գոյութիւն ունեցածը ամբողջական չէ, որովհետեւ Սփիւռք համակարգի ամբողջական պատկերացումը տակաւին չէ յստակացած մեր մտքերուն մէջ։
Կ՛արժէ յստակացնել այս միտքը եւ խորհրդածել այն պատկերացումը, որ Սփիւռքի ապագան հաշտուած ու ամբողջութիւն մը կը կազմէ անցեալին հետ, իսկ ներկան՝ իր բոլոր բաղկացուցիչ մասնիկներով՝ անցեալը եւ ապագան շաղկապող քաղաքական համակարգ մըն է։ Այս կապը տրամաբանական երկու ուժականութիւն կ՛ենթադրէ՝ ապագայի եւ անցեալի փոխադարձ յարաբերութիւնները իրար շղթայող։ Եթէ Սփիւռքը գոյութիւն պիտի ունենայ ապագային մէջ եւ գոյութեան իր նպատակը պատկերացնէ իբրեւ գործող համակարգ մը, ապա իր անցեալին հետ ուժական առնչութիւնն է, որ իմաստ պիտի տայ իր ներկայ գոյութեան։ Վերջին հաշուով, սփիւռքեան նման համակարգի մը պատկերացումն է, որ տեղ կը գտնէ համաշխարհային միջավայրին մէջ եւ քաղաքական իր յարաբերութիւնները կը մշակէ այլ համակարգերու հետ, կամ բնական շաղկապում մը կը գտնէ հայրենի համակարգին հետ։
Տակաւին յստակ չէ, թէ ինչպէ՞ս Սփիւռքի մասնիկները (համայնքներ, կազմակերպութիւններ կամ անհատներ) կարելի է միացնել ամբողջութեան հետ։ Եթէ Սփիւռքը անդրազգային է (կը գործէ տարբեր ազգ-պետութիւններու մէջ) ուրեմն կարելի է ենթադրել, որ իր բաղկացուցիչ մասնիկները փոխադարձ ենթարկուածութեամբ կը գործեն։ Մասնիկներու միջ-ենթարկուած յարաբերութիւնները ցոյց կու տան նաեւ առարկայական եւ ենթակայական երթեւեկի կապեր անհատին եւ ամբողջութեան միջեւ։ Միջ-ենթարկուած այս գործունէութիւնը անշուշտ մէկ ուղղութեամբ ընթացող դէպք չէ, այլ փոխադարձ է, ամբողջական եւ ուժական։ Այսպէս, մասնիկներու գործերը կամ գործունէութիւնը սփիւռքեան իմաստ կ՛առնեն անդրազգային երթեւեկին մէջ։ Այս իմաստով նաեւ, կարելի է պատկերացնել, որ Սփիւռքը իր բոլոր բաղկացուցիչ մասնիկներով գործող եւ ուժական անդրազգային համակարգ մըն է։
Չեմ կարծեր որ սփիւռքահայ անհատի ուղեղին մէջ այս ամբողջութիւնը գոյութիւն ունի, կամ գոյութիւն ունեցածը համակարգային պատկերացում մը չէ տակաւին։ Ուրեմն ինչպէ՞ս մասնիկները կապել ամբողջութեան հետ եւ իմաստ տալ անոր։ Նախ ժամանակագրական մօտեցումով՝ կարեւոր է Սփիւռքին անցեալը կապել ապագային հետ եւ կարենալ ներկան տեսնել իր ամբողջական եւ ուժական համակարգին մէջ։ Այսինքն՝ բաղկացուցիչ մասնիկները իրարու տեսնեն տեղայնականէն անդին՝ անդրազգային միջավայրին մէջ։ Սփիւռքեան երկու կարեւոր միջավայրեր են ասոնք, մէկը՝ տեղայնականը, միւսը՝ անդրազգայինը, որոնց շաղկապուած պատկերացումը լուրջ տեսութիւն մը կրնայ ըլլալ սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ։
Իսկ ի՞նչ է կապը սփիւռքահայ անհատին եւ Սփիւռքին միջեւ։ Սփիւռք համակարգին գիտակցութիւնն է, կ՛ենթադրեմ, որ անհատին կու տայ նպատակ, պատկանելիութիւն կամ ազատութիւն եւ գոյութեան իմաստ։ Ան կ՛որոշէ իր ներկան, կը կապէ անցեալին հետ եւ կը շարժի դէպի ապագան։ Սփիւռքահայ անհատի այս գիտակցութեան մէջ նաեւ ապագան կը պատկանի ներկային եւ կը շարժի դէպի անցեալ։ Այս երթեւեկին մէջ ներքին եւ արտաքին արգելքները կը չէզոքանան, երբ անհատը ազատագրած ըլլայ ինքզինքը տեղայնականէն ու անշարժ նկարագրէն եւ գտնէ իր ով ըլլալը Սփիւռքին մէջ։ Այս երթեւեկը նաեւ գոյութենական իմաստ կու տայ սփիւռքահայ անհատին, իր միջավայրին հետ շարունակական քաղաքական պատշաճեցման հեւքէն անդին։
Ուրեմն, ի՞նչ է կապը սփիւռքահայ անհատին եւ Սփիւռք համակարգին միջեւ։ Վերջապէս, կան առարկայական եւ ենթակայական կապեր, որոնք սփիւռքահայ անհատին կու տան գիտակցութիւնը՝ բաղկացուցիչ մասնիկը ըլլալու գոյութիւն ունեցող եւ գործող Սփիւռքին։ Նման պատկերացում մը մեր մտքերուն եւ արտայայտութիւններուն մէջ առաջնահերթ քայլը կ՛ըլլայ փրկելու համար Սփիւռքը կրաւորական իր դիրքէն, քաղաքական այս աշխարհին մէջ։