(Յարութիւն Քիւրքճեանի Անմար Յիշատակին)
Ա. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Կասկածէ վեր է, որ եթէ Սփիւռք աշխարհը Յարութիւն Քիւրքճեանի նման հոյլ մը մտաւորականներ ունենար՝ արեւմտահայերէնը այսօր վտանգուած լեզու պիտի չհամարուէր։
Կարելի է այս հաստատումը ծայրայեղ համարել, չափազանցուած։ Բայց այսօր ո՞վ կրնայ հերքել, որ «պարոն Քիւրքճեանը», ընկեր Յարութը, ուսուցիչը, մտաւորականը, դաստիարակը, աւելի քան կէս դար, անընդմէջ, անխոնջ պահակը դարձաւ հայերէնին ընդհանրապէս եւ արեւմտահայերէնին մասնաւորապէս։
Ան իր աշակերտներուն սիրել տուաւ մայրենին։ Մանկավարժական նորարար մեթոտներով անոնց մէջ կաղապարեց գիրն ու գրականութիւնը, քերականութիւնն ու նախադասութիւններու տրամաբանական լուծումները, գրադարանի մուկի վերածեց իւրաքանչիւր աշակերտ, արդի հայ գրականութեան ներկայացուցիչներու դեսպանը դարձաւ՝ Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան չորս ծագերը հայ գիր ու գրականութիւն արտադրող մտաւորականութեան։ Ան սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը ծանօթացուց խորհրդահայ նոր գրականութեան վարպետներուն՝ Մաթեւոսեանէն մինչեւ Խալափեան, Սեւակէն մինչեւ Ալաճաճեան, Անանեան ու Պետրոսեան։ Գրականութեամբ չբաւարարուեցաւ. աշակերտներուն թելադրեց նաեւ դասական ու արդի երաժշտութիւն, ֆիլմարուեստ, այս մարզերուն մէջ վեր առնելով հայկական նորարարութիւնները։
Ճեմարանական սերունդներէն շատեր իրենց կուռ հայերէնը կը պարտին Յարութիւն Քիւրքճեանին, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Շահինեանին, Մուշեղ Իշխանին, Երուանդ Փամպուքեանին, Գէորգ Գանտահարեանին, Մանուշակ Պոյաճեանին, Ճեմարանի տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանին, որոնք բոլորն ալ եկան թարմացնելու արեւմտահայերէնը եւ հայոց պատմութիւնը, ծաղկեցնելու երկու հիմնական այդ դասանիւթերը եւ զանոնք նոր համ ու հոտով հրամցնելու մեր սերունդներուն։ Ճեմարանէն շրջանաւարտ Յարութիւնը երկու առիթներով վերադարձաւ իր բոյնը. անգամ մը իբրեւ հայերէնի դասատու, ու ապա նաեւ իբրեւ փիլիսոփայութեան ուսուցիչ (այս անգամ ֆրանսերէն լեզուով, որուն կը տիրապետէր նոյն հմտութեամբ), չհաշուած իր արտադասարանային ներդրումները «մեր բոլորիս ուխտավայրին»։
«Ես արագ արտադրող չեմ. կարողութիւնը չունիմ առաւօտը զարթնելու եւ ժամուան մը ընթացքին հայ մամուլին խմբագրական մը հրամցնելու», համեստաբար յաճախ կը կրկնէր ընկեր Յարութը։ Սակայն ան անհատնում արտադրեց. գրական-քննադատական յօդուածներ, յաճախ մոռացութեան տրուած հայ մտաւորականներու ներկայացում մամուլի ճամբով եւ ամբողջական յօդուածաշարքերով, հայերէնի ուսուցման գրքեր՝ ֆրանսախօս եւ անգլիախօս սերունդներու համար, «Սողոմոն Թեհլիրեան Արդարահատոյց»էն մինչեւ ՀՅԴ պատմութիւն, հայերէնի ու գրականութեան դասագիրքեր, մատչելի կերպով ամփոփուած հայ գրականութեան գոհարներու վերահրատարակում, ուսուցիչներու պատրաստութեան դասընթացքներ, ՀՅԴ «Դրօշակ», «Բագին» եւ Մամլոյ դիւան եռանկիւնին մէջ անսահման ներդրում, լրագրողներու պատրաստութեան հանդիպումներ։ Ո՞ր մէկը նշել։
Յարութիւն Քիւրքճեանը յաւերժ պիտի մնայ ամբողջ սերունդի մը մտքին ու սրտին մէջ։ Ան պիտի մնայ իբրեւ դաստիարակ, իբրեւ ընկեր, իբրեւ ուսուցիչ, իբրեւ մտաւորական ու իբրեւ համեստ մարդ, որ հեռու մնաց լուսարձակներէ, ինքնագովումէ եւ պաշտօններէ։
24 Օգոստոս 2024