Շաբաթ, 3 Նոյեմբերէն ի վեր, Փաքիստան կ՚ապրի սուր տագնապի մը մթնոլորտին մէջ։ Այդ օրը, նախագահ Փերվէզ Մուշարրաֆ ստիպողական վիճակի դրութիւն յայտարարեց եւ բացայայտ կերպով ձեռնարկեց ընդդիմադիրները լուծարքի ենթարկելու գործողութեան մը, երեւութական զայրոյթ յառաջացնելով զինք հովանաւորող արեւմտեան մայրաքաղաքներու, յատկապէս Ուաշինկթընի մէջ։ Նախագահ Պուշ մէկէ աւելի առիթներով ուղղակի պահանջեց Մուշարրաֆէն, որ սահմանադրական ուղիին վերադարձնէ երկիրը եւ հրաժարի բանակին հրամանատարութեան իր պաշտօնէն, դառնայ քաղաքային իշխանաւոր մը։
Մուշարաֆ իր արարքը արդարացուց, յայտարարելով, որ երկիրը վտանգի մէջ է, «ահաբեկչութեան դէմ դժուարին պայքար» կը մղէ։ Այլ խօսքով, գործածեց Արեւմուտքին համար լուծողականի հանգամանք ունեցող բառերը՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքար նշանախօսքը։ Ան թէեւ խոստացած է Յունուարի սկիզբը խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպել, սակայն բանակի հրամանատարութենէն հեռանալու տրամադրութիւն ցոյց չի տար տակաւին, հակառակ անոր, որ վերջերս սկսած է քաղաքային զգեստներով երեւիլ պատկերասփիւռէն, տեսակցութիւններու թէ ճառախօսութիւններու ընթացքին։
Քանի մը խօսք՝ Մուշարրաֆի այս քայլին յայտարարուած ու չյայտարարուած պատճառներուն մասին։
Փաքիստանի հիւսիսային շրջանը դարձած է Ուսամա պըն Լատէնի «Քայիտա»ին մէկ խարիսխը. շրջանը նուաճելու Մուշարրաֆի իրերայաջորդ փորձերը ո՛չ միայն ձախողեցան, այլ նաեւ դուռ բացին դասալքութեան ու մինչեւ իսկ բանակայիններու եւ ոստիկաններու այդ ուժերուն յարելուն։ Ուաշինկթըն եւ ՆԱԹՕի դաշնակիցները ճնշման տակ առած են Փաքիստանի զինուորական իշխանութիւնները, որոնք ծոյլ աշակերտներու պէս կը թերանան իրենց վստահուած առաքելութեան մէջ։ 2001էն ասդին, Փաքիստանի բանակային գանձանակներուն մէջ անհետացած են հսկայական գումարներ։ Պաշտօնապէս յայտարարուած է, որ Միացեալ Նահանգներ աւելի քան 10 միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է Փաքիստանին, այս գումարին աւելի քան 80 առ հարիւրը, այսինքն՝ շուրջ 8 միլիառ տոլար գացած է բանակային կարիքներու հոգացման։ Արդիւնքը՝ սպասուածին հակառակն է եղած… (արեւմտեան քարոզչական մեքենան կը խուսափի չարաշահութիւն, կաշառակերութիւն, փտածութիւն եւ նման որակումներ գործածելէ Մուշարրաֆի իշխանութեան մարդոց հասցէին)։
Նախագահը, որ նաեւ բանակին հրամանատարն է, արեւմտեան յենարանները օգտագործած է իր դիրքը ամրապնդելու համար։ Թէեւ նախորդ ընտրութիւններուն ալ խոստացած էր հրաժարիլ բանակի հրամանատարի դիրքէն, սակայն ան մինչեւ օրս կը պահէ այդ դիրքը ու աւելին, զայն կ՚օգտագործէ բռնատիրութիւն զարգացնելու։
Վերջին ամիսներուն, մէկէ աւելի ուշագրաւ դէպքեր պատահեցան Փաքիստանի մէջ, որոնք կայծ տուին բողոքի հնոցին։ 1999ին, Մուշարրաֆի կազմակերպած պետական հարուածին հետեւանքով տապալած Նաուազ Շարիֆ՝ նախկին վարչապետը, փորձեց Փաքիստան վերադառնալ եւ մասնակից ըլլալ յառաջիկայ (խոստացուած) ընտրական արշաւներուն։ Փաքիստանի սեմէն՝ օդակայանէն, ան աքսորավայր վերադարձուեցաւ։ Աւելի ուշ, Փաքիստան վերադարձաւ այլ ընդդիմադիր մը՝ նախկին վարչապետ Պենազիր Պութօ. ան «դիմաւորուեցաւ» ռմբային գործողութեամբ մը. ժամանումէն քանի մը ժամ ետք, անոր ինքնաշարժին ճամբուն վրայ պայթեցաւ ական մը, որ խլեց շուրջ 130 զոհ։ Մեղադրանքի մատները ուղղուեցան զինուորականներուն։ Նախ ըսուեցաւ, որ Պութօ յատուկ առաքելութեամբ վերադարձած է երկիր. անոր խոստում տրուած է իշխանութեան բաժնեկցութիւն։ Այս հեքիաթն ալ շուտով ցնդեցաւ եւ Պութօ միացաւ ընդդիմադիրներու ցուցական ելոյթներուն, ի վերջոյ յայտարարելու համար, թէ իշխանութեան բաժնեկցութեան նպատակով հաղորդակցութիւնները կը խզէ Մուշարրաֆի հետ։ Ան ինկաւ տնային կալանքի տակ առնուելու եւ ազատ արձակուելու «մուկ ու կատուի խաղ»ի մը մէջ։
Գագաթնային յիշեալ դէմքերուն նկատմամբ այս բռնարարքներուն նախօրեակին, Մուշարրաֆ իր դէմ հանած էր երկրին արդարութեան իշխանութիւնները։ Նախկին վարչապետներուն վերադարձէն շատ առաջ, ամառը, Մուշարրաֆ պաշտօնանկ ըրաւ երկրի գերագոյն ատեանի նախագահը, որ դարձած էր իր մենատիրական կամայականութեանց մէկ սուր քննադատը։ Այս քայլը վառեց այլ պատռոյգ մը ու նախագահին դէմ հանեց իրաւաբանները, որոնք հրապարակ ելան արիւնալի ցոյցերով. կատարուեցան ձերբակալութիւններ (երեւակայել, որ մեր աշխարհին մէջ կայ Փաքիստան անունով երկիր մը, ուր իրաւաբաններ ժողովրդավարութեան ու արդարութեան համար պատրաստ են ցոյցի ելլելու իրենց կամայական նախագահին դէմ, իրենց ազատութիւնն ու կեանքը խնդրոյ առարկայ դարձնելու գնով. ի՜նչ տհասութիւն, ի՜նչ նախնական մտածողութիւն…)։
Ստիպողական վիճակի հաստատումէն օգտուելով, Մուշարրաֆ ձեռնարկեց իր ընդդիմախօսներուն լուծարքին։ Բազմաթիւ իրաւաբաններ, տարբեր մակարդակի ատեաններու դատաւորներ ձերբակալուեցան ու պաշտօնազուրկ եղան, փոխարինուեցան նախագահին սիրելի ու անոր կամքին ենթարկուելու պատրաստ անձերով։ Այս բոլորը կատարուեցան «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի» նշանախօսքին տակ։
Ստիպողական վիճակի հաստատումէն շաբաթ մը ետք, տարօրինակ բեմադրութիւն մը ծայր տուաւ. Մուշարրաֆի վրայ ճնշումները բարձրացան, մինչեւ անգամ անոր վերջնագիրներ ուղղուեցան, բարձրացնելով ենթադրութիւններու այն սակարանը, թէ Մուշարրաֆ ի վերջոյ անփոխարինելի չէ, կարելի է մարդոց աչքին փոշի ցանել, Մուշարրաֆ մը փոխարինել ու նոյն խաղը շարունակել։
Բեմագրութեան միւս երեսն ալ հետեւեալն է. վաղը, Մուշարրաֆ կրնայ յարգել իր տուած խոստումը եւ կազմակերպել ընտրութիւններ։ Կրնան խորհրդարան հասնիլ ու կառավարութեան անդամ նշանակուիլ մարդիկ, որոնք այժմու նախագահին կամակատարները ըլլան, ու այս բոլորը՝ ժողովրդավարութեան խորագիրին տակ։ Ի վերջոյ, նման պայմաններու մէջ դժուա՞ր է ընտրութիւններու արդիւնքը կեղծել։ Նախընթացներուն ականատես չե՞նք այլ երկիրներու մէջ։ Ո՞վ հոգ պիտի ընէ նման բեմադրութեան մը մասին, երբ անդին, հորիզոնին վրայ կ՚ուրուագծուի «Փաքիստանի հիւլէական զէնքերը կրնան անբաղձալի ընդդիմադիրներւո ձեռքը անցնիլ» սպառնալիքները…
Անկէ ետք, ո՛չ Ուաշինկթըն, ոչ ալ սպառնական դիրք բռնած այլ դաշնակիցները «բարակը պիտի մանեն»։ Պիտի չըսուի, օրինակ, որ Մուշարրաֆ Սատտամ Հիւսէյնի պէս բռնատէր մըն է. պիտի չըսուի նաեւ, որ Փաքիստան զանգուածային սպանդի զէնքեր ունի, հետեւաբար պէտք է միլիառներ ծախսել ու գրաւել զայն։ Ինչպէ՞ս կ՚ուզէք, որ Ուաշինկթըն (նաեւ այլ դաշնակիցներ) յանդգնի այդ բառերը գործածել հիւլէական զէնք ունեցող դաշնակի՜ց Փաքիստանին դէմ, երբ չկրցաւ թիւ 106 մը պարտադրել հիւլէական զէնք չունեցող այլ դաշնակիցի մը՝ ժողովրդավարութիւն բեմադրող Թուրքիոյ դէմ. եւ… ի՜նչ զուգադիպութիւն. նախագահ Պուշ Մուշարրաֆի հանդէպ իր առաջին զայրոյթը կ՚արտայայտէր Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք։
Իմաստուն բռնատէր-մենատէրի մասին դրական արտայայտութիւններ եղած են պատմութեան մէջ։ Հիմա կարելի է աւելցնել. եթէ բռնատէրը դաշնակից է, ի՜նչ փոյթ. կեցցե՛ն բռնատէրները։