Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 26 Օգոստոսին յայտարարեց, որ «Թելեկրամ» ընկերային ցանցի հիմնադիր Փաւել Տուրովի ձերբակալութիւնը քաղաքական նպատակ չի հետապնդեր:
«Ֆրանսայի մէջ «Թելեկրամ»ի հիմնադիրին ձերբակալութիւնը իրականացուած է շարունակուող հետաքննութեան ծիրին մէջ: Ասիկա ոչ մէկ պարագայի քաղաքական որոշում է: Որոշումը պէտք է կայացնեն դատաւորները», գրեց Մաքրոն:
Ֆրանսական «Թէ.Էֆ.1» եւ «Պէ.Էֆ.Էմ.» պատկերասփիւռի կայանները 25 Օգոստոսին հաղորդեցին, որ Փարիզի «Պուրժէ» օդակայանին մէջ ձերբակալուած է «Թելեկրամ» հիմնադիր, ռուս միլիառատէր Փաւել Տուրովը: Ան անձնական օդանաւով կնոջ եւ թիկնապահներու ընկերակցութեամբ Ատրպէյճանէն հասած էր Փարիզ:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ Տուրով կը մեղադրուի թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան, երեխաներու նկատմամբ յանցագործութիւններու եւ խարդախութեան նպաստելու յանցանքներով, որովհետեւ «Թելեկրամ»ը մերժած է համագործակցիլ իրաւապահներուն հետ: Ան կրնայ մինչեւ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:
39 տարեկան Տուրով 2021էն ի վեր Ֆրանսայի քաղաքացի է:
Յուլիս 2024ի տուեալներով՝ «Թելեկրամ»ը ունի աւելի քան 950 միլիոն ամսական գործօն օգտատէր:
«Թելեկրամ»ը՝ անդրադառնալով անոր ձերբակալութեան, նշեց, որ ընկերութեան գործադիր տնօրէնը գաղտնի պահելիք ոչինչ ունի, պնդելով, որ ցանցին գործունէութիւնը կը համապատասխանէ Եւրոպական Միութեան օրէնքներուն, որոնց կարգին՝ թուային ծառայութիւններու մասին օրէնքին: