ՖՐԵԶՆՕ.- Չարլի Քէյեան Համագաղութային Հայ վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ աշակերտները գեղարուեստական յայտագիրով մը պիտի մասնակցի 28 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6ին սկսող եւ Սանթիկեաններու խաղողի այգիին մէջ տեղի ունենալիք «Փրփուր»ի աւանդական արարողութեան։
Սանթիկեանները տարեկան աւանդութեան վերածած են իրենց այգիին մէջ (4527 South Highland Avenue, Del Rey, CA 93616) կազմակերպուող «Փրփուր»ի արարողութիւնը։
Տեղեր ապահովելու կամ հովանաւորութեան առիթներու ծանօթանալու համար այցելել www.ckacsevents.org կայքը։