
Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Ուրուկուէյ բարեկամական խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեան ընդունեց Ուրուկուէյէն Հայաստան այցելող պատուիրակութիւնը:
Հանդիպում ունենալով պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Անա Օլիվերայի եւ փոխնախագահ Փետրօ Խիստոնեանի հետ՝ Իշխան Սաղաթէլեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ուրուկուէյի գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններուն` Հայաստանի համար շատ զգայուն հարցերուն մէջ անոնց մնայուն առարկայական գնահատականին եւ վերաբերումին համար:
Ան բարձր գնահատեց տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող Հայաստան-Ուրուկուէյ բարեկամական յարաբերութիւնները եւ նշեց, որ զանոնք զարգացնելու մեծ ներուժ կայ: Այս պարունակին մէջ, Սաղաթէլեան կարեւոր նկատեց Ուրուկուէյի մէջ հայ համայնքին դերակատարութիւնը, որ, ըստ անոր, կրնայ յաւելեալ կամուրջ եւ խթան հանդիսանալ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման:
Օլիվերա եւ հայկական արմատներով Խիստոնեան կարեւոր նկատեցին հայ համայնքին դերակատարութիւնը Ուրուկուէյի հանրային-քաղաքական կեանքին մէջ, ընդգծեցին անոր միասնականութիւնը եւ դրական գնահատեցին երկու երկիրներուն մէջ դեսպանութիւններու բացումը:
Սաղաթէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը 6 Ապրիլ 1965ին պաշտօնապէս ճանչցած ու դատապարտած առաջին երկրի ներկայացուցիչներուն, խօսեցաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն ու Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող թշնամական քաղաքականութեան մասին:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ 2023ին Արցախի հայ բնակչութեան նկատմամբ գործադրուած ցեղային զտման քաղաքականութեան` Սաղաթէլեան նշեց, որ մինչեւ այսօր Պաքուի բանտերուն մէջ կը գտնուին տասնեակ հայ ռազմագերիներ, իսկ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն մէջ` Ատրպէյճանի զօրքեր: «Չնայած խաղաղութեան մասին յայտարարութիւններին` ակնյայտ է, որ Ադրբեջանը հակուած չէ խաղաղութեան եւ նոր պահանջներ է ներկայացնում Հայաստանին», ըսաւ ան:
Կարեւոր նկատուեցաւ բարեկամ երկիրներու կողմէ յստակ եւ հասցէական գնահատականներու դրսեւորումը, ինչպէս նաեւ հնարաւոր խողովակներով եւ միջոցներով հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու համար քայլերու իրականացումը:
«Եթէ 2020 թուականին` պատերազմի ժամանակ, միջազգային հանրութիւնը ճիշդ եւ հասցէական գնահատականներ տար Ադրբեջանի գործողութիւններին, դա առնուազն կը զսպէր նրա հետագայ քայլերն ու գործողութիւնները, որոնք շարունակուել են պատերազմից յետոյ եւ շարունակւում են մինչ օրս», հաստատեց Սաղաթէլեան:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: