Ամերիկեան Ազգային ապահովութեան գործակալութիւնը Դեկտեմբերի սկիզբը հրապարակ եկաւ շռնդալից յայտարարութեամբ մը. 16 գաղտնի սպասարկութիւններ մէկտեղող գործակալութիւնը յայտարարեց, որ իր քննութիւններուն արդիւնքը կը հաստատէ, թէ Իրան չորս տարի առաջ, 2003ին, վերջ տուած էր իւրանիոմի հարստացման իր ծրագիրներուն ու դադրեցուցած՝ այն աշխատանքները, որոնք զինք կրնային առաջնորդել կորիզային զէնքերու արտադրութեան։ Գործակալութեան բանբերը նշեց, թէ կարելի է հաստատել նաեւ, որ Իրան չէ վերականգնած այդ ծրագիրը։ Այլ խօսքով, առաջին անգամ ըլլալով, ամերիկեան ապահովութեան ամէնէն հեղինակաւոր խմբակը կու գար «անպարտութեան վկայական» տալու Իրանի, որ Այաթոլլա Խոմէյնիի օրերէն ի վեր, կը հանդիսանայ Ուաշինկթընի ու անոր տեսակէտները կրկնողներուն «թնդանօթներուն» գլխաւոր թիրախներէն մէկը. Հիւսիսային Քորէան, իր կարգին, քանի մը ամիս առաջ ստացաւ նմանօրինակ վկայական մը…
Այս «ռումբին պայթումը» նպաստաւոր չեղաւ Սպիտակ տան վերին խաւին համար, որ երկար ատենէ ի վեր կը թմբկահարէ, թէ Իրաքի չէզոքացումէն ետք, հիմա Իրանն է Միացեալ Նահանգներուն, աշխարհի ու Ծոցի շրջանի իր դրացիներուն, մասնաւորաբար Իսրայէլի վտանգ սպառնացողը։ Քանի մը շաբաթ առաջ, նախագահ Ճորճ Պուշ մինչեւ անգամ աշխարհը զգուշացուցած էր «իրանեան սպառնալիք»էն, նշելով, որ եթէ Թեհրանի այս ընթացքին սանձ չդրուի, Երրորդ աշխարահամարտը կրնայ սկսիլ Միջին Արեւելքէն։ Ո՛չ ոք հարցուց, թէ Փաքիստանի մը, Հնդկաստանի մը կամ Իսրայէլի մը կորիզային զինապահեստը ինչո՞ւ աշխարհը պիտի չառաջնորդէ աշխարհամարտի, իսկ Իրանի հեռակայ ծրագիրը այդպէս պիտի ընէ։ Այսուամենայնիւ, Պուշի յայտարարութիւնը քաղաքական մարդոց ու մեկնաբաններու յիշեցուց այն բեմագրութիւնը, որ կիրարկուած էր Իրաքի վրայ յարձակման նախօրեակին, երբ նախագահ, նախարարներ ու բարձրագոյն կարգի պետական այլ անձնաւորութիւններ ամերիկացի ժողովուրդը սարսափի մատնեցին, ըսելով, որ Իրաք կորիզային զէնքեր ունի եւ թէ՝ ո՛ւր որ է, Նիւ Եորքի կամ ամերիկեան այլ քաղաքի մը վերեւ պիտի երեւի սնկաձեւ ծուխ մը )այսինքն՝ հիւլէական ռումբ մը պիտի պայթի(։ Ու մարդիկ փութացին քուէարկելու Իրաքի վրայ յարձակման ծրագիրին, որ 50 միլիառ տոլարի փոխարէն, արդէն բազմահարիւր, հաւանաբար նաեւ աւելի քան մէկ թրիլիոն տոլարի հասնող ծախսերու դուռ բացած է, նոյնքան շահ ապահովելով պետական մարդոց ետին կանգնող ընկերութիւններուն…։
«ՄԵՆՔ ՁԵԶԻ ՉԷԻ՞ՆՔ ԸՍԱԾ»
Հիւլէական զէնքերու հսկողութեան ՄԱԿի յանձնախումբը եղաւ առաջին հակազդողներէն։ Անոր բանբերը՝ Մոհամմէտ Պարատէյ, «մենք ձեզի չէի՞նք ըսած»ի ոճով յիշեցուց աշխարհին, թէ իր խմբակը ամիսներ շարունակ կրկնած ու կրկնած էր, թէ Իրան կորիզային զէնքերու ծրագիր չի հետապնդեր. ի դէպ, Պարատէյի խմբակը նոյնը ըսած էր Իրաքի վրայ ծանօթ յարձակման նախօրեակին, բայց լսող ականջներ չէր գտած։ Հիմա, նոյնինքն ամերիկեան պաշտօնական գործակալութիւն մը կու գար բացայայտելու Ուաշինկթընի վրան-բաց քաղաքականութիւնը։
Անդին, Իրան իբրեւ կարեւոր յաղթանակ ողջունեց Սպիտակ տունը սուտ հանող այս հաստատումը, յիշեցնելով, որ ինք եւս երկար ատենէ ի վեր հաւաստիք կու տար, թէ պաշտօնական Ուաշինկթընի ամբաստանութիւններն ու վերագրումները անհիմն էին, թէ՝ կորիզային ուժանիւթի իրանեան ծրագիրները խաղաղ նպատակներու համար են։ Զուգահեռաբար, Պէյժինկէն ու Մոսկուայէն նշաններ ցոլացին, թէ ՄԱԿի մէջ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու ամերիկեան հաւանական բանաձեւերը դժուարութիւններու պիտի բախին, մանաւանդ, որ ներկայիս ի զօրու եղող պատժամիջոցները լայն խախտումներու ենթակայ են արդէն։
«ԹՌԻ ԷԼ ԷԾ Է»
Ապահովութեան գործակալութեան վերոյիշեալ հաստատումէն քանի մը օր ետք, նախագահ Պուշ ափ ի բերան ձգեց թէ՛ ամերիկեան քաղաքական բեմը եւ թէ միջազգային շրջանակները, յայտարարելով, որ Իրանը գործնապէս անպարտ արձակող հաւաստիքը իրականութենէն ոչինչ փոխած է, թէ՝ միջազգային ընտանիքը պէտք է շարունակէ Իրանը սանձահարող միջոցառումներու որոնումը։ Ան շուտով համախոհ մը գտաւ Գերմանիոյ մէջ. վարչապետ Մերքէլ փութաց կրկնելու Պուշի զգուշացման կոչը, Իրանը որակելով աշխարհի խաղաղութեան սպառնացող վտանգ։ Այլ ձայնակցողներու սպասումը անպատասխան պիտի չմնայ։
Անմիջապէս արձանագրենք երկու «անկապ» իրադարձութիւններ, ձգելով, որ մեր ընթերցողը կատարէ անոնց միջեւ բաց կէտերու միացումը. առաջինը՝ Աւստրալիոյ մէջ, Պուշի ամէնէն վստահելի գործակիցներէն՝ վարչապետ Ճոն Հաուըրտը պարտութեան մատնած եւ 3 Դեկտեմբերին երկրին ղեկը ստանձնած Քեւին Ռուտի այն յայտարարութիւնն էր, թէ ի մօտոյ պիտի սկսի Իրաքէն հեռացնել աւստրալիական ուժերը )Բրիտանիոյ նորընտիր վարչապետն ալ իր ուժերը տուն վերադարձնելու պիտի ձեռնարկէ շուտով(, իսկ երկրորդը՝ Իսրայէլ-պաղեստինեան գիծին վրայ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին «արդիւնքն» էր, երբ Պուշ վարչապետ Էհուտ Օլմերթէն ու նախագահ Մահմուտ Ապպասէն խոստում առաւ, որ մինչեւ մէկ տարի )այսինքն Պուշի պաշտօնավարութեան աւարտի նախօրեակը( համաձայնութիւն պիտի գոյացնեն վիճելի ու առկախ մնացած հարցերուն շուրջ։ «Համաս» միակ թերահաւատը չէր…
Պուշի վերոյիշեալ զգուշացումներուն կրկնութիւնը թողուցին այն տպաւորութիւնը, թէ Սպիտակ տան պետը կը հետեւի անգլերէն հետեւեալ ասացուցքին տրամաբանութեան. Tell a lie and stick to it, այսինքն, սուտ մը նետէ ու կառչէ անոր (միչեւ որ հաւատացողներ գտնես)։
Հայկական մօտաւոր տարբերակը կ՚ըսէ. «Թռի էլ էծ է»։
ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԵԱՆ ԾԱՒԱԼԸ
Իրանի մասին ապահովութեան սպասարկութիւններուն «անհաճոյ» բացայայտումէն քանի մը օր ետք, խարանող այլ լուրեր հրապարակ եկան։ Յիշեալ սպասարկութեանց աղբիւրները բացայայտեցին, թէ իրենց այս եզրակացութիւնը նորութիւն չէ, թէ իրենց երկարատեւ հետապնդումներն ու տեղեկութեանց հաւաքագրումը շուրջ տարի մը առաջ զիրենք արդէն իսկ հասցուցած էին Իրանը անպարտ նկատող եզրակացութեան, սակայն Սպիտակ տան բարձրագոյն պատասխանատուները, յատկապէս փոխնախագահ Տիք Չէյնի արգելակած էին հրապարակումը։ Նոյն շրջանակները չծածկեցին իրենց ծիծաղը ի լուր նախագահ Պուշի այն հաւաստիքին, թէ ինք միայն երկու շաբաթ առաջ ունեցած է Իրանի կորիզային զէնքերու ծրագիրին կասեցման վերաբերող տեղեկութիւնները։ )Եթէ ճշմարիտ է՝ յանցաւոր մի փնտռէք(։
Այս բոլորը ի յայտ կը բերեն գայթակղութիւն մը, որուն ծաւալին մասին կարելի է ենթադրութիւններ ընել ու սպասել, որ յառաջիկայ շաբաթները նոր լոյս սփռեն անոր ծալքերուն վրայ։ Ի դէպ, այս զարգացումը կը սեպուի գործադիր իշխանութեան ու գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ լուռ մրցակցութեան նորագոյն դրսեւորումը. նախորդներուն շարքին էին Վալերի Փլէյմի ու Ճոն Քլարքի «տագնապները»։
Մինչ այդ, սակայն, Իրանի դէմ Սպիտակ տան ու անոր համախոհներուն արշաւին գոնէ վերջին մէկ տարուան փուլը աչքի առջեւ ունենալով, դժուար չէ մէկ քանի հետեւութիւններու հասնիլ։ Արձանագրենք մէկ քանին։
Իրանի դէմ սահմանափակ կամ լայնածաւալ յարձակումի մը մասին քարոզչութիւնը ծառայեց քանի մը նպատակներու. առաջին հերթին, առանց մեծ աղմուկի, լայն բացուեցան զէնքի շուկաներուն դուռները։
Քանի մը ամիս առաջ, Իրանի դէմ քարոզչութիւնը իւրայատուկ գագաթնակէտ մը նուաճեց, երբ ՄԱԿի ընթացիկ նստաշրջանին մասնակցելու համար այս ափերը ժամանած Իրանի նախագահը նշաւակ դարձաւ վարկաբեկումի ու վերագրումներու այնպիսի արշաւի մը, որ առ նուազն ամօթալի էր զայն շղթայազերծող քաղաքակիրթ որեւէ երկրի համար։ Նոյն օրերուն, լրատու պաստառները ողողուեցան լուսանկարներովը իրանեան այնպիսի կեդրոններու, որոնք իբրեւ թէ կորիզային զէնքերու արտադրութեան կեդրոններ էին, նման այն պատկերներուն, որոնց ականատես եղած էինք Իրաքի վրայ յարձակումին նախօրեակին, երբ խօսուած էր մինչեւ անգամ շարժական գործարաններու մասին. աւելի ուշ ի յայտ եկած էր թէ այդ «տեղեկագիրները» պատրաստուած էին Ուաշինկթընի կողմէ վճարուող իրաքցի գործակալներու կողմէ։
ՔԱՐԻՒՂԻ ԳՈՐԾՕՆԸ
Եթէ շահաբեր որոշ զարգացումներ մնացին մեծ լուսարձակներէ հեռու, քարիւղի շուկային վրայ արձանագրուած զարգացումները քօղարկելի չէին։
Նոյն այս ժանամակամիջոցին է, որ քարիւղի սակերը արագ ոստումներ արձանագրեցին. օգտագործուած գլխաւոր խաղաքարտն էր «իրանեան սպառնալիք»ը. անոր մէկ լուսանցքին վրայ օգտագործուեցաւ ՕՓԷՔի «չար շահամոլներուն ընչաքաղցութեան» խաղաքարտն ալ. անշուշտ որ ՕՓԷՔի անդամ երկիրները չէին կրնան առարկել նաե՛ւ զիրենք աներեւակայելի հարստութիւններու հասցնող՝ սակի բարձրացումներուն, հետեւաբար, միայն լուռ դժգոհութեամբ կ՚ընկալէին այն ամբաստանութիւնները, թէ իրենք են քարիւղի սակի ոստոստումներուն ետին կանգնողները։ Մինչդեռ շատերուն ծանօթ է, որ ՕՓԷՔը խորքին մէջ ի վերուստ տրուած հրահանգներու հետեւող-գործադրող է տարիներէ ի վեր, բուն որոշումները կը տրուին քարիւղի ընկերութեանց հսկաներուն կողմէ, որոնք քանի մը ամիսը անգամ մը աշխարհին կը ներկայանան իրենց ապահոված յարաճուն՝ բազմամիլիառ տոլարի շահերուն յոխորտանքով…։
Գաղտնիք չէ նաեւ այն, թէ ո՛վ կը վճարէ այդ շահերու սնտուկին. կը բաւէ ամէն օր ակնարկ մը նետել վառելանիւթի սակացոյցին վրայ, երբ ինքնաշարժով անցնինք կայաններու առջեւէն։ Յոգնեցուցիչ պիտի չըլլայ յիշել, որ Իրաքի վրայ ամերիկեան յարձակումի նախօրեակին, տակառ մը քարիւղի սակը 25 տոլարի սահմանները կը քերէր, մինչդեռ նորագոյն բացայայտումին նախօրեակին, անիկա շոյեց 100 տոլարի սահմանը, իսկ նախագահ Պուշ կարճ ատեն մը առաջ «աւետած» էր, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ «ստիպուած ըլլայ» յարձակելու Իրանի վրայ, քարիւղի սակերը կրնան բազմապատկուիլ )ո՞վ պիտի ուրախանայ նման բարձրացումէ, ո՞վ պիտի նեղանայ՝ նոյնպէս յստակ է(։
Առայժմ շշուկով կ՚ըսուի, թէ Իրանի մասին բացայայտումը այս հանգրուանին «արտօնելու» Սպիտակ տան վարիչներուն ընթացքին ետին պէտք է փնտռել գլխաւորաբար ընտրական նպատակներ, որոնց տարբեր արտայայտութիւնները կ՚արձանագրուին իրաքեան ու աֆղանական ռազմադաշտերուն վրայ։ Ի վերջոյ, ամերիկեան ընտրական մեքենան իւղոտուած է ու պատրաստ՝ իր յառաջիկայ վազքին համար իբրեւ վառելանիւթ օգտագործելու որեւէ երկիր, տագնապ ու առիթ, հաւատալով, որ տարբեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու վիճակուած ողբերգութիւնները պատկերասփիւռ դիտողներու մեծամասնութեան կողմէ պիտի ընկալուին իբրեւ շարժապատկերի ժապաւէն, ուր մեռնողները կեանքի կը վերադառնան նկարչական մեքենային գործէ դադրեցումէն ետք, դարձեալ հերոսանալու կամ սպաննուելու համար այլ ժապաւէնի մը մէջ։